ՎԱ՞Խ, ԹԷ՞ ԽՈՀԵՄՈՒԹԻՒՆ
ՄԱՏԼԵՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Առաւօտ է:
Քունէս կ՚արթննամ… ու հանգստեան կոչուած ըլլալով, անցած օրերու աճապարանքով մը գործի երթալու տաղտուկը գրեթէ մոռցած, օրուան մէջ ընելիքներուս համար տարբեր ձեւ ու ընթացք որդեգրելով, այնքա՛ն հանգիստ, նախ դէպի տան պարտէզը նայող ապակեայ մեծ դուռն է, որ կը բանամ: