ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ՕՏԱՐԱՑԱԾՆԵՐ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը լսուի դժգոհութեան, գանգատի ձայներ. «Երիտասարդ սերունդը եկեղեցի չի յաճախեր, օտարացած է իր եկեղեցիին, պաշտամունքի…»։ Բայց գանգատողներ չեն պրպտեր, թէ ի՞նչ է պատճառը այդ օտարացման, թէ երիտասարդ սերունդը ինչո՞ւ հեռացած է եւ հետզհետէ կը հեռանայ եկեղեցիէն։