ԱՆԶՍՊԵԼԻ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի միացեալ ընդդիմութեան կողմէ կազմակերպուած ցոյցերը օրակարգը կը բնորոշեն յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ:
«Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը վարչապետ Փաշինեանի հրաժարականին հետամուտ կը մնայ՝ քաղաքացիական անհնազանդութեան զանազան դրսեւորումներով:
Չավուշօղլու. «Թուրքիա համարժէք պատասխան պիտի տայ Հայաստանի իւրաքանչիւր դրական քայլին»:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան յայտարարեց, որ Երեւան յանձնառու է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացի վերսկսման, սակայն Պաքուի կողմէ խաղաղութեան տեսակէտէ նպաստաւոր միջավայրի մը ձեւաւորման ուղղութեամբ նախադրեալներ տակաւին նկատելի չեն։
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտնեց, որ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հաստատումը կախեալ է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւններու աւարտին ստեղծուած իրավիճակի ճիշդ գնահատականէն։ Իր խօսքով՝ Ատրպէյճան վերականգնած է միջազգային իրաւունքը, գործնական նոր իրողութիւններ ստեղծուած են տարածքաշրջանի եւ աշխարհի մէջ։
Յետպատերազմեան իրավիճակով պայմանաւորուած աղիտալի ու տագնապալի պայմաններուն ներքեւ Հայասատանի մէջ ներքին քաղաքական պայքարը կը շարունակուի։ Ընդդիմութեան շարքերը կ՚ամրապնդուին՝ մինչ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջը հետզհետէ աւելի համատարած բնոյթ մը կը ստանայ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան յայտարարեց, որ Կիւմրիի ռուսական ռազմախարիսխի մէկ մասը կրնայ տեղակայուիլ երկրի արեւելեան ուղղութեամբ։
Վրաստանի մէջ ձեւաւորուեցաւ նոր կառավարութիւն մը, որու գլուխը կը գտնուի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի։ Երկրին մէջ մօտաւոր անցեալին տեղի ունեցան ընտրութիւններ, որոնց արդիւնքի հիման վրայ կազմուած կառավարութիւնը չկրցաւ գոյատեւել։
Անգարայի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Թիւրքմենիստանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմանի հանդիպումը։ Սա այս ձեւաչափով հերթական ժողովն է, որու ծիրէն ներս Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու կը հիւրընկալէ իր պաշտօնակիցները՝ Ճէյհուն Պայրամովը (Ատրպէյճան) եւ Ռաշիտ Մերետովը (Թիւրքմենիստան)։