Լրահոս

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԵՄ-ԷՆ ՀԻՒՐ

Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի նախընթաց օր այցելեց Երեւան, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ան ընդունուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ։

ՍՈՒՐԻՈՅ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ՄՏԱՀՈԳԻՉ ՎԱՐԿԱԾՆԵՐԸ ՕՐԱԿԱՐԳԻ ՎՐԱՅ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ Սուրիոյ ճգնաժամի պայմաններուն ներքեւ հաւանական ամենավատ վարկածը կ՚ըլլայ, եթէ Թուրքիա այդ երկրի տարածքէն ներս ռազմական գործողութիւններու սկսի ռուսական բանակին դէմ։

ՃԱԿԱՏԱԳՐԱՅԻՆ ՈՐՈՆՈՒՄ

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր բարձր նախագահութեամբ, երէկ Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ համայնքային լայնախարիսխ խորհրդակցութիւն մը, որուն մասնակցեցան Կրօնական ժողովի անդամները, մեր գրեթէ բոլոր հաստատութիւններուն ատենապետները, նաեւ որպէս դիտորդ՝ մամլոյ ներկայացուցիչները:
Նորին Ամենապատուութիւնը կը ձգտի աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ ստեղծել կեդրոնական սեղան մը, որ աշխատանքային խումբի մը ձեւաչափով պիտի գործէ՝ զօրակցութեան, հակակշռման եւ իրերօգնութեան առաջնահերթութիւններով՝ նախապայմաններ առաջ քշելու փոխարէն առաջարկներ յղանալու դրական մօտեցումով:
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը իտէալներով կառավարելու ուղղեալ նախաձեռնութիւնը կը միաւորէ հոգեւոր եւ աշխարհական ղեկավարութիւնները՝ համընդգրկուն սկզբունքով:

Ս. Փ. ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆԸ ՆԵՐԿԱՅԻՍ 4 ՇԻՆԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՅԱՌԱՋ ԿԸ ՏԱՆԻ ԻՍԹԻՔԼԱԼ ՊՈՂՈՏԱՅԻ ՎՐԱՅ

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու երէկուան համայնքային խորհրդակցութեան ընթացքին հանդէս եկաւ կարեւոր յայտարարութիւնով մը։ Ան ուշագրաւ բացատրութիւններ տուաւ Ազգային հիւանդանոցի ելմտական այժմու վիճակին շուրջ։

ԹՐՔԱԿԱՆ ՈՒ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՆ ԱՌԱՆՑ ՇՕՇԱՓԵԼԻ ԱՐԴԻՒՆՔԻ

Սուրիոյ տագնապի ամբողջին մէջ Իտլիպի իրադարձութիւնները կը շարունակեն հրատապ մնալ։ Երէկ, Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի պատուիրակութիւնները աւարտեցին իրենց Մոսկուայի բանակցութիւնները, որոնց ընթացքին կեդրոնացան Իտլիպի իրադարձութիւններուն վրայ։

ՕՍՄԱՆ ՔԱՒԱԼԱ ԿԵԶԻԻ ԴԱՏԷՆ ԱՆՊԱՐՏ ԱՐՁԱԿՈՒԵՑԱՒ, ՍԱԿԱՅՆ ԴԱՐՁԵԱԼ ՀՍԿՈՂՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ ԱՌՆՈՒԵՑԱՒ

«Կեզի» զբօսայգիի դէպքերու դատավարութեան 7-րդ փուլը երէկ տեղի ունեցաւ Սիլիվրիի մէջ։ Դատակազմը յանգեցաւ այն եզրակացութեան, թէ մեղադրեալներու պարագային գոյութիւն չունի իրաւունքի համապատասխան շօշափելի ու վերջնական ապացոյց մը։

ԱՐԺԱՆԻ ԱՇԽԱՏՈՒԹԻՒՆ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Անտարէս» հրատարակչութեան կողմէ ուշագրաւ նախաձեռնութիւն. «Թերթապատում. 1910-1911 թուականներու մամուլի անդրադարձները Կոմիտաս Վարդապետի մասին»:
Գրքին մէջ լայն տեղ տրամադրուած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի այդ տարիներու հրապարակումներուն՝ լրատուական նիւթերով եւ ծաւալուն հեղինակային յօդուածներով հանդերձ։ Թերթիս հիմնադիր Միսաք Գօչունեան (Քասիմ) եւ մեծ երաժիշտը եղած են մտերիմներ։
Գործի հեղինակը Արմինէ Գրիգորեան եւ խմբագիրը՝ Գուրգէն Գասպարեան կը պատրաստուին յառաջիկային պատրաստել նոր հատորներ եւս, որոնք պիտի կազմեն ամբողջ մը՝ լուրջ գիտական արժէքով։

ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խորհրդակցութեան հրաւիրած՝ Կրօնական ժողովն ու մեր հաստատութիւններու ատենապետները:
Նորին Ամենապատուութիւնը եւ Պետրոս Շիրինօղլու երէկ տեսակցելով ընդհանուր արժեւորում մը ըրին այսօրուան հանդիպման ընդառաջ:

ԱՆԸՆԴՀԱՏ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Թէ՛ սեղանի շուրջ եւ թէ դաշտի վրայ Անգարա եւ Մոսկուա մշտական կապի մէջ կը մնան Իտլիպի կացութեան համար:
Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի մասնակցութեամբ նոր գագաթաժողով մը կազմակերպելու ուղղութեամբ նախապատրաստութիւններ:

 

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԱՄԼՈՅ ՆՈՐ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ ՀԱՄԱՐ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԸՆԹԱՑՔԻ ՄԷՋ

Համահայկական մամլոյ համաժողովի նոր փուլը կազմակերպելու առաջադրութեամբ վերջերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ժողով մը։ Այսպէս, համահայկական մամլոյ համաժողովի կազմակերպման աշխատանքային խումբը կատարած է ընդհանուր արժեւորում մը։

Էջեր