ՖԱՀՐԵՏՏԻՆ ԱԼԹՈՒՆ. «ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊՆԴՈՒՄԸ ԶՐՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸՆ Է, ՈՐ ԿԸ ՍՆՈՒԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՇՈՒԱՐԿՆԵՐՈՎ»

Հանրապետութեան նախագահութեան առընթեր Հաղորդակցութեան բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած՝ 1915 թուականի դէպքերու վերաբերեալ միջազգային խորհրդաժողովին ժամանակ, 24 Ապրիլի սեմին հերթական անգամ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հնչեցին Անգարայի տեսակէտները հայկական հարցին շուրջ։
Համաշխարհային օրուան գագաթաժողովը առցանց հարթակի վրայ պիտի մէկտեղէ ղեկավարներ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան երէկ շարունակեցին իրենց շփումները Սիւնիքի մարզէն՝ մասնաւորապէս սահմանակից գիւղերէն ներս։ Գորիսի, Մեղրիի, Շուռնուխի եւ այլ խնդրայարոյց կէտերու վրայ Արմէն Սարգսեան եւ Արման Թաթոյեան խորհրդակցութիւններ ունեցան տեղական պատասխանատուներու հետ, նաեւ լսեցին բնակիչները։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու հերթական անգամ Ապրիլի 24-ի ընդառաջ անդրադարձաւ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ պատգամին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հաւանականութեան։ «Եթէ ԱՄՆ կը փափաքի յարաբերութիւնները վատթարացնել, ապա որոշումը իրենն է», ըսաւ Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ աւելցուց, որ այդ քայլը վնաս պիտի հասցնէ ՆԱԹՕ-ի գծով դաշնակից երկու երկիրներու՝ առանց այդ ալ լարուած յարաբերութիւններուն։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ) Արտաքին գործոց ու միջազգային համագործակցութեան նախարար Ապտուլլահ պին Զայիտ էլ Նահեանի հետ։
Կառավարութեան կազմին մէջ երէկ կատարուեցան փոփոխութիւններ։ Սա թէ՛ Նախարարաց խորհուրդի կառուցուածքին եւ թէ կազմին վերաբերեալ փոփոխութիւն մըն է։
55 եւ աւելի բարձր տարիքով քաղաքացիներուն կողմէ կը ցուցաբերուի աննախընթաց զգայնութիւն:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Շէնգաւիթի պեղումները միտուած են տաճարական համալիրի բացայայտման։ Այսպէս, Շէնգաւիթ վաղ պրոնզէ դարու հնավայր-յուշարձանին մէջ 2021 թուականի սեպտեմբերին կամ հոկտեմբերին պեղումներ պիտի իրականացուին:
Ճազի միջազգային օրը հայազգի ճազի արուեստագէտները ելոյթ կ՚ունենան Սիրահարներու այգիէն ներս։ Այսպէս, Ճազի միջազգային օրը՝ ապրիլի 30-ին, համերգներ կը կազմակերպուին Երեւանի Սիրահարներու այգիին մէջ: