ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԱՐԽԻՒՆԵՐԸ
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտարարեց, որ 1915-ի դէպքերուն շուրջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները պէտք է քննէ սեփական արխիւը։ Ապրիլի 24-ի ընդառաջ ԱՄՆ-ի մէջ հայկական լոպին թափ տուած է աշխատանքին՝ որպէսզի նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտըն համապատասխան պատգամին մէջ օգտագործէ ցեղասպանութիւն եզրոյթը։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ երեկոյեան Վատուցի մէջ 1-0 հաշուով յաղթանակ տօնեց Լիխթենշթայնի դէմ։ Այսպէսով հայկական ընտրանին յաղթանակով սկսաւ՝ 2022 թուականի ֆութպոլի աշխարհի առաջնութեան որակաւորման փուլի խաղերուն, «J» խմբակին մէջ։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Աւելի քան 45 վայրկեան տեւեց այս տեսակցութիւնը, որու ընթացքին արծարծուեցան այն բոլոր խնդիրները, որոնք ներկայ դրութեամբ կը զբաղեցնեն թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու օրակարգը։
ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու երէկուան ժողովը՝ Պրիւքսելի մէջ:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան եւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին քննարկեցին տարածքաշրջանի ռազմաքաղաքական իրադրութիւնը։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ունեցան հանդիպում մը, որու ընթացքին քննարկեցին երկրէն ներս ստեղծուած իրավիճակը։ Անոնք կանգ առին ներքին քաղաքական մթնոլորտի բարելաւման ուղղեալ անհրաժեշտ քայլերու իրականացման վրայ։
Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան կոչ ուղղեց ընթացք տալ ընդդիմութեան առաջարկին:
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Փեքինի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարար Վան Իի հետ։ Երկու նախարարները սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին յայտարարուեցաւ, որ Մոսկուա եւ Փեքին կը մերժեն աշխարհաքաղաքական խաղերն ու միակողմանի ապօրինի պատժամիջոցները, որոնք հետզհետէ աւելի կ՚օգտագործուին արեւմտեան երկիրներուն կողմէ։
SCHNELLER բազմակողմանի ձեւով կը ներկայացնէ յետպատերազմեան ծանր վիճակը:
Իսթանպուլի 14-րդ Պատժական ատեանը արձակեց իր վճիռը՝ ընկերային ցանցերու աստղ Մուրատ Էօվիւչի դէմ բացուած դատին շուրջ։ Իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ Մուրատ Էօվիւչի դէմ դատ բացած էր անոր կողմէ ընկերային ցանցերու վրայ կատարուած հրապարակումի մը բերումով։