Լրահոս

ՍԵՒԱՆԸ ԱՄԵՆԱՅԱՃԱԽԵԼԻ ՎԱՅՐՆ Է

Սեւանայ լիճը զբօսաշրջիկներուն ամենայաճախ այցելելի վայրերէն է: «Արմէնփրէս» գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին Հայաստանի Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահի առաջին տեղակալ Մեխակ Ապրեսեան ըսած է, որ Սեւանը այն գրաւչութիւնն է, զոր իւրաքանչիւր  զբօսաշրջիկ կ՚ուզէ անպայման տեսնել՝ անկախ եղանակէն:

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ՏՈՒՏՈՒԿԻ ՓԱՌԱՏՕՆ

Ֆրանսայի մէջ, այս տարի, առաջին անգամ, տեղի պիտի ունենայ տուտուկի փառատօն, որու շնորհիւ հայկական գործիքին հանդէպ պիտի մեծնայ հետաքրքրութիւնը: «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդմամբ, այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ արտայայտուած է Պ. Ի. Չայքովսքիի անուան միջնակարգ երաժշտական մասնագիտական դպրոցի տնօրէն Մարտուն Կոստանդեան։

ԷՏՈՒԱՐՏ ՃԷՐԷՃԵԱՆ. «ՄԻԿՈՅԵԱՆԻՆ ԱՆՈՒՆՍ ՉՏՈՒԻ, ԸՍԻ ԲԱՐԵ՛Ւ, ԵՍ ՀԱՅ ԵՄ»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Էտուարտ Ճէրէճեան։ Այս անունը առաջին անգամ լսած եմ 80-ականներու վերջերուն: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ծանր օրերն էին: Հօրս՝ Աբրահամ Ղազարեանի քրոջ՝ Ովսաննայի որդին՝ Սարգիսը մասնակցած էր Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին եւ քանի մը անգամներ փրկուած էր ստոյգ մահէ:

ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըք երէկ Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիսի հետ։ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու հաւաքի ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ նախարարներուն տեսակցութիւնը։

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ «REEBOK» ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԸ

Երէկ, Երեւանի մէջ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը բացուեցաւ «Reebok» մարզական ակումբը։ Շատ ընդարձակ համալիր մըն է այս մէկը, որ օժտուած է մարմնամարզի ժամանակակից բազմաթիւ ու բազմաբնոյթ սարքաւորումներով։

ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՅ ՄԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ՝ ՈՐԴԻՆ ՍՊԱՆՆԱԾ ԸԼԼԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն ներս, Հարաւային Գալիֆորնիոյ մէջ ձերբակալուեցաւ հայ մը, որ կը մեղադրուի իր հնգամեայ որդին սպաննած ըլլալով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, աւելի քան երկու ամիսէ ի վեր ընտանիքի անդամները, կամաւորներն ու իրաւապահ մարմիններու ներկայացուցիչները կը փորձէին գտնել պատասխանը այն հարցին, թէ ո՞ւր է հնգամեայ Արամազդը։

ԵՒ ԱՆԿԻՒՆԱԴԱՐՁ…

Պատրիարքական Աթոռը ընտրութեան հարցին շուրջ երէկ ի վերջոյ դիմում կատարեց պետութեան:
Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ստորագրեցին կուսակալութեան ուղղեալ նամակը:

ՓՈԽ-ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՎԷՅՍԻ ՔԱՅՆԱՔ ԵՐԷԿ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՀԻՒՐԸ ԵՂԱՒ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԷ ՍԱՐՔՈՒԱԾ ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ԻՖԹԱՐԻ ՍԵՂԱՆԻՆ

Պատրիարքական Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ երեկոյեան մասնակցեցաւ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հաստատութիւններուն անունով կազմակերպուած իֆթարի սեղանին։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին շրջանին աւանդութիւն մը դարձած է նման ընթրիքներու կազմակերպումը։

Էջեր