ՀՐԱՏԱՊ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ
Եւրոյանձնաժողովի յանձնակատարներէն Եոհաննէս Հահն պիտի այցելէ Թուրքիա:
Անգարա եւ Պրիւքսել կը ջանան յարաբերութիւնները վերադարձնել իրենց բնականոն հունը:
Եւրոյանձնաժողովի յանձնակատարներէն Եոհաննէս Հահն պիտի այցելէ Թուրքիա:
Անգարա եւ Պրիւքսել կը ջանան յարաբերութիւնները վերադարձնել իրենց բնականոն հունը:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ «Արաս» հրատարակչատունը վերջերս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է Զաւէն Պիպէռեանի «Անկուտի սիրահարներ» վէպի թրքերէն թարգմանութիւնը։ «Մեթելիքսիզ աշըքլար» անունով լոյս տեսած է գիրքը, որու յառաջաբանը գրի առնուած է յայտնի գրականագէտ Մարկ Նշանեանի կողմէ։
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի դէմ կատարուած մահափորձին վերաբերեալ հերթական դատավարութիւնը երէկ տեղի ունեցաւ Չաղլայանի Արդարադատութեան պալատին մէջ։ 2007 թուականին կատարուած մահափորձին վերաբերեալ տասն տարիէ ի վեր ընթացքի մէջ է բուն դատավարութիւնը։
Եգէականի մէջ երէկ լարուածութիւն մը ապրուեցաւ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ։ Իսքէնտէրունէն դէպի Իզմիթ ճանապարհ դուրս եկած թրքական բեռնատար նաւ մը Ռոտոս կղզիի 3 մղոն հեռաւորութեան վրայ զգուշացուեցաւ Յունաստանի ռազմածովային զօրքերուն կողմէ։
Վերջին տարիներուն թէ՛ արեւմտեան, թէ արեւելեան լեզուներէն հայերէն եւ հակառակը բազմաթիւ հետաքրքրական գիրքեր թարգմանուած են: Թարգմանական գրականութեան ոլորտէն ներս ունեցած ձեռքբերումներու եւ առկայ խնդիրներու մասին Հայաստանի Գրողներու միութեան մէջ խօսեցան ոլորտի ներկայացուցիչները:
Էրտողան շաբաթավերջին Համպուրկի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ Թրամփի եւ Փութինի հետ:
Հանրապետութեան նախագահը երէկ տեսակցեցաւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Շոյկույի հետ:
Թորոնթոյի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ փայլուն արարողութիւններ:
Մխիթարեան միաբանութեան Վենետիկի Ս. Ղազար կղզի հաստատման երրորդ դարադարձը նշուեցաւ սաներու կողմէ:
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան ենթակայութեամբ գործող Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութեան (ՊՈԱԿ) տնօրէնի պաշտօնը շուրջ չորս ամիս առաջ ստանձնած Արա Թարվերտեան կ՚առաջնորդուի մեր հարուստ ժառանգութիւնը ոչ թէ «խաւարի մէջ թաղելու», այլ զայն առաւել արդիւնաւէտ օգտագործելու եւ ներկայացնելու սկըզ-բունքով:
Եդուարդ Նալպանտեան եւ Էլմար Մամէտեարով կրնան տեսակցիլ ներկայ ամսուան տեւողութեան:
«Առանց Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութեան որեւէ վերջնական համաձայնութեան հասնիլ կարելի պիտի չըլլայ»:
Հայաստանի մէջ «Փրոֆփանէլ» ընկերութիւնը սկսաւ առաջին անգամ արտադրել արեւային վահանակներ:
Վարչապետ Կարէն Կարապետեան գործարան այցելելով ծանօթացաւ SolarOn ապրանքանիշով ծաւալուած գործունէութեան: