Լրահոս

ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՊԱՐԵՐՈՒ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐ

Կիւմ­րիի մէջ, այ­սու­հե­տեւ ա­մէն ուր­բաթ օր բո­լոր փա­փա­քող­նե­րը կրնան սոր­վիլ հայ ա­ւան­դա­կան ու ազ­գագ­րա­կան պա­րեր: 
«Ար­մէնփ­րէս»ի փո­խանց­մամբ, այս մա­սին կիւմ­րե­ցի­նե­րուն տե­ղե­կա­ցուց «Կա­րին» հա­մոյ­թի ղե­կա­վար, ազ­գա­յին պա­րե­րու բա­նա­հա­ւաք եւ Հա­յաս­տա­նի մշա­կոյ­թի վաս­տա­կա­ւոր գոր­ծիչ՝ Գա­գիկ Գի­նո­սեան:

ՅՍՏԱԿ ՈՒ ՏԵՂԻՆ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը զօրակցութիւն յայտնեց Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ:
Կուսակցութիւնը կոչ ուղղեց պետական մարմիններուն՝ որպէսզի օրէնքի շրջանակներու մէջ կանխուին՝ իրենց բնոյթով աղանդաւորական եւ կասկածելի ծագումնաբանութեամբ խմբակներու սադրիչ գործողութիւնները:

«ԱԼ ՆԱՍԻՊ»Ի ԱՆՑՔԸ ԵՒ ՌՈՒՍ-ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Սուրիոյ ընդդիմութեան մօտիկ համարուող «Ալ Մարսատ ալ սուրի» կայքէջը օրեր առաջ տեղեկութիւն կը փոխանցէր այն մասին, որ մասնաւորապէս Ալ Հարա գիւղաքաղաքին մէջ Սուրիոյ բանակին պատկանող ուղղաթիռներ թռուցիկներ կը նետէին, պահանջելով այդ շրջանին մէջ գտնուող զինեալներէն արագօրէն վար դնել իրենց զէնքերը եւ յանձնուիլ այդ շրջան հասնող բանակի ստորաբաժանումներուն։

ՆԻՒԹԵՐՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Քննչական կոմիտէի Վայոց ձորի բաժանմունքը շարժման անցած է Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի շաբաթավերջին ենթարկուած դէպքին շուրջ:
Մասնակիցներու ինքնութիւնը կը պարզուի, կ՚ուսումնասիրուին տեսանիւթերը:
Տ. Կորիւն Աբեղայ Առաքելեան երէկ պաշտօնապէս կարգալոյծ հռչակուեցաւ՝ եկեղեցականի անյարիր վարքագծի եւ վերջին շրջանի հակականոնական ընթացքի հետեւանքով:

Էջեր