ԵՐԷԿ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԹԻՐԱԽԱՒՈՐՈՒԵՑԱՒ
Լեռնային Ղարաբաղի ռազմաճակատի բոլոր ուղղութիւններով մարտերը կը շարունակուին։ Այս առաւօտ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրները հաղորդեցին, որ երէկ գիշերուայ տեւողութեան հակամարտութեան գօտիէն ներս պահպանուած է յարաբերաբար կայուն-լարուած իրավիճակը։
«Եւրոպայի լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով նախընթաց օր տեղի ունեցան բազմաթիւ ֆութպոլի հանդիպումներ: Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող այս հանգրուանին, իր կարգին մրցում կատարեց նաեւ, Ա. խմբակէն «Ա. Սէ. Ռոմա», որ Զուիցերիոյ մէջ հիւրը եղաւ «Եանկ Պոյզ»ին:
«ՖԻՖԱ»ն հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն միջազգային նոր դասաւորումը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, շարունակեց մնալ 101-րդ դիրքին վրայ:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան եւ պետական աւագանիէն բազմաթիւ դէմքեր մասնակցեցան նորոգ հանգուցեալ երեսփոխանի փառաշուք յուղարկաւորութեան:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Փարիզ։ Էլիզէի պալատին մէջ ան հիւրընկալուեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի կողմէ։
Էրտողան ամոլը յուղարկաւորութեան ընթացքին սփոփեց լուսահոգի պատգամաւորի ընտանիքը:
Փոքր տարիքէն տնային գործեր կատարելը կարեւոր է ոչ միայն տունը կոկիկ պահելու, այլեւ երեխայի եւ դեռահասներու անձնական յատկանիշներու ձեւաւորման համար։ Այնուամենայնիւ, աշխարհի որոշ մասերու մէջ տնային գործերը տակաւին կը համարեն կնոջ պարտականութիւն, որու հետեւանքով որոշ տղամարդիկ չեն փափաքիր կամ նոյնիսկ չեն կրնար տարրական տնային գործեր կատարել, կը գրէ «Bored Panda» կայքէջը։
Պոթիչելլիի 550 տարեկան կտաւը կը հանուի աճուրդի։ Այսպէս, միջազգային խոշորագոյն Sotheby՚s աճուրդի տունը 80 միլիոն տոլարով աճուրդի կը հանէ Վերածնունդի վաղ շրջանի իտալացի գեղանկարիչ Սանտրօ Պոթիչելլիի կտաւը։
Գերմանիոյ մէջ 1500 տարի առաջ ապրած գերմանացի լորտի դամբարան մը յայտնաբերուած է։ Այսպէս, Գերմանիոյ Սաքսոնիա-Անհալթ մարզին մէջ 1500 տարի առաջ ապրած գերմանացի լորտի կամ իշխանի գերեզման յայտնաբերուած է, կը գրէ «Daily Mail» պարբերականը։