ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ ԴԻՐՔԸ ԱՆՓՈՓՈԽ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ
Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու ղեկավարները վերջին օրերուն Պրիւքսելի մէջ իրականացուցին երկօրեայ գագաթաժողով մը։ Եւրոմիութեան խորհուրդի Պրիւքսելի ժողովի աւարտին հրապարակուեցաւ եզրափակիչ յայտարարութիւն մը, որու բովանդակութեան մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Երուսաղէմի վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւններուն։