Լրահոս

ԱՒԵԼԻ ԲԱՐԵԿԵՑԻԿ

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան խօսեցաւ Հայաստանի վերջին փոփոխութիւններուն շուրջ:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան ծրագիրներուն մասնակից երիտասարդներուն հետ հանդիպում:

ՀԵԼՍԻՆՔԻԻ ԳԱԳԱԹԷՆ ԵՏՔ ՆՈՐ Է՞Ջ. ԱՄԵՐԻԿԱՑԻՔ ԴԺԳՈՀ ԵՆ ԹՐԱՄՓԷՆ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տա­նըլտ Թրամփի եւ Ռուսաստանի նա­խագահ Վլատիմիր Փութիլի Հելսինքիի մէջ հանդիպումէն վերջ Ամերիկայի մէջ կայ հա­մընդ­հա­նուր դժգո­հու­թիւն։ 
Այսպէս, վեր­ջին օ­րե­րուն ա­մե­րի­կեան Foreign Policy պար­բե­րա­կա­նը կար­դա­ցող­նե­րուն հա­մար ա­ւե­լի քան պարզ կը դառ­նար, որ ինչ մա­կար­դա­կի դժգո­հու­թիւն մը տի­րէ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ներ­քա­ղա­քա­կան մի­ջա­վայ­րին մէջ։

ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՊԱՐԵՐՈՒ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐ

Կիւմ­րիի մէջ, այ­սու­հե­տեւ ա­մէն ուր­բաթ օր բո­լոր փա­փա­քող­նե­րը կրնան սոր­վիլ հայ ա­ւան­դա­կան ու ազ­գագ­րա­կան պա­րեր: 
«Ար­մէնփ­րէս»ի փո­խանց­մամբ, այս մա­սին կիւմ­րե­ցի­նե­րուն տե­ղե­կա­ցուց «Կա­րին» հա­մոյ­թի ղե­կա­վար, ազ­գա­յին պա­րե­րու բա­նա­հա­ւաք եւ Հա­յաս­տա­նի մշա­կոյ­թի վաս­տա­կա­ւոր գոր­ծիչ՝ Գա­գիկ Գի­նո­սեան:

ՅՍՏԱԿ ՈՒ ՏԵՂԻՆ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը զօրակցութիւն յայտնեց Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ:
Կուսակցութիւնը կոչ ուղղեց պետական մարմիններուն՝ որպէսզի օրէնքի շրջանակներու մէջ կանխուին՝ իրենց բնոյթով աղանդաւորական եւ կասկածելի ծագումնաբանութեամբ խմբակներու սադրիչ գործողութիւնները:

«ԱԼ ՆԱՍԻՊ»Ի ԱՆՑՔԸ ԵՒ ՌՈՒՍ-ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Սուրիոյ ընդդիմութեան մօտիկ համարուող «Ալ Մարսատ ալ սուրի» կայքէջը օրեր առաջ տեղեկութիւն կը փոխանցէր այն մասին, որ մասնաւորապէս Ալ Հարա գիւղաքաղաքին մէջ Սուրիոյ բանակին պատկանող ուղղաթիռներ թռուցիկներ կը նետէին, պահանջելով այդ շրջանին մէջ գտնուող զինեալներէն արագօրէն վար դնել իրենց զէնքերը եւ յանձնուիլ այդ շրջան հասնող բանակի ստորաբաժանումներուն։

Էջեր