ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԶՕՐԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը այս շրջանին իրերայաջորդ համատեղ զօրավարժութիւններ կ՚իրականացնեն։ Ապրիլի 6-8-ին երկու բանակները զօրավարժութիւններ իրականացուցին՝ կապի զօրքերու մասնակցութեամբ։
Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը այս շրջանին իրերայաջորդ համատեղ զօրավարժութիւններ կ՚իրականացնեն։ Ապրիլի 6-8-ին երկու բանակները զօրավարժութիւններ իրականացուցին՝ կապի զօրքերու մասնակցութեամբ։
Մինչ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն մէջ նոր գործընթաց մը կը սկսի, Յունական Կիպրոսի ղեկավար Նիքոս Անասթասիատիս երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով, որոնք մտահոգութիւն ստեղծեցին դրական սպասումներուն տեսակէտէ։ Երբ ԵՄ կը ձգտի Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները զարգացնել, Նիքոս Անասթասիատիս յայտնեց, որ Յունական Կիպրոս կրնայ վեթոյի իրաւունքը օգտագործել Մաքսային միութեան համաձայնութեան այժմէականացման դէմ։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Սփիւռքը հիմա ինչպէ՞ս կը վերաբերուի Հայաստանին՝ պատերազմի մէջ պարտուելէ յետոյ։ Տարբեր ձեւով։ Եթէ խօսքը 1990-ականներէն ի վեր Հայաստանէն մեկնածներու մասին է, ապա անոնց մէկ մասը գացած է նաեւ այն պատճառով, որ փափաքած է որքան հնարաւոր է արագ մոռնալ Հայաստանի եւ իր հայ ըլլալու մասին։
Ամերիկահայ աշխարհահռչակ հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեան առաջին անգամ ընդգրկուեցաւ «Forbes» հանդէսին կողմէ պատրաստուած աշխարհի միլիառատէրներու ցանկին։ 40-ամեայ Քիմ Քարտաշեանի կարողութիւնը գնահատուած է 1 միլիառ ամերիկեան տոլար։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Նոր օրակարգ մը կը բացուի Հայաստանի մէջ։ Խօսքը, անշուշտ, արտահերթ ընտրութիւններու մասին է, որ դանդաղ, բայց հաստատ քայլերով պիտի վերածուի քաղաքական իրավիճակը վերահունաւորելիք գործընթացի մը։
«Զարգացման յառած օրակարգով կ՚երկարենք մեր ձեռքը։ Վերջին ամիսներու դրական իրադարձութիւնները պէտք է շարունակուին»:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Պեշթեփէի մէջ հիւրընկալեց Շարլ Միշելը եւ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյէնը:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր Մոսկուայի մէջ ժամադրուած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Քրեմլինի պալատին մէջ նախատեսուած տեսակցութեան ընդառաջ Փաշինեան հարցազրոյցներ տուաւ ռուսական զանազան լրատուամիջոցներու։
Անգարայի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ կարեւոր գագաթաժողով մը։ Մեկնաբանները՝ Պեշթեփէի մէջ նախատեսուած այս կարեւոր ժամադրութիւնը կ՚որակեն Թուրքիա-Եւրոմիութիւն բնականոնացման գագաթաժողով։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան կը հիւրընկալէ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելը եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյէնը։
Փաշինեան Փութինի հետ վաղուայ ժամադրութեան ընդառաջ հարցազրոյց մը տուաւ «Ինթերֆաքս»ին:
«Սահմանը միակողմանիօրէն փակուած էր դեռ 1993-ին։ Տարածքաշրջանէ ներս կայուն խաղաղութեան եւ տնտեսական հեռանկարի վերականգնման համար անհրաժեշտ է, որ Թուրքիան փոխէ իր ակրեսիւ քաղաքականութիւնը Հայաստանի դէմ»:
«Իշխանութիւններուն համար աւելի դիւրին էր ամէն ինչ յանձնել՝ քան ծանր որոշում մը առնել»:
Ռոպերթ Քոչարեան Նիկոլ Փաշինեանը ամբաստանեց պատերազմի ժամանակ պատասխանատուութենէ խուսափելով: