ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ
Findhorn Park-ի մէջ, Սկովտիա, 27-րդ անգամ կազմակերպուած ձեռնարկը լայն արձագանգ ստեղծեց:
Հայկական ժողովրդական պարերու եւ երաժշտութեան ձօնուած յայտագիրը անմիջական ուշադրութեան արժանացաւ:
Findhorn Park-ի մէջ, Սկովտիա, 27-րդ անգամ կազմակերպուած ձեռնարկը լայն արձագանգ ստեղծեց:
Հայկական ժողովրդական պարերու եւ երաժշտութեան ձօնուած յայտագիրը անմիջական ուշադրութեան արժանացաւ:
Տիգրան Մինասեան դարձած է Եւրոպայի Ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեան։ Հայաստանի ներկայացուցիչ Տիգրան Մինասեան նուաճեց Իտալիոյ մայրաքաղաքը՝ Հռոմի մէջ սկսած յունահռոմէական ըմբշամարտի Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեանի կոչումը:
Սպանիոյ արքայական ընտանիքը ներկայ գտնուած է յայտնի ջութակահար Արա Մալիքեանի համերգին։ Օգոստոս 1-ին, Մայորքայի մէջ հանգստացող Սպանիոյ արքայական ընտանիքի անդամները ներկայ գտնուած են հայազգի տաղանդաւոր ջութակահար Արա Մալիքեանի համերգին:
Ծիրանի արտահանումը, նախորդ տարուան համեմատ աւելցած է 78 տոկոսով։ Այս մասին, նախընթաց օր, կառավարութեան յարկին տակ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Հայաստանի Գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեան։
Հայաստանի կառավարութեան որոշումով՝ ներդրումային ծրագիրի ծիրէն ներս՝ Կիւմրիի մէջ գործող «Լենտեքս» ՍՊԸ-ն պիտի օգտուի աւելցուած արժէքի հարկի գումարներու վճարման ժամկէտը երեք տարիով յետաձգելու արտօնութենէն:
Պասքեթպոլի տղոց Հայաստանի ազգային հաւաքականը պիտի չմասնակցի «Եւրոպասքեթ-2021»ի նախընտրական փուլին: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի պասքեթպոլի դաշնակցութիւնը:
60-ական թուականներու ամենացանկայարոյց դերասանուհին Պրիժիտ Պարտօ վերջերս այցելեց Էլիզէի պալատը, ուր զինք դիմաւորեց Ֆրանսայի Առաջին տիկին Պրիժիտ Մաքրոն:
Համահայկական 8-րդ կրթական խորհրդաժողովը Երեւանի մէջ համախմբած է 24 երկրէ 120 կրթական մշակ, որոնց խօսք ուղղեց Արայիկ Յարութիւնեան:
Քառօրեայ ծրագիրը կը նախատեսէ դաստիարակչական հարցերու շուրջ բազմակողմանի քննարկումներ, որոնց կը մասնակցին նաեւ պոլսահայ ներկայացուցիչներ:
Թուրքիա-ԱՄՆ առկայ լարուած մթնոլորտի պայմաններով կարեւոր շփում:
Նախարարներ Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Մայք Փոմփէօ որոշեցին շարունակել երկխօսութիւնը:
Հայաստան-Թուրքիա սահմանին վրայ ձերբակալուեցաւ սահմանախախտ մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի ռուս սահմանապահ զօրքերը ձերբակալեցին սահմանը խախտած անձ մը, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացի է։ Այս վերջինը ձերբակալուած է Կիւմրիի սահմանապահ ջոկատի տեսադաշտին մէջ՝ ճարտարագիտական-թեքնիկ միջոցները յաղթահարել փորձելու ժամանակ։