Արխիւ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ ընդունեց Անգարայէն համալսարանականներու խումբ մը։ Այսպէս, Գումգաբու այցելեցին «Հաճէթթէփէ» համալսարանէն ուսանողներ։
Յ. ՀԵԼՎԱՃԵԱՆ
1965-ին մայրս կ՚աշխատէր պանդոկի մը մէջ:
Չկարծէք՝ ընդունարանին (réception) կամ piano bar-ին մէջ իբրեւ նուագածու, որովհետեւ մայրս ո՛չ ուսում ունէր, ո՛չ ալ դաշնակ նուագել գիտէր. պարզապէս սենեակները կը մաքրէր, հակառակ որ լաւ անգլերէն գիտէր, նամակ գրելու չափ, բայց կ՚աշխատէր համեստ գործեր: Կ՚աշխատէր զիս մեծցնելու համար:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Կիւմրի այցելող հիւրերը իրենց քայլերը կ՚ուղղեն դէպի քաղաքի կեդրոնը՝ Յաղթանակ պողոտային վրայ գտնուող տեսարժան վայրերէն մէկը՝ Ձիթողցոց տուն, որ կը նկատուի Կիւմրիի այցեքարտերէն մին: Կարմիր եւ սեւ քարերէ շինուած այս գեղեցիկ տունը՝ Ձիթողցոց տունը, թանգարան է, որ կը կոչուի Կիւմրիի Ժողովրդական ճարտարապետութեան եւ քաղաքային կենցաղի թանգարան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սորվելու ամենամեծ արգելքն է՝ ամէն բան կատարեալ եւ անթերի գիտցած ըլլալ կարծել։ Արդարեւ ամէն մարդ ամէն մէկէ եւ մի՛շտ սորվելիք նիւթեր ունի, եւ սորվիլը անսահման ծովու մէջ լողալու կը նմանի։
Ֆրանսահայ յայտնի մտաւորական, պատմաբան Ռայմոն Գէորգեան երէկ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ։ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր իր ելոյթը։
Հայաստանի կառավարութեան կազմէն ներս վերաձեւաւորման գործընթացը կը շարունակուի։
Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլ յայտարարեց, որ իր երկիրը աւելի մեծ պատասխանատուութիւն պիտի ստանձնէ աշխարհի իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ, մասնաւորապէս այն ամէն ինչին համար, որ կը կատարուի Եւրոպայի սահմաններէն դուրս։
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
Անկասկած Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) անցնող 110 տարիներուն նախախնամութեան պարգեւը եղաւ հայութեան: Ան տարիներու դաւալքին հետ դարձաւ նախամեծար:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
«Սակայն խորունկ նշանակութիւն ունի ծառայութիւնը»
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը 2016 տարին հռչակեց Ծառայութեան տարի: Ան ծառայութիւնը նկատեց «մարդկային կեանքին ամենէն բարձր արժէքներէն», ինչպէս նաեւ՝ «խորունկ նշանակութիւն» ունեցող իրականութիւն:
«Հայերն այսօր» կայքէջը կը տեղեկացնէ.-
20-րդ դարու ամերիկեան գրականութեան հսկաներէն Ուիլիըմ Սարոյեան շրջան մը ապրած եւ ստեղծագործած էր Ֆրեզնոյի «Քուփըր» միջնակարգին կից գտնուող բնակարանի մը մէջ, W. Griffith Way հասցէին վրայ: Այսօր մեծանուն գրողի տունը կը գտնուի ամայացած ու դատարկուած վիճակի մէջ, եւ խնամքի բացակայութեան պատճառով՝ լուրջ վերանորոգման կարիքն ունի:
Երեւանի մէջ, Հայաստանի Լրագրողներու տան երդիքին տակ երէկ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հանդիսութիւն մը՝ ի պատիւ «Գալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ ու խմբագիր Յարութ Սասունեանի։
1 Մարտ 2008 թուականին պատահած դէպքերը կը պահեն իրենց այժմէականութիւնը:
Հայաստանի ընդդիմադիր ուժերու երէկուան հանրահաւաքին յաջորդեց բողոքի երթ մը:
Ամերիկեան Forbes հանդէսը այս տարի եւս հրապարակեց աշխարհի միլիառատէրներու ցուցակը։ Արդէն 30-րդ անգամ կը հրապարակուի այս ցանկը, իբր այդ կը համարուի յոբելենական։
Ֆրանսայի մէջ հայկական հարցի վերաբերեալ օրէնսդրական նոր նախաձեռնութիւն մը յառաջ կը տարուի ներկայիս։ Կը հաղորդուի, որ ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայոց տեսակէտներու ժխտումը քրէականացնելու ուղղեալ օրէնքի նոր նախագիծ մը պատրաստ պիտի ըլլայ մինչեւ Ապրիլ։
ՏՔԹ. Յ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Ինչպէս անհատներու պարագային, խմբաւորումներ ալ՝ կազմակերպութիւններ, երկիրներ, ազգեր, եւ այլն, կատարեալ չեն ըլլար, այլ կ՚ակնկալուի, որ ձգտի՛ն կատարելութեան: Այդ ձգտումի եւ իրագործումներու արժեչափն է, որ կը հաստատէ անոնց քաղաքակրթութեան մակարդակը:
Եւրոմիութիւն-Հայաստան ամուր գործընկերութիւնը շահեկան է ամբողջ տարածքաշրջանին համար:
Ֆետերիքա Մոկերինի երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ:
«Տէրսաատէթեան հանդիպումներ»ու գծով փոքրամասնութեանց հոգեւոր առաջնորդները հիւրընկալուեցան Իսթանպուլի նահանգապետարանէն ներս:
Վասիփ Շահինի տանտիրութեամբ կազմակերպուած ճաշասեղանին շուրջ էր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան:
«Մարալ» երաժշտութեան ու պարի միութիւնը երէկ երեկոյեան գեղարուեստասէր հասարակութեան ներկայացուց «Արա եւ Շամիրամ»ը։ Թատերական պարը ներկայացուեցաւ Պէշիկթաշի քաղաքապետութեան առընթեր Աքաթլարի «Մուսթաֆա Քեմալ» կեդրոնին մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային տկարութիւն մը, կամ թերութիւն մըն է «գիտցածը չսորվեցնե՛լ» ուրիշին, ի՛նչ որ կարելի է տեսնել շատ մը մարզերու մէջ ընդհանրապէս։ Մինչդեռ գիտելիք ու գիտութիւն՝ մարդկային արժէք մը, մշակութային եւ ընկերային հասարակաց հարստութիւն մըն է՝ որ պէ՛տք է փոխանցուի սերունդէ սերունդ, ինչպէս կը փոխանցուի որեւէ ստացուածք, որպէս ժառանգ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Որքան ալ խօսինք, խորհրդածենք իր մասին, մարդը իր ամբողջութեամբ միշտ «անծանօթ» մըն է, այնքան անծանօթ, որ ամենէն աւելի ինքն իրեն անծանօթ է, օտար մը կարծես՝ մարդս իր մէջ։