Արխիւ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 17, 2018

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս «Ագափէ» յանձնախումբը կը ծաւալէ աշխոյժ աշխատանք:
Առաջնորդ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան բարձր կը գնահատէ աներեր հաւատքով գործունէութիւնը:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 17, 2018

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու իրաւաբան ու հասարակական գործիչ Մեհմէտ Սիւլէյման Թիւրքէրը։ Այս վերջինը ՃՀՓ-է ներս դիմում ներկայացուցած է՝ որպէսզի կղզեաց քաղաքապետի թեկնածու ցոյց տրուի։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 17, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան ղեկավարներուն միջեւ տեսակցութիւն:
Մնացականեան. «Երեւան չէ զրկուած ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի թեկնածու առաջադրելու հնարաւորութենէն»:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 17, 2018

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ վերջերս հիւրընկալուեցաւ կարեւոր հիւր մը. յանձինն՝ Սաթի Մանկասարեանի (Ունճեան)։ Ան վարժարանի հիմքերը դրած Ունճեան գերդաստանի շառաւիղներէն է ու նախկին շրջանաւարտուհիներէն։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 17, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Անհատականը, հաւաքականը եւ ինքնութեան տագնապը…
Ի՞նչ լուրեր կու գան եւրոպական ցամաքէն։ Ի՞նչ կը կատարուի այն գաղութներուն մէջ, ուր կայ, գոյութիւն ունի մեծաթիւ համայնք մը, որու անդամներուն կարեւոր մէկ տոկոսը կը բաղկանայ երիտասարդներէ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 17, 2018

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

«Ասկէ ետք կը հաւատանք՝ ո՛չ թէ քու խօսքիդ համար, այլ որովետեւ մենք անձամբ լսեցինք զինք եւ գիտենք թէ ճշմարտապէս ի՛նքն է աշխարհի Փրկիչը» (Յհ 4.42)
Յովհաննու աւետարանին մէջ տեղ գտած տուեալ խօսքը խումբ մը Սամարացիներու կողմէ արտաբերուած վկայաբանութիւնն է Քրիստոսի ուղղուած։ Խօսք մը, որ դարերու ընդերքէն շեշտակիօրէն կը կարեւորէ Քրիստոսի աստուածութիւնն ու մարդեղութիւնը միանգամայն։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 17, 2018

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Խոկում» (=meditation), իր լայն առումով կը նշանակէ՝ խորհիլ, մտածել, որ կու գայ «խոկ» արմատէն, որ է մտածութիւն, խորհուրդ։ Արդարեւ, մարդկային մտաւոր եւ հոգեւոր կեանքին մէջ որքան կարեւոր, նոյնքան անհրաժեշտ տեղ մը կը գրաւէ խոկումը, որ ներհայեցողութեան կ՚առաջնորդէ մարդս, քանի որ ան որքան մարմնաւոր էակ մըն է, բայց նոյնքան ալ բանական, այսինքն «մտաւոր եւ հոգեւոր ներքին աշխարհ» մը ունի։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 16, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յառաջիկայ շաբթուան մէջ պիտի մեկնի Լոս Անճելըս։ Այս այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հրաւէրով։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 16, 2018

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

-Գիտե՞ս, երեք տարի է լեռ չեմ տեսած, հզօրութիւնը կը զգամ լեռներուն. որքան մօտ են, որքան անառիկ, հարազա՜տ...:
Ինքնաշարժը կը սուրայ ճեղքելով երբեմն հարթ ուղիներ, երբեմն անմատչելի լեռնանցքներ, կ՚անցնի երբեմն գիւղերուն կողքէն...: 

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 16, 2018

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հայ միջնադարեան աստուածաբանական եւ իմաստասիրական մտքի սիւներէն մէկն է Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին։ Անոր հոգեւոր ժառանգութիւնը դարակազմիկ նշանակութիւն ունեցած է հայ աստուածաբանական եւ իմաստասիրական մտքի պատմութեան մէջ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 16, 2018

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանէն ներս վերջերս հանդիսաւորապէս նշուեցաւ 63-րդ հիմնադրութեան տարեդարձը։ Այս առթիւ հանդիսաւոր արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ «Ստեփան Փիլիպպոսեան» աշակերտական կեդրոնի երդիքին տակ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 16, 2018

Հայաստանի Լեզուի կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Կիւրճինեանի յայտարարութիւնները:
Բառարանները վաղուց չեն թարմացուած, եզրոյթարան մը պէտք է պատրաստուի:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 16, 2018

Հայաստանի Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Վարշավիոյ պատմական աքտերու կեդրոնական արխիւի տնօրէն Վայս Հուպերթը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 16, 2018

Փարիզի Հայ մշակոյթի տան «Տեմիրեան» սրահի երդիքին տակ յայտնի պատմաբանը հանդէս եկաւ ելոյթով:
Յաջորդ շաբթուան սկիզբին լոյս պիտի տեսնէ Քլոտ Արմէն Մութաֆեանի վերջին գործին երկրորդ հրատարակութիւնը:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 16, 2018

Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հայկական համացանցային համալսարանի միջեւ վերջերս ստորագրուեցաւ փոխըմբռնման յուշագիր մը։ Այսպէսով պաշտօնապէս հաստատուեցաւ նախարարութեան եւ այս համալսարանին միջեւ ձեւաւորուած երկարատեւ համագործակցութիւնը, որ միտուած է սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութեան պահպանման։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 16, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան Վճռաբեկ ատեանը բեկանեց երկրի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի բանտարկութիւնը ջնջող՝ նախապէս կայացուած դատավճիռը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այդ դատավճիռը վերաքննութեան համար Վճռաբեկ ատեանին կողմէ վերադարձուած է Վերաքննիչ դատարան։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 16, 2018

Սուրիոյ գծով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ճեֆրի յայտարարեց, որ ԻՇԻՊ («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը) քանի մը ամսուան ընթացքին պիտի սպառի։ Ճէյմս Ճեֆրի նշեց, որ ամերիկացի զինուորները Սուրիոյ մէջ մնալ պիտի շարունակեն՝ մինչեւ որ ԻՇԻՊ-ի վերջին դիրքերը ձեռք անցընեն։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 16, 2018

Նիկոլ Փաշինեան երէկ երեկոյեան «Մերկերեան» գորգի թանգարանին մէջ ընթրեց Հարվըրտի համալսարանի հայ շրջանաւարտներուն հետ:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը կը ձգտի յառաջիկային ապահովել պետական կառավարման համակարգի արդիականացումն ու զարգացումը:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 16, 2018

Երէկ երեկոյեան Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ Եշիլգիւղի սանուց միութեան թատերախումբի ներկայացումը։ Այս տարի թատերախումբը կը ներկայացնէ «Rumuz; Deli Fişek» անուն խաղը, որու հեղինակն է Օքթայ Արայըճը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2018

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ՝ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան ազատուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հոգեւոր-կրթական բարձրագոյն հաստատութիւններու վերատեսուչի պարտականութիւններէն։

Էջեր