Լրահոս

ՏԱՐԱԾՔԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Շուէտի Արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէ այսօր ուղեւորութեան մը ձեռնարկած է դէպի Հարաւային Կովկաս։ Ան նախապէս յայտարարած էր, որ պիտի այցելէ Պաքու եւ Երեւան՝ խորհրդակցելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն եւ իր յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկի հետ։

ՎԱՂԸ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՆՇՈՒԻ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐԻ ՍՏՈՐԱԳՐՄԱՆ 100-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Անգարայի մէջ վաղը պիտի նշուի Մոսկուայի պայմանագրի ստորագրման 100-ամեայ յոբելեանը։ 16 մարտ 1921 թուականին Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ ստորագրուած կարեւոր փաստաթուղթ մըն է այս մէկը։

ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԽԱՐԻՍԽԸ

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Հասարակական-քաղաքական զարգացումներուն, իմ կարծիքով, պէտք է նայիլ ո՛չ թէ այն տեսանկիւնէն, թէ ո՛ր գործիչը այսօր կամ վաղը պիտի նստի այս կամ այն աթոռին վրայ, այլ ինչ մարտահրաւէրներ կանգնած են մեր երկրին առջեւ եւ անոնք ինչպէս կը լուծուին։ Թէ չէ՝ մեր հայրենակիցներու մեծ մասը կը ղեկավարուի սկզբունքով ու նախապաշարումով՝ «այս մէկը կը սիրեմ, միւսը չեմ սիրեր» եւ ըստ այդմ, «սա՛ պիտի նստի գահուն վրայ», «չէ՛, ա՛յս մէկը»։

ԱՐՄԱՆ ԹԱԹՈՅԵԱՆ ՄԱԿ-Ի ՄԱՐԴՈՒ ԻՐԱՒԱՆՑ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԴԻՄԵԼՈՒ ԲԱՑԱՌԻԿ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՆԵՑԱՒ

ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդի 46-րդ նստաշրջանին հրապարակուեցաւ Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեանի յատուկ ձեւաչափով տեսաուղերձը։ Նման հնարաւորութիւն կ՚ունենան բացառապէս A միջազգային կարգավիճակով օժտուած մարդու իրաւանց ազգային հաստատութիւնները։

ՎԵՐԱՀԱՍ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ

Հայաստանի առկայ ճգնաժամային իրավիճակին մէջ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան հանդէս եկաւ հերթական խորհրդածութիւնով։ Ինչպէս ծանօթ է, ան վերջին օրերուն իրերայաջորդ յայտարարութիւններով հանդէս կու գայ՝ թէժ իրավիճակով պայմանաւորուած։

ՆԵՐԳՐԱՒՄԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

Թուրքիա, Ատրպէյճան եւ Վրաստան կը ջանան բացուիլ դէպի Կեդրոնական Ասիոյ տարածքաշրջան:
«Անգարա կ՚աշ­խա­տի կար­գա­ւո­րե­լու հա­մար այն տագ­նապ­նե­րը, ո­րոնք կը սպառ­նան տա­րած­քաշր­ջա­նին՝ նե­րա­ռեալ Կով­կա­սը»:

ԿՐՕՆ, ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը վերջերս կազմակերպեց առցանց գիտաժողով մը՝ «Կրօն, կրթութիւն եւ խաղաղութիւն» վերնագրով։ Հեռավար այս գիտական ձեռնարկի կազմակերպման ուղղութեամբ Հայկազեանի հետ համագործակցած էր՝ Մինէսոթայի Սենթ Ճոնզ համալսարանի «Ճէյ Ֆիլիփս» միջհաւատքային ուսուցման կեդրոնը։

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Կ՚ՈՐՈՆԵՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ) Արտաքին գործոց եւ միջազգային համագործակցութեան նախարար Ապտուլլահ պին Զաիտ էլ Նահեանի հետ։ Այվազեան, որ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ ԱՄԷ, իր պաշտօնակցին հետ հանդիպման ժամանակ վերահաստատեց Հայաստանի մտադրութիւնը՝ առաւել խորացնելու ուղղութեամբ երկկողմանի յարաբերութիւնները։

Էջեր