ՊԱՐՏՈՒԹԵՆԷ՝ ՅԱՂԹՈՒԹԻՒՆ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պարտութենէ՝ յաղթութիւն. այս է ահաւասիկ «կեանք»ը իր խորքովը, թէ՛ մահէն առաջ, թէ՛ մահէն յետոյ։
«Երեւոյթ»ն է մահը, կեանքն է «իրականութիւն»ը։ Եւ բնութիւնը երգի՛չն է «իրականութեան»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պարտութենէ՝ յաղթութիւն. այս է ահաւասիկ «կեանք»ը իր խորքովը, թէ՛ մահէն առաջ, թէ՛ մահէն յետոյ։
«Երեւոյթ»ն է մահը, կեանքն է «իրականութիւն»ը։ Եւ բնութիւնը երգի՛չն է «իրականութեան»։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ներկայիս շա՜տ շատեր թատրոնը չեն սիրեր, սակայն կար ժամանակ, որ մամուլի կողքին մարդոց մեծագոյն զբաղմունքն ու ժամանցը թատրոնն էր, սակայն այդ մէկը որպէս «զբաղմունք» ընդունիլը կը նեղացնէր մտաւորական խաւը, որոնք թատրոնը ժամանցէ եւ զբաղմունքէ աւելի որպէս դպրոց կը տեսնէին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Վարդանանց տօն է. Յարութեան խօսքն է հիմա, որ կը լեցնէ մեր կեանքը, մեր ապրումները, որոնք կարծես հայութեան յաւերժութենէն փրթած լոյսի շողեր են՝ մեր կեանքի անհաւատալի պահերուն մէջ ճառագայթած։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Որքա՜ն մութ է հիմա ներսս եւ այդ մթութեան չափ անբարբառ է խիղճս, որ անճրկած չի՛ կրնար դիրքորոշում մը ունենալ: Սիրտս ալեկոծ՝ ներքին պայքար մը տեղի կ՚ունենայ. կը տեսնեմ հազարաւորները՝ աւերակներուն տակ անշնչացած եւ կարեկցութեան բուռն կրակ մը կը բոցավառուի:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սիրելի՜ներ, երբեմն կը գանգատինք՝ երբ տխուր եւ ցաւալի փորձառութիւններ կ՚ունենանք մեր կեանքի ընթացքին եւ ասիկա շատ բնական է, քանի որ զգացումներով կը շարժինք շատ անգամ, եւ մեր զգացումները յաճախ կը խափանեն մեր բանականութիւնը, եւ կը կանխեն զայն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
«...Եւ յետ շարժմանն հուր... եւ յետ հրոյն ձայն մեղմոյ օգոյ» (Ա. Թագաւորաց):
Առանց գոյնի, ցեղի եւ կրօնքի խտրութեան վերոյիշեալ հուրը կը վառի իւրաքանչիւրիս ներաշխարհին մէջ՝ երբ երկրագունդի վրայ տեղ մը մարդիկ վայրկեանուան մը ընթացքին քարերու ծանրութեան տակ կենաց եւ մահու կռիւ կը մղեն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յիսուսի Տաճար ընծայումը՝ Տեառնընդառաջ, կը յայտնէ, թէ Ան է Տիրոջ պատկանող Անդրանիկը։ Սիմէոնի եւ Աննայի մէջէն՝ Իսրայէլի ամբողջ սպասումն է, որ ընդ առաջ կու գայ իր Փրկչին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Պարսկաստանը Հայաստանին կապող Նորտուզի սահմանն եմ: Սահման մը՝ որ քաղաքակրթութեան, ապրելաձեւի եւ կենցաղի երկու հսկայական լեռներու միջեւ անդունդի դեր կը կատարէ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Երկիրը եւ ամէն անոր մէջինները Աստուծոյ կը պատկանին», կ՚ըսէ Մարգարէն։ Քահանայ մը՝ որ ունի միայն համեստ կեանք մը ապրելու միջոցները, կը վայելէ առանց նեղութեան եւ հոգերու, բնութեան բոլոր գործերը իրենց բոլոր շքեղութեամբ եւ քաղցրութեամբ եւ աւելի բարձր աստիճանով մը, քան ուղղակի այդ հոգերու տէրերը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Գաղափարախօսութիւն բառէն ետք մեր հայրենասիրութեան բառարանին վրայ ունինք պայքար բառը, որ առաջինին հակառակ իր խորհրդաւորութենէն դուրս գալով հպարտութեան եւ յաղթանակի հոտ մը կը ձգէ: