Արխիւ

Երկուշաբթի, Յունուար 23, 2017

Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի գե­ղա­րուես­տից աշ­խա­տա­նո­ցին կող­մէ ե­րէկ կեան­քի կո­չուե­ցաւ թա­տե­րա­կան ծրա­գիր մը։ Այս­պէս, դպրո­ցի գե­ղա­րուես­տի աշ­խա­տա­նո­ցի սա­նե­րը հան­դէս ե­կան թա­տե­րա­կան ներ­կա­յա­ցու­մով մը։

Երկուշաբթի, Յունուար 23, 2017

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն ներս հերթի փոփոխութիւն եւ հոգաբարձութեան կողմէ մեծարանք:
Տքթ. Արտաշէս Աքտաղի տասնամեայ ծառայութենէն վերջ իրեն կը յաջորդէ՝ Տքթ. Արմենակ Մեծատուրեան:

Երկուշաբթի, Յունուար 23, 2017

Ֆէրիգիւղի Վարդանանց երգչախումբը աւարտեց իր ուղեւորութիւնը՝ դէպի Սուրբ Երկիր:
Խմբավար Ատրուշան Հալաճեանի սաներուն կատարումները խոր տպաւորութիւն գործեցին ուխտաւորներուն վրայ:

Երկուշաբթի, Յունուար 23, 2017

Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ յատ­կան­շա­կան ձեռ­նարկ մը։ Այս­պէս, ծա­նօ­թա­ցուե­ցաւ Տե­նի Ատ­լէր Թո­փու­զօղ­լուի ա­ռա­ջին գիր­քը, որ կը բաղ­կա­նայ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րէ։ «Քիւլ­տէն Նե­շէթ» կը կո­չուի այս գիր­քը, զոր լոյս ըն­ծա­յած է «Հա­յալ» հրա­տա­րակ­չու­թիւ­նը։ Ձեռ­նար­կին ներ­կայ գտնուե­ցան գրա­սէր­ներ, ինչ­պէս նաեւ հե­ղի­նա­կին ըն­տա­նիքն ու բա­րե­կամ­նե­րը։

Երկուշաբթի, Յունուար 23, 2017

Քաղաքիս Ֆրանսական կաճառին նախաձեռնութեամբ «Մետաքսի ճանապարհի պատմութիւն»:
Երաժիշտ Աննա Գէորգեան-Ուղուրլեանի գլխաւորութեամբ ֆրանսախօս փոքրիկներ երգեցին «Կաքաւիկ»ը:

Երկուշաբթի, Յունուար 23, 2017

ՄԱ­ՐԻԱ ԳԱԲ­ՐԻԷ­ԼԵԱՆ

Եր­բեմն այն­քան կը փա­փա­քիմ վե­րաց­նել դռն­­փակ սեն­եակ­նե­րու դռ­­ներն ու պա­տու­հան­նե­րը ու թոյլ տալ այն­տեղ սե­ղան­նե­րու շուրջ ըս­ուած խօս­քե­րուն, որ թե­ւեր առ­նեն ու սփռ­­ուին ա­մէ­նու­րեք: Եր­թան ի­րենց հաս­ց­­է­ա­տէ­րե­րուն, եր­թան եւ լսե­լի դառ­նան ա­նոնց՝ ի­րենց մա­սին խօսուած­նե­րը: Եր­թան եւ ան­կեղ­ծութեամբ փո­խան­ցեն այն բո­լոր ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը, որ կեր­պա­րա­նա­փոխ­ուած կը լսեն ի­րենք:

Երկուշաբթի, Յունուար 23, 2017

Պատ­րաս­տեց՝ ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

Շատ հին ժա­մա­նակ­նե­րէն մար­դիկ ա­մէն ճիգ ը­րած են եր­կար ապ­րե­լու գաղտ­նի­քը գտնե­լու: Գիտ­նա­կան­նե­րու խումբ մը այժմ կ՚ը­սէ, որ գե­րար­դիա­կան ճար­տա­րա­գի­տու­թեամբ մար­դու կեան­քի տե­ւո­ղու­թիւ­նը մին­չեւ 1000 տա­րի կ՚եր­կա­րաձ­գուի: Ներ­կա­յա­ցուած գե­րար­դիա­կան ար­հես­տա­գի­տու­թիւն­նե­րը ապ­շե­ցու­ցիչ են:

Երկուշաբթի, Յունուար 23, 2017

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Յու­նո­ւար 21-ի օ­րը, 145 տա­րի ա­ռաջ, 21 տա­րի­քը նոր թե­ւա­կո­խած, բայց ար­դէն թո­քախ­տէ հիւ­ծած՝ երկ­րա­յին այս կեան­քէն առ­յա­ւէտ հե­ռա­ցաւ վա­ղա­մե­ռիկ բա­նաս­տեղ­ծի իր հան­ճա­րեղ բո­ցա­վա­ռու­մով ան­մա­հա­ցած ­Պետ­րոս Դու­րեան (1851-1872), որ իր եր­գե­րով գրա­ւեց սիր­տը մեր ժո­ղո­վուր­դին եւ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս բազ­մե­ցաւ հայ գրա­կա­նու­թեան մե­ծե­րուն վե­րա­պա­հո­ւած իր գա­հին։

Երկուշաբթի, Յունուար 23, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նոր նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թրամ­փի երդ­մա­նա­կա­լու­թե­նէն ժա­մեր ա­ռաջ, ա­մե­րի­կեան բարձ­րաս­տի­ճան պա­տուի­րա­կու­թիւն մը Ան­գա­րա­յի մէջ հան­դի­պում­ներ կ՚ու­նե­նար թուրք բարձ­րաս­տի­ճան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու հետ:

Երկուշաբթի, Յունուար 23, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Երբ կը տօ­նենք Սուրբ Ծննդեան ո­գե­կո­չու­մը եւ կը խան­դա­վա­ռուինք ա­նոր յի­շա­տա­կով, ա­սի­կա որ­քան խա­ղա­ղու­թեան, մարդ­կա­յին եղ­բայ­րու­թեան, մար­դա­սի­րու­թեան ազ­նիւ զգա­ցում­նե­րու անդ­րա­դաձ­ման ա­ռիթ մը, նոյն­քան ալ ա­ւե­տիս մըն է հո­գե­կան վե­րածնն­դեան։ Ար­դա­րեւ, Սուրբ Ծննդեան տօ­նա­խմբու­մը ա­ռիթ մըն է հա­մե­րաշ­խու­թեան, հաշ­տու­թեան, ինչ որ կը պատ­կա­նի հա­ւա­քա­կան կեան­քի, մար­դոց փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն, ա­նոնց զար­գաց­ման եւ բա­րե­փոխ­ման. բայց ան­հա­տա­կան կեան­քի մէջ ալ ա­նի­կա վե­րա­զար­թու­մի, վե­րա­նո­րոգ­ման ա­ռիթ մը պէտք է նկա­տուի։

Շաբաթ, Յունուար 21, 2017

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Նոյն տա­նի­քին տակ քա­նի մը օ­րեր եւ գի­շեր­ներ միա­սին անցը­նե­լու հա­մար, է­րիկ կնիկ, ա­մե­րի­կաբ­նակ եւ ներ­կա­յիս հայ­րե­նիք հաս­տա­տուած հին բա­րե­կա­մի մը կող­մէ, Սե­ւան գիւ­ղա­քա­ղա­քի իր բնա­կա­րա­նը հրա­ւիրուե­ցանք: Ու ինչ մեղքս պա­հեմ, ամ­բողջ ճամ­բու ըն­թաց­քին, ան­հատ­նում հար­ցում­նե­րովս զինք գրե­թէ յոգ­նե­ցու­ցած էի: Կը զգա­յի այդ մէ­կը: Բայց ձեռքս չէր: Ան­մեղ հե­տաքրք­րու­թիւն:

Շաբաթ, Յունուար 21, 2017

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

Բնա­կա­նա­բար Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու 44-րդ նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա, գո­նէ մե­զի՝ հա­յե­րուս հա­մար, պի­տի մնայ խոս­տմ­նադ­րուժ այլ նա­խա­գահ մը, որ նա­խընտ­րա­կան քա­րո­զար­շա­ւի ըն­թաց­քին խոս­տա­ցաւ ճանչ­նալ հա­յոց հարցը, սա­կայն նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նը ստանձ­նե­լէ ետք, իր նա­խորդ­նե­րուն նման…

Շաբաթ, Յունուար 21, 2017

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷ­ՊԷ­ՃԵԱՆ

«Խօս­քը կը թռի, բայց գի­րը կը մնա­յ»։
Լա­տին փի­լի­սո­փա­յու­թիւ­նը կը հա­ւա­տար (եւ ար­ժա­նա­ւոր ձե­ւով), թէ գի­րը­՝ իր տպա­գիր ձե­ւին մէջ է որ կը մնայ։ 

Շաբաթ, Յունուար 21, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Անց­նող շա­բաթ­նե­րուն Լի­բա­նա­նի հան­րու­թեան հա­մար կա­րե­ւոր օ­րա­կարգ կը դառ­նար Պէյ­րու­թի օ­դա­կա­յա­նին անվ­տան­գու­թեան հար­ցը:

Շաբաթ, Յունուար 21, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Տնօրհ­նէք» իր լայն ա­ռու­մով կը նշա­նա­կէ՝ Սուրբ Ծննդեան եւ Սուրբ Յա­րու­թեան տօ­նե­րուն առ­թիւ, քա­հա­նայ հայ­րե­րու՝ տու­նե­րը օրհ­նե­լը։

Շաբաթ, Յունուար 21, 2017

Անգ­լիոյ Մեն­չըս­թըր քա­ղա­քին մէջ 1968 թուա­կա­նէն ի վեր գոր­ծող հայ­կա­կան ճա­շա­րա­նը՝ «Ար­մի­նիըն թա­վեր­նա», վեր­ջին շրջա­նին դար­ձաւ անգ­լիա­կան մա­մու­լին ու­շադ­րու­թեան ա­ռանց­քը՝ շնոր­հիւ «Մեն­չըս­թըր Եու­նայ­թըտ»ի եւ Հա­յաս­տա­նի ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նի միջ­նա­պահ Հեն­րիխ Մխի­թա­րեա­նի:

Շաբաթ, Յունուար 21, 2017

Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րէն հինգ զի­նուոր­ներ ե­րէկ նա­հա­տա­կուե­ցան Սու­րիոյ մէջ։ Բա­նա­կը թա­փով յա­ռաջ կը տա­նի «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ներ­կա­յիս կեդ­րո­նա­ցած են Էլ Պապ քա­ղա­քին վրայ։

Շաբաթ, Յունուար 21, 2017

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս աղօթք:
Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան նախագահեց միջեկեղեցական եօթներորդ հանդիսաւոր ժամերգութեան:

Շաբաթ, Յունուար 21, 2017

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի նորանշանակ համանախագահ Հակլընտի յայտարարութիւնները:
«Որեւէ բռնութեան պատահար պարզապէս կը յետաձգէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին կարգաւորումը»:

Շաբաթ, Յունուար 21, 2017

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, որ մեր ե­րաժշ­տա­կան աշ­խար­հի հա­մակ­րե­լի մե­նա­կա­տար­նե­րէն Մա­րալ Չա­փան-Ա­դա­ման վեր­ջերս թո­ղար­կած է նոր սկա­ւա­ռակ մը, որ կը կո­չուի «Ե­րազ»։ Նա­խըն­թաց օր հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու մեր եր­գա­րուես­տի նուի­րեալ­նե­րէն Մա­րալ Ա­դա­մանն ու Պար­թեւ Կա­րեա­նը։

Էջեր