ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊԻՆ ԿՈՂՄԷ ՊԱՏՈՒԱՍՏԻ ՀԱՄԱՐ ԿՈՉ
Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը բոլորին կոչ ուղղեց, որպէսզի անպայման պատուաստուին քորոնաժահրի դէմ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Սրբազան Քահանայապետը մարդկութեան ուղղեալ կոչին մէջ շեշտեց, որ միայն պատուաստումը վերջ կրնայ տալ համաճարակին։
«Նահանջի տեղ չունինք: Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը անխախտելի է: Մենք չենք կրնար թոյլ տալ, որ մեր տարածքէն նոյնիսկ մէկ սանթիմ զիջինք: Եկէ՛ք, խօսինք մեր սահմանները պահելու, ուժեղացնելու մասին: Ես չեմ ըսեր, թէ մենք պէտք է պատերազմ հրահրենք: Հազարումէկ եղանակներ կան այդ հարցերը լուծելու եւ կարգաւորելու համար: Բայց այդ մէկը ընելու համար անհրաժեշտ է վերականգնել մեր անվտանգութեան համակարգը, որ վերջին պատերազմէն ետք ամբողջութեամբ քանդուած է»:
Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան փոխ-նախարար Ահմէտ Միսպահ Տեմիրճան երէկ այցելեց Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցին։ Ինչպէս ծանօթ է, Տեմիրճան աւելի առաջ երկար տարիներ Պէյօղլուի քաղաքապետի պաշտօնը վարած էր։
Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս այս առաւօտ դռնփակ նիստ մը տեղի ունեցաւ՝ երկրի սահմաններուն վրայ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը այս շրջանին հետզհետէ կ՚աճի՝ խլելով նաեւ զոհեր։
Հայաստանի Լեզուի կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Կիւրճինեան վերջերս Երեւանի մէջ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց «Արմէնփրէս»ի սրահի երդիքին տակ։ Այս առթիւ ան բացատրութիւններ տուաւ ընթացիկ տարուայ առաջին եօթ ամիսներու տուեալներու լոյսին տակ Հայաստանի լեզուի մասին օրէնքի խախտումներուն շուրջ։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կոչ ուղղեց, որպէսզի բեռնափոխադրումներով զբաղող ռուսական ընկերութիւնները ուշադրութեան առարկայ դարձնեն Լեռնային Ղարաբաղի տարանցիկ ներուժը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «ԹԱՍՍ» ռուսական գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ ռուս նախարարը մէկտեղուած է այդ ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ընդունուեցաւ Հաթայի կուսակալին եւ գլխաւոր քաղաքապետին կողմէ:
Խնդրայարոյց տրամաբանութիւն. այն ինչ որ ընդունելի է Ատրպէյճանի համար, հանդուրժելի եւ թոյլատրելի չէ Հայաստանի պարագային: