Արխիւ

Հինգշաբթի, Յունուար 5, 2017

ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ան­գամ մը եւս հա­մայն աշ­խարհ խան­դա­վա­ռուած է Յի­սուս Քրիս­տո­սի ծննդեան հրա­շա­լի ե­րե­ւոյ­թին յի­շա­տակ­ման առ­թիւ։ Ար­դա­րեւ քրիս­տո­նեայ աշ­խար­հի մէջ ար­տա­կարգ ո­գե­ւո­րու­թիւն մը կը ստեղ­ծէ Սուրբ Ծննդեան յի­շա­տա­կի այս տօ­նը՝ որ հիմ­նուած է ե­զա­կի դէպ­քի մը վրայ՝ Աս­տու­ծոյ մարմ­նաց­ման եւ մար­դե­ղու­թեան ճշմար­տու­թեան վրայ։

Հինգշաբթի, Յունուար 5, 2017

Հինգշաբթի, Յունուար 5, 2017

Տարեմուտի դրութեամբ Վալերի Սեմերիքով ստանձնեց ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը:
Զաքարեան. «Հայաստան տակաւին կը սպասէ իր հերթին, որպէսզի իր ներկայացուցիչը վարէ այդ պաշտօնը»:

Չորեքշաբթի, Յունուար 4, 2017

2017 թուա­կա­նին Ի­տա­լիա պի­տի ստանձ­նէ Մեծ եօթ­նեա­կի՝ G-7-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 4, 2017

«Աշխարհի բնակչութեան երկու երրորդը 2030 թուականին պիտի ապրի քաղաքներու մէջ»:
Քաղաքաշինութեան գործընթացը հնարաւորութիւններ կրնայ ընձեռել կայուն զարգացման հասնելու առումով:

Չորեքշաբթի, Յունուար 4, 2017

Թուր­քիոյ մէջ ար­տա­կարգ դրու­թեան գոր­ծադ­րու­թիւ­նը եր­կա­րաձ­գուե­ցաւ եւս ե­րեք ա­մի­սով։

Չորեքշաբթի, Յունուար 4, 2017

Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րէն Ֆրանք Էն­կէլ յայ­տա­րա­րեց, որ Ատր­պէյ­ճան պէտք է ըն­դու­նի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հետ ու­ղիղ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու անց­նե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։

Չորեքշաբթի, Յունուար 4, 2017

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու վա­ղը պի­տի մեկ­նի Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ։ Ան­գա­րա­յի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Նիւ Եոր­քի մէջ ան պի­տի տե­սակ­ցի ՄԱԿ-ի նոր ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Ան­թո­նիօ Կու­թե­րէ­շի հետ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 4, 2017

ՊԵՐՃՈՒՀԻ ԱՒԵՏԵԱՆ

Եր­կար տա­րի­նե­րէ հոն էր մայ­րին, քա­ղա­քի ար­ուար­ձա­նի հա­րուստ թա­ղա­մա­սին ման­կա­պար­տէ­զի պար­տէ­զին մէջ, փար­թամ հա­սա­կով, գա­գա­թը դէ­պի բարձ­րունք­նե­րը ձգ­­տող, ճիւ­ղե­րը թռ­­չուն­նե­րուն հիւ­րըն­կալ:

Չորեքշաբթի, Յունուար 4, 2017

ՄԱ­ՐԻԱ­ՆԱ ՊԷՐ­ԹԻԶ­ԼԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

Լսելն ու ա­կա­նա­տես ըլ­լա­լը որ­քան տար­բեր բա­ներ են: Ա­բով­եան քա­ղա­քի նո­րա­կա­ռոյց Ս. Յով­հան­նէս ե­կե­ղեց­ւոյ մա­սին հի­աս­քանչ ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ լսած էի թէ՛ կա­ռոյ­ցի, խաչ­քա­րա­յին քան­դակ­նե­րու եւ թէ սր­­բա­պատ­կեր­նե­րու ու գմ­­բէ­թի պատ­կե­րա­զարդ «ներ­կա­յու­թեան» մա­սին:

Չորեքշաբթի, Յունուար 4, 2017

Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ աւանդական ձեռնարկ՝ Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ երդիքին տակ:
Լուսաւորիչ երգչախումբը մեր հոգեւոր երաժշտութենէն նմոյշներ ներկայացուց խորապէս տպաւորիչ ձեւով՝ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի մականին տակ:

Չորեքշաբթի, Յունուար 4, 2017

Իսթանպուլահայ հոգեւորականաց դասու անդամներուն նոր տարուայ աւանդական հաւաքը՝ Գումգաբուի մէջ:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան հանդէս եկան շնորհաւորական խօսքերով ու մաղթեցին, որ 2017-ին ամէնուրեք տիրէ խաղաղութիւնը:

Չորեքշաբթի, Յունուար 4, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յի­սուս, իր ա­ռա­քե­լա­կան կեան­քի ըն­թաց­քին բազ­մա­թիւ հրաշք­ներ գոր­ծեց։ Եւ ինչ­պէս կ՚ը­սէ Յով­հան­նէս Ա­ւե­տա­րա­նիչ, Ա­ւե­տա­րան­նե­րու մէջ ար­ձա­նագ­րուած­նե­րը միա՛յն մէկ մասն են ա­նոնց, բայց տա­կա­ւին Յի­սուս շա՜տ բա­ներ կա­տա­րեց, ո­րոնք ե­թէ մէկ առ մէկ գրուէին՝ ամ­բողջ աշ­խարհն ալ բա­ւա­կան պի­տի չըլ­լար պար­փա­կե­լու այդ գրու­թիւն­նե­րը (ՅՈՎՀ. ԻԱ 25)։

Երեքշաբթի, Յունուար 3, 2017

Սա­մա­թիոյ Ա­նա­րատ Յղու­թիւն վար­ժա­րա­նին մէջ Ա­մա­նո­րի առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցաւ ո­գե­ւոր հան­դէս մը։ Տղա­քը՝ ու­սուց­չու­հի­նե­րուն վե­րահս­կո­ղու­թեամբ պատ­րաս­տուած էին ի­րենց տե­սա­կէ­տէ իս­կա­պէս շատ զուար­ճա­լի այս ձեռ­նար­կին։

Երեքշաբթի, Յունուար 3, 2017

Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, ե­րէկ, Գում­գա­բուի «Պէզ­ճեան» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ տա­րե­մու­տի ա­ւան­դա­կան ման­կանց խրախ­ճան­քը։ Հա­մայն­քա­յին վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­մար նա­խա­տե­սուած այս խրախ­ճան­քին ըն­թաց­քին ստեղ­ծուե­ցաւ խան­դա­վառ մթնո­լորտ։ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ տղա­քը հան­դէս ե­կան ե­լոյթ­նե­րով, ու­նե­ցան հա­ճե­լի ժա­մանց ու մա­նա­ւանդ նուէր­ներ ստա­ցան Կա­ղանդ պա­պու­կին ձե­ռամբ։

Երեքշաբթի, Յունուար 3, 2017

Ճրա­գա­լոյց Ս. Ծննդեան Յու­նուար 5
Ս. Ծնունդ եւ Աս­տուա­ծա­յայտ­նու­թիւն Յու­նուար 6
Ա­նուա­նա­կո­չու­թիւն Յի­սու­սի Քրիս­տո­սի Յու­նուար 13
Ծնունդ Ս. Յով­հա­ննու Կա­րա­պե­տի Յու­նուար 14

Երեքշաբթի, Յունուար 3, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հայ ժո­ղո­վուր­դի մէջ ըն­դու­նուած է Նոր Տա­րին՝ Ա­մա­նո­րը կո­չել նաեւ «Կա­ղանդ»։­
Ըստ Հրա­չեայ Ա­ճա­ռեա­նի «կա­ղանդ» բա­ռը փո­խա­ռեալ է լա­տի­նե­րէ­նէ՝ «calendea», այ­սինքն «ամ­սա­մուտ» բա­ռէն, որ ծա­գած է «calo»՝ «կո­չել» կան­չել բա­յէն։

Երեքշաբթի, Յունուար 3, 2017

Հա­յաս­տա­նի ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նի կի­սա­պաշտ­պան Հեն­րիխ Մխի­թա­րեան, որ Անգ­լիոյ «Մեն­չըս­թըր Եու­նայ­թըտ» ա­կում­բի մար­զա­շա­պի­կով հան­դէս կու գայ այս տա­րի, դա­սուած է տա­րուան հա­րիւր լա­ւա­գոյն խա­ղա­ցող­նե­րու շար­քին։ Fourfourtwo-ի կող­մէ կազ­մուած ցու­ցա­կի 60-րդ հո­րի­զո­նա­կա­նին վրայ տեղ զբա­ղե­ցու­ցած է Հեն­րիխ Մխի­թա­րեան, որ ներ­կայ ե­ղա­նա­կի սկիզ­բին 42 մի­լիոն եւ­րօ փո­խար­ժէ­քով փո­խան­ցուած էր «Մեն­չըս­թըր Եու­նայ­թըտ»ի կող­մէ։

Երեքշաբթի, Յունուար 3, 2017

Եւ­րո­միու­թիւ­նը կը նա­խա­տե­սէ 2017 թուա­կա­նի կէ­սե­րուն Հա­յաս­տա­նի մէջ հաս­տա­տել 25 մի­լիոն եւ­րօ դրա­մագ­լու­խով ներդ­րու­մա­յին հիմ­նադ­րամ մը։ Այդ դրա­մագ­լու­խին 15 մի­լիոն եւ­րոն պի­տի յատ­կա­ցուի Եւ­րո­միու­թեան կող­մէ։

Երեքշաբթի, Յունուար 3, 2017

ԹՈՐԳՈՄ ՔՀՆՅ. ՉՈՐՊԱՃԵԱՆ

Հա­լէ՜պ…: Ո՛չ միայն ա­նուն, այլ ան­ցեալ, կեանք, կազ­մա­ւո­րում ու ե­րազ:
Հա­լէ՜պ…: Մի­թէ՞ կա­րե­լի է քեզ մոռ­նալ: Ա­հա­ւա­սիկ, մեր բա­ժա­նու­մը իր եօթ­նե­րորդ տա­րին թե­ւա­կո­խեց, բայց ա­նընդ­հատ քու մա­սիդ կը մտա­ծեմ:

Էջեր