Հոգե-մտաւոր

ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ ԳԵՂԵՑԻ՛Կ Է

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Եր­բեմն կան այն­պի­սի խօս­քեր, որ կ՚ը­սէ մարդ մե­քե­նա­բար եւ չի խոր­հիր, թէ ի՛նչ ը­սել կ՚ու­զէ։ Զոր օ­րի­նակ, ի՞նչ ը­սել կ՚ու­զէ մէ­կը երբ կ՚ը­սէ. «Բնու­թիւ­նը գե­ղե­ցիկ է»։ Ի՞նչ է որ «գե­ղե­ցիկ» կ՚ա­նուա­նուի. ծա­ռե՞­րը, կամ եր­կին­քի կա­պո՞յ­տը, եւ կամ գետ­նի սա կա­նաչ խո՞­տը, թէ՝ մար­դուս շուր­ջը պա­տա­հող հա­զա­րա­ւոր ե­րե­ւոյթ­նե­րը, ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը՝ ո­րոնք ի­րա­րու խառ­նուե­լով կը յօ­րի­նեն այն ի՛նչ որ վրձի­նի մէկ հարուա­ծով «պատ­կե՛ր» մը կը ստեղ­ծէ։

ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՄԻՏՔԸ ՀՈՒՆԱՒՈՐ Է

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ էա­կը կը յա­ւակ­նի հասկ­նալ, տե­ղե­կա­նալ եւ գիտ­նալ ա­մէն ինչ՝ որ կը պա­տա­հի տիե­զեր­քի մէջ։ Սա­կայն մարդ տա­կա­ւին չէ ըմբռ­նած, թէ ո՛չ թէ տիե­զեր­քի մէջ, այլ իր ան­մի­ջա­կան շրջան­պա­տին մէջ պա­տա­հած­ներն իսկ կա­տա­րե­լա­պէս եւ ճշդա­պէս հասկ­նա­լու կա­րո­ղու­թե­նէն զուրկ է, քա­նի որ «մարդ­կա­յին միտ­քը հու­նա­ւոր է», այ­սինքն ո­րոշ սահ­ման մը ու­նի։

ԱՒԵՏԱՐԱՆԸ՝ ՀԱ՛Ց Է ՀՈԳԻԻՆ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Գե­ղե­ցի՜կ ըլ­լալ պար­զու­թեամբ, որ­քան տպա­ւո­րիչ է եւ հրա­պու­րիչ՝ պարզ ըլ­լալ, չա­փա­ւոր ըլ­լալ, բայց վե՛հ ե­րե­ւիլ։ Շա­տեր գե­ղեց­կու­թիւ­նը կը տես­նեն ե­րե­ւոյթ­նե­րու ճո­խու­թեան մէջ՝ գոյ­նե­րու, տե­սա­րան­նե­րու մէջ։

ԿԵԱՆՔԻՆ ԳԻՇԵՐԸ ԵՒ ՑԵՐԵԿԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Անդ­րա­դար­ձա՞ծ էք, սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ. մեր ապ­րած օ­րե­րը՝ մեր կեան­քը որ­քան ալ միօ­րի­նակ ըլ­լայ, կար­ծուի թէ՝ իւ­րա­քան­չիւր օր՝ յա­ջոր­դին նոյնն է, եւ ներ­կան ան­ցեա­լին կրկ­նու­թիւնն է, բայց մեր ապ­րած կեան­քին ո՞ր օ­րը կը նմա­նի ու­րիշ օ­րուան մը։ Ի­րաւ է, որ մարդ­կա­յին ի­մաս­տու­թիւ­նը ը­սեր է, թէ՝ պատ­մու­թիւ­նը կրկնու­թիւն է, սա­կայն կեան­քի մէկ օ­րը եր­բեք չի՛ նմա­նիր ու­րիշ օ­րուան մը, եւ ա­մէն մէկ օր ու­նի իւ­րա­յա­տուկ նկա­րա­գի­րը։ Եւ այս ի­րո­ղու­թե­նէն կը հե­տե­ւի, թէ՝ կեան­քը ու­նի «գի­շեր»ներ եւ «ցե­րեկ»ներ, ինչ­պէս ու­նի՝ նե­ղու­թիւն­ներ եւ ու­րա­խու­թիւն­ներ։

ԱՆԹԵՐԻ ԵՒ ՏԻՊԱՐ ՄԱՐԴԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Բա­նա­կա­նու­թեան բա­րե­մաս­նու­թիւն­նե­րով օժ­տուած եւ զա­նոնք օգ­տա­գոր­ծե­լու կա­րողու­թեամբ զօ­րա­ցած մար­դը բնա­կան է որ միշտ կա­տա­րե­լու­թեան, ան­թե­րիու­թեան ձգտի եւ նպա­տակ ու­նե­նայ հաս­նիլ կեան­քի գա­գաթ­նա­կէ­տին։ Բա­րե­փո­խու­թիւն, յա­ռաջ­­դի­մու­թիւն եւ լա­ւի նուա­ճում մարդ էա­կին կո­չումն է եւ կեան­քի վերջ­նա­կան նպա­տա­կը։ Եւ ա՛յդ­պէս պէտք է ըլ­լայ։

ՍԷՐԸ ՊԷՏՔ Է ՍՐՏԷՆ ԲԽԻ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ինչ­պէս յա­ճախ կը կրկնենք, կամ ը­սենք՝ կրկնե­լու պա­հանջ­քը կը զգանք սի­րոյ կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եւ կ՚անդ­րա­դառ­նանք ա­նոր անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մարդ­կա­յին բո­լոր փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ։ Ին­չո՞ւ պա­հանջ­քը կը զգանք, քա­նի որ մարդ­կա­յին բո­լոր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը խա­թա­րուած կ՚ե­րե­ւին՝ ան­կեղծ սէ­րը հա­լա՜ծ, նօս­րա­ցած է ձե­ւա­կեր­պու­թիւն­նե­րու մէջ։

ԽՈՉԸՆԴՈՏՆԵՐԸ ՎԵՐՑՆԵԼՈՒ ՈՒԺԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​Սա մեր ապ­րած կեան­քին մէջ եր­ջան­կու­թեամբ ապ­րե­լու հա­մար ո՜ր­քան ար­գելք­ներ, խո­չըն­դոտ­ներ կը հան­դի­սա­նան, կը ներ­կա­յա­նան մար­դուս առ­ջեւ։ Բայց պէտք չէ վհա­տիլ, յու­սալ­քուիլ, քա­նի որ կեան­քի մէջ միշտ կա՛ն եւ միշտ պի­տի ըլ­լան դժուա­րու­թիւն­ներ, նե­ղու­թիւն­ներ՝ ո­րոնք ար­գելք­ներ են եւ խո­չըն­դոտ­ներ՝ մար­դուս կեան­քէն սպա­սած բա­րիք­նե­րու դէմ, ան­յա­ջո­ղու­թիւն­ներ, ցա­ւեր եւ վիշ­տեր պի­տի պա­տա­հին, քա­նի որ մար­դուս ապ­րած այս աշ­խար­հը եր­բեք վար­դաս­տան մը չէ՛, այդ­պէս բան մըն ալ չէ՛ խոս­տա­ցուած ի­րեն։

ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՊԱԿԱՍԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ­կու­թեան խռո­վեալ վի­ճա­կին եւ ա­պեր­ջան­կու­թեան հիմ­նա­կան պատ­ճա­ռը, ընդ­հան­րա­պէս վստա­հու­թեան պա­կասն է։ Մար­դիկ, ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րուս եր­ջա­նիկ չեն զգար ի­րենք զի­րենք, քա­նի որ վստա­հու­թեան կո­րուստ մը կ՚ապ­րին, ո՛չ միայն մարդ մար­դու նկատ­մամբ, այլ՝ Աս­տու­ծոյ վրայ։

Էջեր