ԱՍՏՈՒԱԾ՝ ԿԵԱՆՔԻ ԱՂԲԻՒՐԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուած աղբիւրն է կեանքի, լոյսի, ուրախութեան՝ բովանդակ տիեզերքին։ Օրհնութիւններ կը բխին Անկէ Իր բոլոր արարածներուն վրայ։ Եւ ուր որ ալ Աստուծոյ կեանքը մարդոց սրտերուն մէջ ըլլայ, սէր եւ օրհնութիւն պիտի տարածէ անոնց բոլորին վրայ անխտի՛ր։