ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՄԻՇՏ ԽՈՒԼ
«Փաշինեան պատերազմը այնպիսի պահու մը մէջ կանգնեցուց, որ ունեցանք ամենածանր կորուստը։ Հեռանալու ժամանակ ալ այդպէս պիտի ընէ։ Այնպիսի պահու մը մէջ պիտի երթայ, որ պիտի բերէ ամենամեծ վնասը։ Սա իր բնաւորութիւնն է»։
Հայաստանի մէջ քաղաքական անելը կը խորանայ՝ դառնալով նաեւ միջազգային լրատուամիջոցներու ուշադրութեան առարկայ։ Երէկուան նման այսօր եւս «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը յայտարարած է գործադուլ եւ դասադուլ, քաղաքացիական անհնազանդութիւններն ալ կը շարունակուին։ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակը դարձած է ընդդիմութեան պայքարի սիրտը։ Կառավարութեան շէնքը կը վերահսկուի իրաւապահ մարմիններու կողմէ, գործնականօրէն շրջափակուած։
Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչի պաշտօնավարութեան երկամեայ ժամանակաշրջանը լրանալու վրայ է։ Կը տեղեկանանք, որ երեքշաբթի՝ 29 դեկտեմբերին նախատեսուած է փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչի ընտրութիւն, որով յայտնի պիտի դառնայ յառաջիկայ շրջանին պաշտօնավարելիք անձը։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին անդրադարձան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Քրեմլինի աղբիւրներու հաղորդումներով, Փութին եւ Մաքրոն քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի կարգաւորման հարցը։ Անոնք հանգամանօրէն կանգ առին Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ տիրող իրավիճակին վրայ։
Ազգային Պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ յայտարարութիւններ ըրաւ Թուրքիա-Ռուսաստան համատեղ մշտադիտարկման կեդրոնին շուրջ, որ պիտի վերահսկէ Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարը։ Արդէն վերջին շրջանին յայտնի դարձած էր, որ Աղտամի մէջ պիտի ստեղծուի այդ համատեղ ռազմակայանը։
Իրանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է՝ արտօնեալ առեւտուրի պայմանագրի մը կնքման ուղղութեամբ։ Թեհրանի եւ Պաքուի իշխանութիւններուն միջեւ ներկայիս բանակցութիւններ կ՚ընթանան այս կապակցութեամբ։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման զուգահեռ արտասովոր իրադարձութիւնները կը շարունակուին։ Հայկական քաղաքական աշխարհի ուշադրութիւնը առաջնահերթօրէն կեդրոնացած կը մնայ այս հարցին վրայ։
Հայաստանի ներքին քաղաքական տագնապը կ՚ունենայ հետզհետէ աւելի արտառոց դրսեւորումներ։ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի ծանր հետեւանքները կառավարութեան դէմ աննկարագրելի պոռթկումի մը պատճառ դարձած են։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած իշխանութիւններու հրաժարականը համատարած պահանջի մը վերածուած է ամբողջ երկրէն, նաեւ հայաշխարհէն ներս։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ իր երկրի խաղաղապահները դարձած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անվտանգութեան երաշխաւոր։ «Անոնք կը վտանգեն իրենց կեանքը, որպէսզի վերահաստատուի տեղւոյն խաղաղ կեանքը», ըսաւ Փութին։
«Էտիթ Փրինթ» հրատարակչութիւնը նախաձեռնած է նոր՝ «Սփիւռք» մատենաշարը, որու իւրաքանչիւր գիրքին մէջ կը ներկայացուին արեւմտահայ եւ սփիւռքի գրողներու լաւագոյն ստեղծագործութիւնները։ Անոնցմէ շատեր մինչ այս առանձին գիրքերով չեն ներկայացուած, իսկ որոշներն ալ տպագրուած են միայն մամուլին մէջ։