Հարթակ

ԱՆԲԱՌԱՑԻ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԱՐՄՆԱՅԻՆ ԼԵԶՈՒ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Ժամանակակից արհեստագիտութեան ընձեռած հաղորդակցութեան միջոցներու կողքին, մեր դէմքի արտայայտութիւնը, շարժուձեւերը, կեցուածքը, ձայնին թոնը հաղորդակցութեան ազդու միջոցներ են, առանց որոնց բան մը պակաս կ՚ըլլայ մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ:

ՎԱՐԱԿԻՉ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ԹՈՅՆԸ (Ի՞նչ ըսել է վարակուիլ. վարակման պատճառներն ու եղանակները. վարակումէն պաշտպանուելու միջոցները)

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1902)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Նախորդող ութ յօդուածաշարքով մեր սիրելի ընթերցողներուն ուշադրութեան յանձնեցինք բժիշկ Վահան Արծրունիի «Մի՛ խմեր» եւ «Մի՛ ծխեր» գրքոյկները՝ արեւմտահայերէնի վերածուած:

ՄԵԶՄԷ ԶՈՀԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋՈՒԻ

ԳՐԻԳՈՐ ԱՐԾՐՈՒՆԻ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Իւրաքանչիւր երկիր ունեցած է վայրկեաններ, երբ մտածող մարդու, աշխատող անձի համար անտանելի եղած է իր հայրենակիցներու շրջանին մէջ ապրիլ: Իւրաքանչիւր երկիր եղած է այն դրութեան մէջ, որ լուսաւորուած մարդը ստիպուած եղած է տխրութեամբ նայիլ իր հայրենի հասարակութեան վրայ:

«ՏՈՒՊԱՅԻ ԷՔՍՓՕ 2020» ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏԱՂԱՒԱՐԸ

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Տուպայի քաղաքը կը հիւրընկալէ անցեալ տարուընէ յետաձգուած «Էքսփօ 2020»ը: Համաշխարհային այսպիսի մեծ ու կարեւոր հանդիսութեան մը կազմակերպման ստանձնումը կը պահանջէ տուեալ երկրէն մեծ կարողականութիւններ եւ Տուպայիով, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պէս պետութեան մը համար ապահովուած են անոնք:

ՍԱԱՏ ՀԱՐԻՐԻ, ԳԱՀԱԺԱՌԱՆԳ ՄՈՒՀԱՄՄԷՏ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՂՈՒԱՆ ՕՐԸ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Սաատ Հարիրիի «պատմութիւն»ը ճիշդ հասկնալու համար պէտք է անպայման վերյիշել 2017 թուականին անոր հրաժարականը, ապա որոշ ժամանակով մը անոր «առեւնգում»ը Ռիատի «Ռիթց» պանդոկին մէջ տասնեակ այլ գործիչներու հետ։

«ՏԱԳՆԱՊՆԵՐԸ ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ ՉԵՆ ՈՒ ՊԱՐՏԱՒՈՐ ԵՆՔ ԶԱՆՈՆՔ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼ»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւանի մէջ տեսակցեցանք Այնճարի Ս. Վարդարանի Տիրամայր հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Թոփալեանին հետ: Ստորեւ՝ մեր զրոյցին սղագրութիւնը։

ՑԱՍՈՒՄ ԵՒ ՆՈՂԿԱՆՔ…

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Այսօրուան մեր նիւթը պիտի կեդրոնանայ երկու երգահանդէսներու վրայ՝ որոնք տեղի ունեցան վերջերս, Ամերիկայի տարածքին։
Առաջին երգահանդէսը՝ որ ցասումի երեւոյթ մըն է, տեղի ունեցաւ Թեքսաս նահանգի Հիւսթըն քաղաքին մէջ։

ԱՌԱՆՑ ԳԻՐՔԻ ԵՒ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ԴՊՐՈՑՆԵ՞Ր

Պատրաստեց՝  ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Դպրոցներու ապագային մասին աւելի յաճախ սկսաւ խօսուիլ համակարգիչներու, լեփթոփներու, համացանցի եւ հաղորդակցութեանց նորանոր միջոցներու ստեղծումէն եւ արագ որդեգրումէն ետք: Արդէն իսկ կարգ մը դպրոցներու մէջ դասագիրքերու գործածութիւնը դադրած է, իսկ հիմա, մարդամեքենաներու, արհեստական բանականութեան եւ քորոնա համաճարակի ժամանակաշրջանին ոմանք սկսած են խօսիլ առանց ուսուցիչի դպրոցներու մասին:

Էջեր