Արխիւ
Գանատացի երաժշտահան Ռոն Հաննահ օփերայ գրած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի մասին։
Բեմադրութիւնը իրականացնելու նպատակով, Մշակութային կրթութեան աջակցութեան հիմնադրամի ներկայացուցիչները, հեղինակները եւ խմբավար Յարութիւն Արզումանեան լսումներ իրականացուցած են Հայաստանի մարզերու եւ Երեւանի երաժշտական, արուեստի դպրոցներու եւ այլ ուսումնական հաստատութիւններու մէջ:
Համայն աշխարհ երէկ ցնցուեցաւ Սեն Փեթերսպուրկէն հասած լուրերով։ Քաղաքի մեթրոյին մէջ տեղի ունեցաւ պայթում մը, որուն զոհ գնաց տասնմէկ հոգի։ Քառասուն հոգի ալ վիրաւորուեցաւ։
Շըրնաքի մէջ այս առաւօտ նահատակուեցան երեք զինուորներ։ NTV-ի հաղորդումներով, Կապար լերան մերձակայքին անվտանգութեան ուժերը գործողութիւններ կ՚իրականացնէին անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան դէմ։
Եւրոպական Միութեան յայտարարութիւն. «Ընտրութիւններու արդիւնքը կը ցոլացնէ Հայաստանի ժողովուրդին կամքը»:
Նախագահ Սարգսեանի համոզմամբ, կիսանախագահական կառավարման համակարգէն դէպի խորհրդարանական ուղղուելու Սահմանադրական բարեփոխման զուգահեռ՝ ամուր գետին մը ստեղծուած է եւ երկիրը կ՚ընթանայ ճիշդ ճանապարհով, վերահսկելիութեան գլխաւոր նախադրեալներով:
Շիշլիի նախկին քաղաքապետը կը տեւականացնէ իր անմիջական շփումը համայնքային շրջանակներուն հետ:
Մուսթաֆա Սարըկիւլի տանտիրութեամբ երէկ պահքի սեղան մը սարքուեցաւ Մաչքայի «Պորսա» ճաշարանին մէջ:
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հանդիպում մը ունեցան Պատրիարքարանի երդիքին տակ: Շուրջ երեք ժամ տեւեցին զանազան ձեւաչափերով քննարկումները, որոնց մասնակցեցան նաեւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Պետրոս Շիրինօղլու, Թորոս Ալճան եւ Սեպուհ Ասլանկիլ:
Ընտրեալ-տեղապահը երէկ երեկոյեան Մայր եկեղեցւոյ խորհրդարանին մէջ զրուցեց մամլոյ ներկայացուցիչներու եւ իր խումբ մը համախոհներուն հետ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի միջեւ երէկ սկսաւ կարեւոր երկխօսութիւն մը։ Եկեղեցական համագումարէն ի վեր անցած ժամանակահատուածին տեղի ունեցան բազմաթիւ բարդ իրադարձութիւններ, յայտարարուեցան իրերամերժ դիրքեր ու կատարուեցան հակադիր յայտարարութիւններ։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վերջերս՝ «Գաֆէսճեան» արուեստի կեդրոնին մէջ բացուեցաւ «Գաֆէսճեան»ի այս տարուան առաջին ցուցադրութիւնը՝ «Բազմաչափ Ռուտոլֆ Խաչատրեանը» խորագրով, որ նուիրուած է մեծանուն հայ արուեստագէտ՝ Ռուտոլֆ Խաչատրեանի 80-ամեայ յոբելեանին: Ցուցասրահին մէջ գրեթէ ամէն օր հիւրերը սիրով կ՚ընդունի եւ ցուցադրութեան կ՚ուղեկցի կեանքէն հեռացած արուեստագէտին դուստրը՝ կրկին գեղանկարչուհի՝ Մոկօ Խաչատրեան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ միշտ պատրաստ են գովել եւ պատուիրել բարձր առաքինութիւններ։ Արդարեւ, հին շրջանի փիլիսոփաներ գրած են ճառեր՝ որոնցմով կը պահանջեն իրենց եւ իրենց քաղաքացիներուն վրայ տեսնուածէն եւ կարծուածէն շատ աւելի ազնուական առաքինութիւններ
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Ճարտարագիտական արհեստագիտութիւններու ասպարէզին մէջ այլեւս ամէն օր նորութիւններ, նոր գիւտեր կան, որոնք կու գան շատ յաճախ բարելաւելու, դիւրացնելու մարդկութեան կենցաղը, աշխատանքը, նոյնիսկ՝ մտածելու եղանակը: Ճարտարագիտական նորութիւններու հետ քայլ պահելը գլխապտոյտ պատճառող հեւք մըն է, որ կրնայ նաեւ անհատին եւ հաւաքականութեան նկարագիրը խաթարել:
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
94 տարի առաջ Մարտի 23-ին Մոսկուայի մէջ մահացաւ Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանը:
1953-ին Թումանեանի Թիֆլիզի տունէն 9 մեծ բեռնակառքերով Երեւան փոխադրուեցան գրագէտին բոլոր իրերը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անկախ այն հանգամանքէն, որ այսօր Հայաստանի քաղաքական դաշտի դրական կերպարը վարչապետ Կարէն Կարապետեանն է, երէկ ուշ երեկոյեան յստակ կը դառնար, որ Հայաստանի քաղաքացիներուն մեծամասնութիւնը իր քուէն տուած է ներքին կայունութեան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը խորհիմ. մարդ թէ՛ չար եւ թէ՛ բարի, թէ՛ անգութ եւ թէ՛ գորովալից կրնա՞յ ըլլալ։ Անշուշտ որ բացարձակ ճիշդ արդիւնքի մը հասնիլ կարելի չէ՛ այս մասին, ինչպէս մարդկային բնութեան ամէն վիճակին, բայց մօտաւորապէս գաղափար մը գոյացնել կարելի կ՚ըլլայ, երբ մարդ էակի բնութիւնը ուսումնասիրուի տարբեր երեսակներով։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան տօնակատարութիւններ, որոնց մասնակցեցաւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։ Հայոց հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մուտն ի վիրապի յիշատակին տեղի ունեցան արարողութիւնները, որոնց հանդիսապեց եւ քարոզեց Կրօնական Ժողովի աԱտենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
Türkiye Ermeni toplumu olarak buhranlı bir dönemden geçmekteyiz. Sorunlarımızın çözümü cemaatimiz içerisinde bir konsensüs oluşturmaktan geçmesine rağmen, her adımda birliktelik bilincinden, beraberlik ruhundan uzaklaşmaktayız. Toplumumuzun genel görüntüsü şu anda ibretlik bir tablo arz etmektedir.
Պետրոս Շիրինօղլու հրապարակաւ հրաժարելու կը հրաւիրէ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեանը:
Ընտրեալ-տեղապահը երէկ յետմիջօրէին ժամանեց քաղաքս, սակայն չգնաց Պատրիարքարան: Այսօր՝ Գումգաբուի մէջ կարեւոր ժամադրութիւն: Համայնքային շրջանակները ուշադրութեամբ կը հետեւին իրադարձութիւններուն:
Հայաստանի 6-րդ գումարման Ազգային ժողովի կազմը ձեւաւորուեցաւ երէկուան քուէարկութեամբ:
Սերժ Սարգսեանի կողմէ գլխաւորուած ՀՀԿ-ն ստացաւ ձայներու աւելի քան 49 տոկոսը: Խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքով նուազագոյն պատնէշը յաղթահարեց եւս երեք կուսակցութիւն:
Պատրիարքական Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ յետմիջօրէին Գերմանիայէն ժամանեց քաղաքս։ Ան դիմաւորուեցաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի եւ իրեն համախոհ խումբ մը ազգայիններու կողմէ։
Բանկալթիի Nostalji գրախանութ-սրճարանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ շնորհանդէս մը։ Այսպէս, գրասէրներուն ծանօթացուեցաւ «Կանայք միշտ կային. Թուրքիոյ ձախէն կանանց դիմանկարներ» անուն գիրքը, որ լոյս տեսած է «Տիփնոթ» հրատարակչատունէն։ Գործը հրատարակութեան պատրաստած է Ֆերեալ Սայկըլըկիլ, որ Շաբաթ օրուան գինեձօնի հաւաքոյթին հաղորդավարն էր միեւնոյն ժամանակ։
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Արդի ժամանակներուն փտածութիւնը համատարած երեւոյթ դարձած է: Դժբախտաբար կրթական ասպարէզն ալ զերծ չէ մնացած այդ կործանարար ախտէն: