ՅԱՐԳԱՆՔ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային անձը մասնակից է աստուածային Հոգիին լոյսին եւ ուժին։ Իր բանականութեամբ, ան կարող է հասկնալ կարգ եւ կանոնը իրերուն՝ հաստատուած Արարիչին կողմէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային անձը մասնակից է աստուածային Հոգիին լոյսին եւ ուժին։ Իր բանականութեամբ, ան կարող է հասկնալ կարգ եւ կանոնը իրերուն՝ հաստատուած Արարիչին կողմէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յոռետեսութիւնը, որ ամէն բանի վերջը կամ հետեւանքը գէշ տեսնելու վատ սովորութիւն մը, յատկութիւն մըն է, ամէն մարզի մէջ կը քայքայէ մարդուս բարոյական կորովը, տրամադրութիւնը եւ անատակ կը դարձնէ զայն որեւէ ստեղծագործ աշխատանքի։ Յոռետեսութիւնը իր այս ազդեցութեամբ մարդս անշարժութեան կը մատնէ, աննպատակ եւ անիմաստ կ՚ընէ ամբողջ կեանքը։ Մէկ խօսքով, ամլութեան կը մատնէ մարդուս կեանքը եւ այս պատճառով, մարդ պէտք է ազատելու աշխատի յոռետեսութենէ, ինչ որ դիւրին գործ մը չէ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Թէ՛ «բարի» եւ թէ՛ «արդար» ըլլալ կարելի՞ է։ Արդարեւ, երբեմն «բարի» ըլլալու համար կը զոհուի արդարութիւնը, եւ կամ փոխադարձաբար «արդար» ըլլալու համար կը զոհուի բարութիւնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ կարելի՞ է որ մոռնայ մէկը, որ իր կեանքը Աստուծոյ է նուիրած եւ Աստուծոյ ըսած. «Իմ կեանքս, կամքս, սիրտս, միտքս, հոգիս ամբողջութեամբ Քեզի կու տամ։ Իմ կողմէս ո՛չ մէկ պայման, ո՛չ մէկ -եթէ-։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Առաքինութիւն»ը սովորական եւ հաստատ տրամադրութիւնն է բարին գործելու։ Ան թոյլ կու տայ ո՛չ միայն կատարելու բարի արարքներ, այլ նաեւ տալու լաւագոյնը իր անձին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Եթէ կ՚ուզէք Աստուծոյ գեղեցկութիւնը տեսնել՝ լուսնին նայեցէք, եւ եթէ կ՚ուզէք Աստուծոյ զօրութիւնը, կարողութիւնը եւ փառքը տեսնել՝ արեւին նայեցէք»։ Այսպէս կ՚ըսեն Եբրայեցիներ աստուածային գեղեցկութիւնը եւ փառքը բացատրելու համար։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուած Ի՛նքն է որ ստեղծեց «տեսանելի աշխարհ»ը իր ամբողջ ճոխութեամբ, զանազանութեամբ եւ ներդաշնակութեամբ։ Աստուածաշունչը Արարչին գործը խորհրդանշական կերպով կը ներկայացնէ իբրեւ «աստուածային վեցօրեայ աշխատանքի յաջողութիւն» մը՝ որ կը վերջանայ եօթներորդ օրուան «հանգիստ»ով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Միշտ աղօթեցէ՛ք», կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ (Ա ԹԵՍ. Ե 17), եւ կը շարունակէ. «Միշտ եւ ամէն առիթով գոհութիւն մատուցէ՛ք Հօր Աստուծոյ, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անունով» (ԵՓԵՍ. Ե 20)։ Այս մասին Եւագր Պոնտացի սապէս կ՚ըսէ. «Մեզի չէ՛ հրամայուած աշխատիլ, հսկել եւ յարատեւօրէն ծոմ պահել, մինչդեռ մեզի համար օրէ՛նք է անդադար աղօթել»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բնութիւնը կարծես արտատպուած նկա՛ր մըն է մարդկային հոգիին մէջ։ Մարդն ալ իր հոգիին մէջ ունի լեռներ, լեռնագագաթներ, լեռնադաշտեր, ձորեր, հովիտներ, ծովեր, ծովակներ, լիճեր, ցամաքներ, փոթորիկներ, մրրիկներ, եղանակներ՝ գարուն, ամառ, աշուն ու ձմեռ, եւ այն ամէն ինչ որ կայ բնութեան մէջ… եւ այս իմաստով ահաւասիկ, մարդուս հոգին պատկերն է բնութեան, որոնք կը ներկայանան իւրաքանչիւր անհատի կեանքին մէջ որպէս «բնութի՛ւն»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ յաճախ վէճի նիւթ կ՚ընեն, թէ ո՞ր մէկը կարեւոր է կեանքի մէջ յաջողութեան եւ նպատակի հասնելու համար. քանա՞կը, թէ որակը։ Բայց կեանքի փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ մարդիկ ընդհանրապէս, եւ պէտք է ըսել՝ շատ յաճախ «քանակ»ին կարեւորութիւն կ՚ընծայեն, «քանակ»ին ետեւէն են եւ ո՛չ թէ՝ որակին։