Լրահոս

ԲԱՆԱԼԻ ԵՐԿԻՐ

Անգարա տարածքաշրջանային համընդգրկուն գործակցութեան առումով կարեւորութիւն կ՚ընծայէ Թիֆլիզին:
Նախագահ Էրտողան հիւրընկալեց Վրաստանի վարչապետ Ղարիպաշվիլին, որ պաշտօնական այց մը տուաւ Թուրքիա:

ԷՐՏՈՂԱՆԻ ԵՒ ՊԱՅՏԸՆԻ ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ԸՆԴԱՌԱՋ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան կը պատրաստուի 14 յունիսին տեսակցիլ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ։ Գագաթնային այս հանդիպման ընդառաջ, ներկայիս Անգարա զանազան մակարդակներու վրայ պատգամներ կը հասցէագրէ Ուաշինկթընին։

ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿՈՒ ՏԱՅ ԹՈՒՐՔԻԱ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ՝ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թուրքիա։ Վարչապետի պաշտօնին կոչուելէ վերջ առաջին անգամ Անգարա կը փութայ Իրակլի Ղարիպաշվիլի, որ Պեշթեփէի համալիրէն ներս պաշտօնական արարողութիւնով կը դիմաւորուի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ։

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԱՍՏԻՃԱՆԱԲԱՐ ԿԸ ՄԵՂՄԱՑՈՒԻՆ ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԻ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿՈՎ ՊԱՅՄԱՆԱՒՈՐՈՒԱԾ ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿՈՒՄՆԵՐԸ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ այս օրուան դրութեամբ Թուրքիոյ մէջ կը հաստատուի նոր դրութիւն մը։ Երէկ, Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ կառավարութեան հերթական նիստը՝ գլխաւորութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի։

ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, երկու նախարարները տակաւին քանի մը օր առաջ Մոսկուայի մէջ կարեւոր բանակցութիւններ վարած էին՝ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ Հայաստանի սահմաններուն դէմ կատարուած ոտնձգութիւններով պայմանաւորուած ծանր իրավիճակին մէջ։

ԵՒՐՈՊԱՀԱՅԵՐՈՒ ԱՌՑԱՆՑ ԺՈՂՈՎ

Փրակի «Օրեր» ամսագիրը հաղորդեց, որ պուլկարահայ գործարար Արթուր Յովհաննիսեան վերընտրուած է Եւրոպայի հայերու միութեան նախագահ։ Մայիսի 30-ին տեղի ունեցած է այս միութեան խորհուրդի ժողովը՝ առցանց դրութեամբ։

Էջեր