ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԻՖԹԱՐ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ այսօր մայրաքաղաք Անգարա հրաւիրուած են Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու ներկայացուցիչները։ Նախագահ Էրտողանի տանտիրութեամբ անոնց համար իֆթարի սեղան մը նախատեսուած է Պեշթեփէի համալիրէն ներս։
Նախագահ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Սելման թագաւորին հետ:
Հայաստանի մէջ յետպատերազմեան տագնապի պայմաններուն ներքեւ զօրավար Օննիկ Գասպարեանի վիճելի ձեւով ընդհանուր սպայակոյտի նախագահի պաշտօնէն ազատուելուն արձագանգները կը շարունակուին։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնները յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ անել կացութեան մատնուած էին Օննիկ Գասպարեանի կողմէ կատարուած յայտարարութիւններով, որոնք բացայայտօրէն ի ցոյց կը դնէին թերացումները։
Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան նախագահ Մարթին Գալստեան յայտարարեց, որ կանխատեսումներու բաղդատմամբ աւելի դրական զարգացման միտումներ կը նկատուին երկրի տնտեսութեան մէջ։ Ան երէկ Երեւանի մէջ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով, որոնց ընթացքին տեղեկացուց, թէ Կեդրոնական դրամատան կանխատեսումներով՝ 12 ամսուայ գնաճը կարճաժամկէտ արագացումէ վերջ աստիճանաբար պիտի նուազի եւ պիտի կայունանայ չորս տոկոսի ցուցանիշին շուրջ։
Հայկական երգահանութեան արուեստի 12-րդ փառատօնի բացման առթիւ հանդիսաւոր համերգ:
Ատրպէյճանի բանակը երէկ թրքական «Bayraktar» հարուածային անօդաչու թռչող սարքերով ռազմափորձեր իրականացուց։ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հրապարակեցին այդ զօրավարժութիւններուն վերաբերեալ դրուագներ։
Առանձնութիւնը կը բարձրացնէ ալցայմըրի հիւանդութեան զարգացման հաւանականութիւնը։ Այսպէս, գիտնականները պարզած են, որ միջին տարիքի մէջ (45-64 տարեկան) մշտական առանձնութիւնը կրնայ բարձրացնել աւելի ուշ տարիքի մէջ տեմանսի ու ալցայմըրի հիւանդութեան զարգացման հաւանականութիւնը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ստեղծուած է թռչող բաճկոն՝ լեցուած հելիումով։ Այսպէս, ամերիկացի Էնտրու Քոսթմըն նորարարութեամբ հանդէս եկած է՝ ներկայացնելով փչովի եւ թռչող բաճկոն մը, որ միակն է իր տեսակին մէջ, կը գրէ «Luxury Launches» պարբերականը:
Տարուայ ցուրտ եղանակներուն մարդու մարմինը կ՚ենթարկուի բազմաթիւ բացասական գործօններու ազդեցութեան, որոնց շարքին կը դասուի ցուրտ եղանակը եւ սթրեսի բարձր մակարդակը։ Նման բացասական ազդեցութեան հետեւանքներէն խուսափելու համար հարկաւոր է տարուայ տաք եղանակներուն ընդառաջ անպայման միջոցներ ձեռնարկել մարմնի ուժերը վերականգնելու համար։
Աշխարհահռչակ դերասանուհի Փենելոփէ Քրուզ յայտնուած է սպանական «In Style» ամսագրի նոր համարի կողքին վրայ։ Այսպէս, յայտնի սպանացի դերասանուհի Փենելոփէ Քրուզ, որ կը նշէ իր 48-ամեակը, դարձած է սպանական «In Style» ամսագրի նոր համարի դէմքը։