Արխիւ
Երեւանի մօտ Ֆրանսայի եւ Զուիցերիոյ դեսպաններուն երէկուան մամլոյ ասուլիսը:
Ֆրանսախօսութեան շարժման ծիրէն ներս նախատեսուած ձեռնարկներու շարք մը:
Հալէպի մէջ վերջին օրերուն սաստկացած են բռնութիւնները։ Քաղաքի քանի մը շրջաններէն ներս ապրուած ահաւոր ռմբակոծումները հերթական անգամ ունեցած են աղիտալի հետեւանքներ։ Այս պայմաններուն ներքեւ, երէկուան դէպքերուն հայ մըն ալ զոհ գնաց Հալէպի մէջ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր պետական այցելութեամբ կը մեկնի Փեքին, ուր կը հիւրընկալուի Չինաստանի Նախագահ Սի Ծինփինի կողմէ։ Հայաստան-Չինաստան բարձր մակարդակի բանակցութիւններ տեղի կ՚ունենան Փեքինի մէջ, ուր նախատեսուած է նաեւ երկու երկիրներու միջեւ շարք մը ոլորտներէ ներս համագործակցութեան ամրապնդման ու զարգացման ուղղեալ փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւն։
Արամ Ա. Կաթողիկոս, Թաւատրոս Բ. Պատրիարք եւ Աֆրամ Բ. Պատրիարք հանդիպեցան Գահիրէի մէջ:
Հայ, Ասորի եւ Ղպտի եկեղեցիները կը ձգտին զարգացնել իրենց կապերը Միջին Արեւելքէն ներս:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Նշանաւոր երաժիշտը այսօր կը ներկայացնէ նոր ծրագիր մը, որ ուղղուած է հայ հոգեւոր երաժշտութեան նոր մեկնաբանութեան:
Տիգրան Համասեանի համոզմամբ, հպարտ պէտք է զգալ այդ գանձերով եւ այդպիսի ժառանգութեան մը տէրը ըլլալու հանգամանքով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պահ մը կանգ առնենք մեր, պահ մը դադար տանք մեր հեւքոտ կեանքին եւ դիտենք մեր շուրջը, դիտել փորձենք նաեւ մեր ներաշխարհը։ Անվիճելի իրականութեամբ պիտի նկատենք՝ որ մեր կեանքը ա՜յնքան շատ խճողած ենք աղմուկով, շարժումով, աւելի-պակաս գործունէութիւններով եւ տեղ չենք ձգած էականին ու կենսականին։
Ծերերու շաբթուան առթիւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց այցելեցին ԱԳ կուսակցութեան Պաքըրգիւղի շրջանային վարչութեան նախագահ Այսուն Չելիքլէր, փոխ-նախագահներ Մեհմէտ Զէքի Կիւնտողտու, Եշիմ Մերթէր, վարչութեան անդամներ Արամ Տէմիր, Միւնիր Էրէն, հաշմանդամներու բաժնի վարիչ Շեպնէմ Պարըշ։
Իսթանպուլահայութեան համար հարազատ անուն մըն է Յովսէփ Թոքատ, որքան որ ալ բնակութիւն հաստատած ըլլայ Լոս Անճելըսի մէջ՝ տասնամեակներէ ի վեր։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը երէկ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Իսթանպուլի կուսակալը:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Վասիփ Շահին համայնքային հարցերու շուրջ զրուցեցին՝ խումբ մը ազգայիններու ներկայութեամբ:
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը Ս. Զատկի տօնի սեմին յառաջիկայ օրերուն պիտի կազմակերպէ քէրմէս մը։
Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ անցեալ Ուրբաթ Արեւագալի արարողութեան նախագահեց եւ քարոզեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Պոլսահայ գեղարուեստական կեանքի մօտաւոր անցեալի նուիրեալ եւ անմոռանալի դէմքերէն Քրիստին Սալէրի այս տարի եւս կ՚ոգեկոչուի միջվարժարանային նկարչական մրցոյթով մը
Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ խումբ մը երիտասարդներու հետ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ յառաջիկայ օրերուն քաղաքիս մէջ ծրագրի մը պիտի մասնակցին Վագըֆլըգիւղի ներկայացուցիչները։
Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ Իսթանպուլի հայահոծ ութ թաղերու եկեղեցիներուն մէջ երէկ յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցան հոգեհանգստեան պաշտօններ, որոնց ընթացքին ոգեկոչուեցան Չանաքքալէի պատերազմին ընթացքին նահատակուածները։
Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ հետաքրքրական ելոյթ մը։
«Միջին Արեւելքէն մինչեւ Ամերիկա՝ համաձայնութեան մը որոնումը» խորագրեալ ծրագրին մասնակցեցան երեք երկիրներէ պարողներ։
2014-ի Մարտ 21-ի առաւօտեան ժամը 5-ին քեսապցիները արթնցան կրակոցներու եւ պայթումներու ձայներէն: Սահմանէն տեղացող հրթիռակոծումը եւ կրակոցներու տարափը խուճապի մատնեց քեսապցիները։
Քուէյթի Վարչապետ Շէյխ Ճապէր Էլ Մուպարէք Էլ Համիտ Էլ Սապահ կը պատրաստուի այցելել Երեւան։ Ան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Քուէյթի մօտ Հայաստանի դեսպան Ֆատէյ Չարչօղլեանի հետ։
Մարսէյլի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ 2015-ի տարելիցին ձօնուած ցուցահանդէս մը։ Հարիւրամեակի ոգեկոչումներուն ծիրէն ներս կազմակերպուած ցուցահանդէսին հովանաւորներն են Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եւ Մարսէյլի մօտ Հայաստանի աւագ հիւպատոս Վարդան Սրմաքէշ։
Երէկ, Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է դերասան Կարէն Ջանիբէկեան: Ան շուրջ տարիէ մը ի վեր հիւանդ էր: