ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԷՄ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան՝ Տուշանպէի մէջ կազմակերպուած ՀԱՊԿ-ի ժողովին ժամանակ անդրադարձաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին յայտարարութեան, ըստ որու Պաքու «Զանգեզուրի միջանցքը» պիտի բանայ անկախ Երեւանի համաձայնութենէն։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կը պատրաստուի իրերայաջորդ աշխատանքային այցելութիւններ տալ դէպի Հայաստան եւ Ատրպէյճան։ 5-6 մայիսին Սերկէյ Լաւրով շփումներ պիտի ունենայ Երեւանի, իսկ 10-11 մայիսին՝ Պաքուի մէջ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Ուաշինկթընի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Պլինքըն-Ալիեւ զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկած է նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ 24 Ապրիլին հրապարակուած պատգամը։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ միշտ կը տիրէ լարուածութիւն եւ կը պատահին մտահոգիչ դէպքեր:
Երեւանի մէջ այս առաւօտ ծագեցաւ հրդեհ մը։ Դէպքը տեղի ունեցաւ այն փապուղիին մէջ, որ մայրաքաղաքի կեդրոնը կը միացնէ Հրազդան գետի կիրճին։
Հայաստանի «Միրզոյեան» պատանի յօրինողներու ամենամեայ մրցոյթը տեղի կ՚ունենայ յառաջիկայ մայիսին։ Հայաստանի Յօրինողներու միութեան նախաձեռնութեամբ մայիսի 10-13 թուականներու միջեւ տեղի կ՚ունենայ մեծանուն յօրինող, Խորհրդային Միութեան ժողովրդական արուեստագէտ Եդուարդ Միրզոյեանի անուան ձօնուած պատանի յօրինողներու ամենամեայ մրցոյթը, որ այս տարի կ՚իրականացուի 8-րդ անգամ:
Մեծն Բրիտանիոյ մայրաքաղաքը՝ Լոնտոնի մէջ կառուցուած է երկու բնակելի շէնքերը իրարու միացնող 35 մեթր բարձրութեամբ լողաւազան մը։ Այսպէս, Լոնտոնի յայտնի թաղամասերէն մէկուն մէջ կառուցուած է լողաւազան մը, որ կը գտնուի երկու նոր բնակելի շէնքի միջեւ՝ 35 մեթր բարձրութեան վրայ։
Գումգաբուէն կատարուած վերջին հրապարակումները բանավէճի մը ծնունդ տուին ERVAB-ի հարթակին վրայ ու զուգահեռաբար ջուրի երես ելան Ամենապատիւ Ս. Պատրիարք Հօր եւ Պետրոս Շիրինօղլուի միջեւ առկայ տարակարծութիւնները՝ թրքահայ իրականութեան հրատապ հարցերու լուծման հեռանկարներուն շուրջ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն յայտարարեց, որ նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ 1915 թուականի դէպքերուն՝ որպէս Հայոց ցեղասպանութիւն որակուիլը անակնկալ պէտք չէ համարուի։ Ըստ իրեն, 24 Ապրիլին Սպիտակ տան կողմէ հրապարակուած պատգամին նպատակը Թուրքիան մեղադրելը չէ եղած։
Ազգային մեծ ժողովը երէկուան քննարկումներով կոչ ուղղեց, որպէսզի Ճօ Պայտըն ետ առնէ իր խօսքը: