ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՆԳՍՏՈՒԹԻՒՆ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կ՚ըսենք, մարդուս համար որքան կարեւոր է մարմնական առողջութիւնը, նո՛յնքան անհրաժե՛շտ է ներքին խաղաղութիւնը՝ որ կ՚ենթադրէ հոգիի առողջութիւն, հոգեկան հանգստութի՛ւն։ Եւ ի՜նչ ներշնչող եւ անոյշ հրաւէր մըն է, որ վստահեցուցիչ շեշտով մը կը ձայնէ. «Ինծի՛ եկէք դուք բոլորդ, յոգնածներ եւ բեռնաւորուածներ, եւ ես հանգիստ պիտի տամ ձեզի» (ՄԱՏԹ. ԺԱ 28)։