Հոգե-մտաւոր

ԽԱՉԸ՝ ԿԵՆՍԱՊԱՐԳԵՒ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Խաչվերացի տօնին կարծես բնութիւնը նոր հանգամանք մը կը ստանայ. ամառէն դէպի աշուն ընթացք մը կը սկսի։ Եթէ գարունը բնութեան վերակենդանութեան եղանակն է, աշունն ալ մարդկային անհատական եւ ընկերային կեանքին վերակենդանութեան շրջանն է։

ՆԱԽԱՆՁԻ ՎԱ՛Տ ԶԳԱՑՈՒՄԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Առակախօսը կ՚ըսէ. «Բռնաւոր մարդուն մի՛ նախանձիր եւ անոր ճամբաները բնաւ մի՛ ընտրեր» (ԱՌԱԿ. Գ 31)։ Իսկ Պօղոս առաքեալ, Հռոմայեցիներուն գրած նամակին մէջ կը պատուիրէ. «Ապրելու համար այնպէս՝ ինչպէս վայել է լոյսի մէջ քալողներուն, փոխանակ անառակութեամբ, արբեցութեամբ, խառնակեցութեամբ եւ պղծութեամբ, կամ նախանձով եւ հակառակութեամբ ապրելու՝ խաւարի գործերէն հեռանանք եւ լոյսի զէնքերը մեր վրայ առնենք» (ՀՌՈՄ. ԺԳ 13)։

ԵՐԿՐԱՒՈՐ ԿԵԱՆՔԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Երկրաւոր կեանքը մեզի շնորհուած «ժամանակամիջոց» մըն է միայն. այնպէս պէտք է օգտագործել զայն, որ Աստուծոյ ներկայանալ կարելի ըլլայ արժանիքներով, որոնց համար մարդ, անանց, անժամանակ յաւիտենական երջանկութեամբ պիտի վարձատրուի։ «Խաւար»ի տիրապետութենէն ետք, երբ լոյսի իշխանութիւնը երեւի եւ այդ լոյսի իշխանութեան հասնինք, անդին՝ Աստուած, մեր գերագոյն Բարիքը, պիտի ճանչնանք եւ պիտի տեսնենք ինչպէս որ է Ան։

ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆՆԵՐԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Բնութիւնը իր ճակատին վրայ կը գրէ ի՛նչ որ գրուած է «Պատուիրաններ»ու տախտակներուն վրայ. «Ես քու նախանձոտ Աստուածդ եմ որ կը հատուցանեմ հայրերուն անօրէնութիւնը որդւոց վրայ, մինչեւ անոնց երրորդ եւ չորրորդ ազգը՝ որ կ՚ատեն զիս, եւ կ՚ողորմիմ անոնց մինչեւ հազար ազգը որ կը սիրեն զիս եւ իմ պատուիրաններս կը պահեն»։

ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ՎԵՐՅԻՇՈՒՄՆԵՐ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Վերամուտ» երբ կ՚ըսուի, մարդուս մէջ ինքնաբերաբար կ՚արթննան յիշատակներ, աչքի կ՚երեւին դէմքեր, վերստին կ՚ապրուին պահեր, որոնք անջնելիօրէն տպաւորուած են միտքերու մէջ։ Արդարեւ վերամուտը կը խորհրդանշէ վերսկիզբ մը, կեանքի մը ապրումներու նոր սկզբնաւորութիւն մը։

ՍԻՄՈՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Աստուծոյ պատուիրանը կը դատապարտէ անկրօնութեան գլխաւոր մեղքերը՝ խօսքով կամ գործով Աստուած փորձելը, սրբապղծութիւնը եւ սիմոնականութիւնը։
Այս գլխաւոր մեղքերու կարգին «սիմոնականութիւն»ը յատուկ տեղ մը կը գրաւէ մանաւանդ։

ՍԿԶԲՆԱԿԱՆ ՄԵՂՔԻ ՄԱՍԻՆ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մեղքը յանցա՛նք մըն է ընդդէմ բանականութեան, ճշմարտութեան եւ ուղիղ խղճմտանքին, թերացում մըն է ճշմարիտ սիրոյն դէմ՝ Աստուծոյ եւ մերձաւորին հանդէպ, կարգ մը բարիքներուն էութեան թիւր փարումի մը հետեւանքով։ Արդարեւ, մեղքը կը վիրաւորէ մարդուն բնութիւնը եւ վնաս կը հասցնէ մարդկային համընկերութեան։

ԻՆՔԶԻՆՔ ԶՕՐԱՒՈՐ ԶԳԱԼ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կեանքի անողոք եւ անվերջ պայքարին մէջ յաղթական հանդիսանալու համար պայմա՛ն է ինքն իր ուժերուն վստահիլ, ինքզինք զօրաւոր զգալ եւ առանց վհատելու շարունակել պայքարիլ։ Արդարեւ պայքար մղելու համար անհրաժեշտ է ուժ, զօրութիւն եւ յարատեւութիւն։

ԱՐԱԳԱՄԻՏ ԲԱՅՑ ԽՈՀԵՄ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Արագամտութիւնը ձիրք մըն է, արժէքաւոր յատկութիւն մը, որ մարդս արագաշարժ կ՚ընէ որոշելու եւ իր որոշածը անմիջապէս գործադրելու, մտադրած նպատակին հասնելու։ Արագամտութեան ձիրքով օժտուած մէկը կրնայ իսկոյն ըմբռնել կացութիւնը եւ իր պահանջները եւ կտրուկ որոշում տալ։

Էջեր