ԻՇԽԱՆԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՅԵՏՀԱՇՈՒԱՐԿ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հանրահաւաքի պատգամ. «Պարտութեան դէմքը չի կրնար արդիւնաւէտ բանակցիլ։ Հնարաւոր չէ բանակցիլ, եթէ չորեքթաթ կը շարժիս, եթէ ծունկերուդ վրայ կանգնած ես»:
Ռոպերթ Քոչարեան. «Հայաստան այսօր երկիր մըն է, որ չի կարողանար սեփական ուժերով պաշտպանել իր սահմանները, իր բնակչութեան անվտանգութիւնը։ Արցախի ապագան մշուշոտ է»:
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը կը շարունակէ պահանջուած մնալ։ Սերկէյ Լաւրով Պաքու կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։
Անգարա սկսած է պատրաստուիլ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի միջեւ նախատեսուած հանդիպման, որ տեղի պիտի ունենայ ՆԱԹՕ-ի՝ Պրիւքսելի մօտալուտ գագաթաժողովի ծիրէն ներս։ Նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն այս հանդիպման ընդառաջ յայտարարութիւններ ըրաւ Թուրքիոյ հիմնական ակնկալութիւններուն շուրջ, որոնք Էրտողան-Պայտըն հանդիպման ընթացքին սեղանի վրայ պիտի գտնուին։
«Հայաստան» դաշինքը արտահերթ ընտրութեան ընդառաջ առաջնահերթութիւն դարձուցած է Սիւնիքը:
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով աշխատանքային այցելութեան մը ձեռնարկած է դէպի Պաքու։ Ռուս նախարարին ուղեւորութիւնը սկսաւ երէկ եւ առաջին իսկ փուլին ան ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։
Հայաստանի Հանրապետութեան 7-րդ գումարման Ազգային ժողովը երէկ լուծարուեցաւ իրաւունքի ուժով:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարը եւ ընդհանուր քարտուղարը բարձր գնահատեցին ՄԱԿ-ի զանազան մասնագիտական կառոյցներուն եւ Հայաստանի միջեւ հաստատուած արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը։
Անգարա այս շրջանին իրերայաջորդ դիւանագիտական նախաձեռնութիւններով հանդէս կու գայ՝ Մերձաւոր Արեւելքի տարածքաշրջանէն ներս իր յարաբերութիւններուն նոր կենսունակութիւն մը ապահովելու առաջադրութեամբ։ Թուրքիա-Եգիպտոս առանցքին վրայ վերջերս արձանագրուած զարգացումներուն զուգահեռ, սոյն նախաձեռնութիւնները կու գան համալրուիլ Սէուտական Արաբիոյ ուղղեալ քայլերով։
Հայաստանի ղեկավարութիւնը վաղը պիտի հիւրընկալէ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլին, որ պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Երեւան։ Ղարիպաշվիլիի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը պիտի ընդունուի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։
Շուշիի մէջ գործած պատմական հայկական հինգ տպարաններու բեղուն արտադրութեան հետքերով: