ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Ս. Երկոտասան Առաքելոց տօնին առթիւ շաբաթավերջին Երեւանի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած արարողութիւնները հաւատացեալներու կողմէ առիթի վերածուեցան՝ որդիական անվերապահ աջակցութիւն արտայայտելու համար Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին նկատմամբ:
«Մենք աստուածապաւինութեամբ պիտի շարունակենք մեր առաքելութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, պիտի պայծառացնենք մեր եկեղեցին, պիտի շէնացնենք մեր հայրենիքը՝ մեր աղօթքը առատացնելով մեր եկեղեցիներուն եւ մեր հոգիներուն մէջ», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը՝ յորդորելով, որ բարեպաշտ ժողովուրդը անհանգստութիւն չապրի:
Թուրքիա այսօր կը դիմաւորէ կարեւոր շաբաթ մը, որ պիտի բնորոշէ դէպի պետական կառավարման նոր համակարգ անցումը։ Նախագահական կառավարման դրութեան տեսակէտէ անկիւնադարձային կը համարուի անցումի այս փուլը։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ տեսաուղերձով մը հանդէս եկաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Շողակաթ» հեռուստակայանէն:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան դէպի Ուաշինկթըն պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախագահ Արմէն Սարգսեան ջերմ ու անմիջական մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցած զրոյցին ընթացքին մատնանշեց, որ Հայաստան կը կարեւորէ ԱՄՆ-ի հետ գործընկերութեան հետեւողական զարգացումը։
Հայաստանի եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարները քննարկեցին երկկողմանի օրակարգի ծաւալուն հարցերը:
Մէկտեղելով հանգիստն ու ընթերցանութիւնը՝ արդէն չորս տարիէ ի վեր իրականացուող «Ամառնային ընթերցանութիւն» ծրագիրը գրական-մշակութային աշխոյժ միջավայր կը ստեղծէ բազում երեխաներու ու պատանիներու համար: Նախաձեռնութեան շրջանակներուն մէջ ամրան ամիսներուն անոնք հնարաւորութիւն կ՚ունենան կարդալու բազում հետաքրքրական ու ինքնատիպ գիրքեր:
Սուրիացի մասնագէտներ Հայաստանի մէջ իրենց ստացած ձեռագրերու եւ փաստաթուղթերու պահպանման եւ վերականգնման հմտութիւնները լայնօրէն կ՚օգտագործեն իրենց մշակութային արժէքները փրկելու համար: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ յունիսի 26-ին ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ծրագրի շրջանակին մէջ Հայաստան եկած եւ Մատենադարանի աշխատակիցներու կողմէ դասընթացք ստացած սուրիացիները աւարտեցին զայն եւ ստացան իրենց վկայագրերը: