Լրահոս

ՊԸՐՊԵՆՔԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան վերջերս հիւրընկալեց Կլենտէյլի «Էտվէնթիստ» բժշկական կեդրոնի նոր նախագահ Ալիս Ալիզային։ Պըրպենքի առաջնորդարանի դիւանի հաղորդումներով, Ալիս Ալիզայիին ընկերացան իրաւաբան Արսէն Դանիէլեան, որ յիշեալ առողջապահական կեդրոնի խնամակալ մարմնին կ՚անդամակցի, նաեւ Արեւմտեան թեմի թեմական խորհուրդի նախկին անդամներէն մին է։

ԱՆԹԻԼԻԱՍ ԴԱՐՁԵԱԼ ԹՂԹԱԾՐԱՐ ՄԸ ՊԱՏՐԱՍՏԱԾ Է՝ ՍԻՍԻ ԵՐԲԵՄՆԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՍԵՓԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ ՎԵՐԱՁԵՌՔԲԵՐԵԼՈՒ ՆՊԱՏԱԿՈՎ

Անթիլիասի աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ամբողջացուցած է Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու նպատակով ձեռնարկած դատական գործի թղթածրարը, որով դիմում պիտի կատարուի Թուրքիոյ դատական իշխանութիւններուն մօտ։

ԲՈՒՌՆ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ

Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը երէկուան ժողովին ընթացքին քննարկեց Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքի առկայ բարդ հարցերը:
Թուրքիա բողոք յայտնեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դէմ՝ ռազմավարական գործընկերութեան անհաւասարակշռելի վնասներ հասցնելու բերումով:

ԹՐԱՄՓ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ՏԵՍԱԿՑԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՌՈՒՀԱՆԻԻ ՀԵՏ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի յարաբերութիւններու վերիվայրումները այս շրջանին դարձեալ մտահոգութեան տեղի կու տան միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Նախագահ Տանըլտ Թրամփի իշխանութեան գլուխ գալէն վերջ Ուաշինկթընի մէջ ձեւաւորուած ղեկավարութիւնը արդէն դժգոհութիւն յայտնած էր՝ Իրանի միջուկային ծրագրին շուրջ նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի պաշտօնավարութեան շրջանին ապահովուած միջազգային համաձայնութեան առընչութեամբ։

ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ԴԵՐԸ ՄԻՇՏ ՇԻՆԻՉ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ իր երկիրը կ՚ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ շփումները՝ նպաստելով անոնց միջեւ փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ երկխօսութեան զարգացման։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Մարիա Զախարովա Պաքուի մէջ հարցազրոյց մը տուաւ «Սփութնիկ» գործակալութեան ատրպէյճանական ծառայութեան։

ՌՈՊԵՐԹ ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՓԱՍՏԱԲԱՆՆԵՐԸ ՎԵՐԱՔՆՆԻՉ ԱՏԵԱՆ ԿԸ ԴԻՄԵՆ ԱՅՍՕՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի կալանաւորման արձագանգները կը շարունակուին։ 1 մարտ 2008 թուականի արիւնալի դէպքերուն բերումով, Սահմանադրական կարգը տապալելու մէջ կը մեղադրուի Ռոպերթ Քոչարեան։

ՀԱՇՈՒԵՅԱՐԴԱՐ

Քոչարեանի բանբերն ու փաստաբանները շաբաթավերջին մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին Երեւանի մէջ:
«Սա պատուէր է, որ պէտք է կատարուի, իսկ մեղաւորները կը գտնուին դատախազութեան եւ քննիչներու շարքերուն»:

Էջեր