«ԳԵՂԵՑԻԿ ՃԵՐՄԱԿ ՁԻՆ» - Բ -
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Այսօր, դարձեալ, կը շարունակենք ներկայացնել Ուիլիըմ Սարոյեանի պատմուածքը։ Ուիլիըմ Սարոյեան ծնած է Ֆրեզնօ, Միացեալ Նահանգներ, Պիթլիսէն Ամերիկա գաղթած ընտանիքէ մը։ Ան իր պատմուածքները գրած է անգլերէն լեզուով։ Ան արտադրած է բազմաթիւ գործեր՝ պատուաբեր տեղ մը գրաւելով ամերիկեան գրականութեան մէջ։ Իր գործերէն են. «Կեանքիդ ժամանակը», «Տղաք եւ աղջիկներ», «Մարդկային կատակերգութիւն», «Արամ կը կոչուիմ եմ» եւ ուրիշներ…։