ԱՆԲՆԱԿԱՆ ԿԵՆՑԱՂ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Անբնական կենցաղ» կը նշանակէ՝ Աստուծոյ հաստատած բնութեան օրէնքներուն հակառակ շարժիլ, անզգոյշ եւ անզուսպ ըլլալ, չափազանցութիւններով տարուիլ եւ անտարբեր գտնուիլ անոնց առթելիք վտանգներուն հանդէպ։ Զոր օրինակ՝ բնութիւնը կը պահանջէ, որ մարդիկ չափաւորութեամբ ուտեն, խմեն, աշխատին, քնանան, պտըտին, վազեն, եւ այլն։