ՎՃՌԱԿԱՄ ՈՒ ՊԱՂԱՐԻՒՆ
Ուաշինկթընէ 24 Ապրիլին հնչած յայտարարութեան լոյսին տակ Անգարա կոչ կ՚ուղղէ ետ կանգնիլ սխալ քայլէն. «Յունիսի մեր ժամադրութեան ընթացքին այս հարցերը երես առ երես պիտի արժեւորենք ու կը հաւատամ, թէ նոր շրջանի մը դուռը պիտի բանանք։ Մենք պատրաստ ենք բոլորին հետ խօսելու ամէն գետնի վրայ»:
Էրտողան. «Հայ հասարակութեան հետ որեւէ հարց չունինք»:
Ազգային մեծ ժողովը կը պատրաստուի հակազդել Սպիտակ տան պատգամին: Ճօ Պայտընի քայլը կը շարունակէ բնորոշել Թուրքիոյ օրակարգը: Ամերիկեան հիւպատոսարանին առջեւ բողոքի ցոյց:
Պատրիարքական Աթոռը այս օրերուն հրատարակած է յատկանշական գիրք մը, որ ոգեկոչման մատեան մըն է։ Աթոռի նախորդ գահակալին՝ երանաշնորհ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի յիշատակին ձօնուած է սոյն հատորը։
Երեւանի ղեկավարութիւնը պաշտօնապէս արձագանգեց Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի կողմէ 24 Ապրիլին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքին ուղարկուած նամակին, որու բովանդակութեան մէջ պատրաստակամութիւն յայտնուած է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու հաստատման ուղղութեամբ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ յայտարարեց, որ Երեւան նկատած է այդ յայտարարութիւնը, սակայն կը նախընտրէ գործնական քայլեր տեսնել Անգարայէն։
Փութին եւ Մաքրոն հեռախօսազրոյցի ընթացքին անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին:
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ յառաջիկայ շրջանին Թուրքիոյ մէջ ամբողջական սահմանափակումներ պիտի հաստատուին։ Նկատի ունենալով, որ մասնակի սահմանափակումները ակնկալուած արդիւնքը չեն տուած համաճարակի ծաւալման թափը կասեցնելու առումով, պետական մարմինները անխուսափելիօրէն նոր արժեւորումներու ձեռնարկած են։
Լիբանանի Երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի նախարար Վարդինէ Օհանեան, որ վերջին օրերուն Հայաստան այցելեց՝ որպէս նախագահ Միշել Աունի յատուկ ներկայացուցիչը, երէկ բարձր մակարդակի վրայ շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Այս ծիրէն ներս ան հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ։
Լիթվայի Արտաքին գործոց նախարար Կապրիէլիուս Լանտսպերկիս երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան, ուր Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեցին հիւր նախարարը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն եւ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան արդէն ընդունեց կառավարութեան հրաժարականը։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին Ապրիլի 24-ի առթիւ հրապարակեց պատգամ մը։ Իր յայտարարութիւնը այս տարի ալ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքին հասցէագրուած ուղերձի մը ձեւաչափին մէջ էր։ Նախագահ Էրտողան դրական մօտեցումներ արտայայտած եւ հաշտ ապագայի մը ձգտումը ընդգծած է այս պատգամին մէջ, որու թրքերէն բնագիրը կը ներկայացնենք ստորեւ։
Այս տարուայ Ապրիլի 24-ին Սպիտակ տունէն կատարուած յայտարարութիւնը հայկական հարցին տեսակէտէ նոր վիճակ մը ստեղծեց միջազգային բեմահարթակի վրայ: Նախագահ Ճօ Պայտընի պատգամին մէջ 1915-ի դէպքերը որակուեցան ցեղասպանութիւն, ինչ որ գտաւ շատ լայն արձագանգ: