Արխիւ

Երկուշաբթի, Փետրուար 13, 2017

ԳԷՈՐԳ ՉԻՉԵԱՆ

Հա­յաս­տան տե­ղա­փո­խուած իւ­րա­քան­չիւր հայ­րե­նա­դարձ իր պատ­մու­թիւ­նը ու­նի: Ա­տոնք տար­բեր են ու ինք­նա­տիպ, ինչ­պէս աշ­խար­հի տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ ծնած ու մեծ­ցած հա­յե­րը, ո­րոնց Հա­յաս­տան բե­րած են նման, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ այն­քան տար­բեր ճա­նա­պարհ­ներ:

Շաբաթ, Փետրուար 11, 2017

Պապայեան. «Արտառոց պիտի ըլլար, եթէ Ատրպէյճան հրադադարը չխախտէր»:
Ըստ Զախարովայի, Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ անայլընտրանք է խաղաղ կարգաւորումը:

Շաբաթ, Փետրուար 11, 2017

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ վա­ւե­րա­ցուց՝ Սահ­մա­նադ­րու­թեան փո­փո­խու­թեան վե­րա­բե­րեալ օ­րէն­քը։ Ծա­նօթ է, որ վեր­ջին օ­րե­րուն հան­րա­յին կար­ծի­քը ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեամբ կը հե­տե­ւէր Պեշ­թե­փէի վա­ւե­րաց­ման եւ այս­պէ­սով Էր­տո­ղան ար­դէն վերջ­նա­կան հա­ւա­նու­թիւ­նը տուաւ Սահ­մա­նադ­րու­թեան փո­փո­խու­թեան։

Շաբաթ, Փետրուար 11, 2017

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը վեր­ջերս Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ըն­դու­նեց Ծայ­րա­գոյն Ա­րե­ւել­քի իր ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը՝ Տ. Զա­ւէն Վրդ. Եա­զը­ճեա­նը։ Այս վեր­ջի­նը Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի լու­սա­րա­րա­պետ Տ. Յով­նան Եպսկ. Յա­կո­բեա­նի ձե­ռամբ վեր­ջերս Օ­շա­կա­նի Ս. Մես­րոպ Մաշ­տոց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ար­ժա­նա­ցած էր մաս­նա­ւոր վար­դա­պե­տա­կան աս­տի­ճա­նի։

Շաբաթ, Փետրուար 11, 2017

Թուր­քիոյ Կա­թո­ղի­կէ Հա­յոց Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեա­նի օրհ­նու­թեամբ, ա­ռաջ­նոր­դու­թիւ­նը այս տա­րի հրա­տա­րա­կած է պա­տի օ­րա­ցոյց մը։ Ե­րէկ, Հայ կա­թո­ղի­կէից ար­քե­պիս­կո­պո­սա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ մաս­նա­ւոր հա­ւա­քոյթ մը, ո­րու նպա­տակն էր այս պաշ­տօ­նա­կան օ­րա­ցոյ­ցին ծա­նօ­թա­ցու­մը։

Շաբաթ, Փետրուար 11, 2017

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

Մարդ­կա­յին կա­նու­նա­ւոր խում­բե­րու ալ բա­նակ կ՚ը­սեն: Կը յի­շեմ սի­րե­լի ու­սու­ցիչ­նե­րէս մին՝ դա­սա­պա­հուն, երբ բա­նակ բա­ռի հան­դի­պե­ցանք, ժպի­տը դէմ­քին՝ ը­սաւ. «Դուք կա­պոյտ բա­նա­կը կը սի­րէք», մենք՝ Յո­վա­կի­մեան-Մա­նու­կեան վար­ժա­րա­նի աշ­խա­կերտ­ներ էինք.- ակ­նար­կը նկա­տի ու­նէր Դա­րու­հի Յա­կո­բեան աղջ­կանց վար­ժա­րա­նը…

Շաբաթ, Փետրուար 11, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ռամ­կա­վար ա­զա­տա­կան կուս­կա­ցու­թեան (ՌԱԿ) սփիւռ­քի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ Ա­լեք­սան Գա­րա­տա­նա­յեա­նին կար­ծի­քով՝ սփիւռ­քը եր­բեք պէտք չէ մի­ջամ­տէ Հա­յաս­տա­նի ներ­քին գոր­ծե­րուն: Գա­րա­տա­նա­յեան, որ այս մա­սին խօ­սած է «Ա­ռա­ւօ­տ» օ­րա­թեր­թի խմբա­գիր Ա­րամ Աբ­րա­հա­մեա­նի «Շան­թ» ա­լի­քէն սփռուող «Հա­մայ­նա­պատ­կե­ր» յայ­տագ­րին ըն­թաց­քին, նոյն­պէս վստա­հե­ցու­ցած է, թէ ի­րենք խնդիր չու­նին ե­թէ Յա­կոբ Ա­ւե­տի­քեա­նի ղե­կա­վա­րած Հա­յաս­տա­նի ՌԱԿ-ը (ան­ցեա­լին՝ Հ­­ՌԱԿ) մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րէ յա­ռա­ջի­կայ Ապ­րի­լին տե­ղի ու­նե­նա­լիք Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ընտ­րու­թիւն­նե­րուն:

Շաբաթ, Փետրուար 11, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Բիւ­զան­դա­կան Վա­ղէս կայս­րը «ա­րիո­սա­կան» ա­ղան­դի հե­տե­ւորդ էր եւ կը հա­լա­ծէր քրիս­տո­նեա­նե­րը։
Սուրբ Սար­գիս զօ­րա­վար եւս մէջն էր քրիս­տո­նեայ հա­լա­ծուած հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն։

Շաբաթ, Փետրուար 11, 2017

ՇՈՒ­ՇԻԿ ՄԱ­ՒԻ­ՍԱ­ԳԱ­ԼԵԱՆ

Ս. Սար­գի­սը շար­ժա­կան տօն է. այս տօ­նով կը սկսի Բա­րե­կեն­դա­նը, ո­րուն ան­մի­ջա­պէս յա­ջոր­դող 49 օ­րեայ Մեծ պահ­քը կ՚ա­ւար­տի Զա­տի­կով: Այս­պէ­սով, ա­նուղ­ղա­կիօ­րէն կա­պուե­լով 35 օ­րուան շար­ժա­կա­նու­թիւն ու­նե­ցող Զատ­կուան հետ, Ս. Սար­գի­սի տօ­նը նոյն­պէս կը շար­ժի 35 օ­րե­րու ըն­թաց­քին, նշուե­լով Յու­նուար 18-էն մին­չեւ Փետ­րուար 23-ը եր­կա­րող այն Շա­բաթ օ­րը, որ տուեալ տա­րուան Զատ­կուան տօ­նէն ճիշդ 63 օր ա­ռաջ կու գայ:

Շաբաթ, Փետրուար 11, 2017

ՄԻՒ­ՌՈՆ ՔՀՆՅ. Ա­ՒԵ­ՏԻ­ՍԵԱՆ

Սուրբ Սար­գիս նա­հա­տա­կուե­լէ ա­ռաջ ա­ղօ­թած է. «Ո՜վ Տէր, Քրիս­տոս Աս­տուած իմ, ա­նոնք, ո­րոնք կը յի­շեն իմ ա­նունս ի­րենց նե­ղու­թեան մէջ եւ կը կա­տա­րեն իմ նա­հա­տա­կու­թեանս յի­շա­տա­կը ուխ­տով եւ Պա­տա­րա­գով, ինչ որ ու­զեն Քեզ­մէ, լսէ ա­նոնց եւ շնոր­հէ ա­նոնց խնդրան­քը: Այն ա­տեն եր­կին­քէն ձայն մը ե­կաւ, որ կ՚ը­սէր. «Պի­տի տամ քու խնդրածդ եւ պի­տի կա­տա­րեմ ա­ղա­չանքդ. իսկ դուն ե­կուր վա­յե­լէ քե­զի հա­մար պատ­րաս­տուած բա­րիք­նե­րը». (Մար­զուան­ցի, էջ 123 Բ. սիւ­նակ):

Շաբաթ, Փետրուար 11, 2017

Փա­րի­զի 5-րդ թա­ղա­մա­սի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի «Ռը­նէ Քա­փի­թան» սրա­հին մէջ, 24 Յու­նուար-4 Փետ­րուար թուա­կան­նե­րուն մի­ջեւ, տե­ղի ու­նե­ցաւ գե­ղան­կա­րիչ Ի­զա­պէլ Մա­նու­կեա­նի «Լը փար­քէ տը Լուվր» թե­մա­յով ցու­ցա­հան­դէ­սը: Ցու­ցադրուած պաս­տառ­նե­րուն մէջ ար­ծար­ծուած է կրօ­նա­կան թե­ման՝ զանց առ­նե­լով տա­րա­ծու­թիւն­նե­րու եւ ժա­մա­նա­կի ըն­դու­նուած չա­փա­նիշ­նե­րը:

Շաբաթ, Փետրուար 11, 2017

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան վա­ւե­րա­ցուց Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ ստո­րագ­րուած՝ թեք­նիկ ո­լոր­տէ ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ ար­ձա­նագ­րու­թիւ­նը։ Այս փաս­տա­թուղ­թը ստո­րագ­րուած էր ան­ցեալ տա­րուան Մար­տին։

Շաբաթ, Փետրուար 11, 2017

Սուրիոյ իրադարձութիւնները մտահոգ մեկնաբանութիւններով կ՚ընկալուին միջազգային հարթութեան վրայ:
Անգարա, Ուաշինկթըն, Մոսկուա, Թեհրան եւ այլ դերակատարներ յառաջ կ՚ընթանան մեծ զգուշաւորութեամբ:

Ուրբաթ, Փետրուար 10, 2017

Ե­րե­ւա­նի Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի ա­նուան հին ձե­ռա­գիր­նե­րու գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան Մա­տե­նա­դա­րա­նի ու­սում­նա­րան 2016 թուա­կա­նին այ­ցե­լած է 89 հա­զար մարդ: Ըստ «Ար­մէն­փ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան, Մա­տե­նա­դա­րա­նի տնօ­րէ­նի ժա­մա­նա­կա­ւոր պաշ­տօ­նա­կա­տար Վա­հան Տէր-Ղե­ւոն­դեան նշած է, որ այ­ցե­լու­նե­րու այս ցու­ցա­նի­շը 3 հա­զա­րով գե­րա­զան­ցած է 2015 թուա­կա­նի տուեալ­նե­րը:

Ուրբաթ, Փետրուար 10, 2017

Պա­քուի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ սադ­րանք­նե­րով հան­դէս գալ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին շուրջ։ Մինչ Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րը հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րը հետզ­հե­տէ կը խտաց­նեն, այդ երկ­րի ղե­կա­վա­րը՝ Իլ­համ Ա­լիեւն ալ հան­դէս կու գայ սադ­րիչ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով։

Ուրբաթ, Փետրուար 10, 2017

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թե­նէն ներս ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ հա­ւա­քոյթ մը, ո­րու ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան երկ­րի մէջ սփիւռ­քա­հայ գոր­ծա­րար­նե­րու կող­մէ ներդ­րում­նե­րու կա­տար­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ «Հա­յաս­տա­նի մէջ ներդ­րում­նե­րուն սփիւռ­քա­հա­յե­րու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը» նիւ­թով կազ­մա­կեր­պուած կլոր սե­ղան մըն էր այս մէ­կը, ո­րու քննար­կում­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին ա­ւե­լի քան չորս տաս­նեակ գոր­ծա­րար­ներ։

Ուրբաթ, Փետրուար 10, 2017

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դին նիս­տը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի։

Ուրբաթ, Փետրուար 10, 2017

Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ եւ ՄՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Տեւ­լէթ Պահ­չե­լի ե­րէկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցան Ան­գա­րա­յի մէջ։ Չան­քա­յա­յի ա­պա­րան­քէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հան­դի­պու­մը, որ տե­ւեց շուրջ 45 վայր­կեան։

Ուրբաթ, Փետրուար 10, 2017

ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Ան­թո­նիօ Կու­թե­րէս եր­կօ­րեայ աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեան մը հա­մար այ­սօր կը ժա­մա­նէ Թուր­քիա։ Տա­րե­մու­տի դրու­թեամբ պաշ­տօ­նի կո­չուած ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րը ա­ռա­ջին ան­գամ կը հիւ­րըն­կա­լուի Ան­գա­րա­յի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։

Ուրբաթ, Փետրուար 10, 2017

Ֆրանսուա Օլանտ յաջորդ ամիս պաշտօնական այցով Փարիզ հրաւիրած է Սերժ Սարգսեանը:
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահը նախընթաց երեկոյեան մասնակցեցաւ CCAF-ի չորրորդ տարեկան ընթրիքին:

Էջեր