ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Արդարութիւնը ինքնին, առարկայաբար, «բացարձակ» սկզբունք մը կամ իրականութիւն մըն է։ Բայց, ընդհանրապէս, մարդիկ արդարութեան վրայ առարկայաբար չեն նայիր, այլ ենթակայական, այսինքն «անձնական շահախնդրութեամբ» կը նային։