ԵՐԿՈՒ ԾԵՐՈՒԿՆԵՐ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Քաղաքին աղմուկէն, ժխորէն, բազմութենէն հեռո՜ւ, եօթանասունէն ութսուն տարիներու բեռին տակ, եթէ ո՛չ մարմնապէս, բայց հոգեպէս կքած՝ կեանքին վերջալոյսը դիտելով զբաղած երկու ծերունիներ, գարնանային պայծառ ու տաք առաւօտ մը, ջերմ ու խանդոտ սրտով, կենսալիր, հանդիպեցան իրարու։