Արխիւ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վաղը պիտի այցելէ Հայաստան։ Նորին Սրբազնութիւնը կէսօրուան ժամերուն պիտի ճամբորդէ Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքով։
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ լուսանկարչական խառն ցուցահանդէսի մը բացումը, որ ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն։ Այս ցուցահանդէսը կազմակերպուած էր միութիւնը դաշնակով մը օժտելու ուղղեալ ծրագրին աջակցութիւն ապահովելու համար։
Հարպիյէի Սէն թ՚Էսփրի եկեղեցւոյ մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ եզակի համերգ մը։ Այս առթիւ հանդէս եկան «Ոմանք» եւ «Սայաթ Նովա վոքալ» խումբերը։ Հայկական տոհմիկ կամ դասական գործերէն բաղկացեալ երգացանկի մը հետեւեցան ունկնդիրները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Տարիքի մասին հարցերը չեն վերջանար։ Ահաւասիկ տարիքի մասին հարց մը եւս, թէ՝ որո՞նք են կեանքի ամենալաւ տարիները։ Անշուշտ հարց մը՝ որուն տրուած պատասխանը կը փոխուի ամէն մէկ անձի նկատմամբ՝ իր ապրած կեանքին համեմատ։
«Արեւելք» կայքէջին վրայ կը կարդանք.-
«Արեւելք» Հալէպի իր աղբիւրէն տեղեկութիւններ ստացած է մօտաւոր անցեալի հայահոծ «Նոր Գիւղ» շրջանին մասին: Ըստ մեր աղբբիւրին «Նոր Գիւղ»ը կամ արաբական անուանումով «Հայ Ալ Միտան» շրջանը պատերազմական հատման սահմանային գիծ ըլլալու ընդհանուր դրութեան հետեւանքով դարձած է գրեթէ անմարդաբնակ:
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու նախընթաց օր Անգարայի մէջ կազմակերպուած մասնաւոր հաւաքոյթով մը ներկայացուց Թուրքիոյ Հանրապետութեան 64-րդ կառավարութեան գործնական ծրագիրը։ Յառաջիկայ մէկ տարուան համար որդեգրուած նպատակներուն զուգահեռ՝ վարչապետը բացատրութիւններ տուաւ նախատեսուած բարեփոխումներուն եւ առնուելիք քայլերուն կապակցութեամբ։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց «Եւրոպայի ժողովրդավար ուսանողներ» խորհուրդի անդամները։ Հարկ է նշել, որ այս խորհուրդը Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութեան ուսանողական կազմակերպութիւնն է։
Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Փեքին՝ Չինաստանի Նախագահ Սի Ցինփինի հրաւէրին ընդառաջ։ Փեքինի մէջ Իլհամ Ալիեւ դիմաւորուեցաւ պետական արարողակարգով եւ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հայկական համայքներու բաժինը որոշած է ձեռնարկել հրատարակչական ծրագրի մը՝ հաստատելով թարգմանական մատենաշար մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս նախաձեռնութեան նպատակն է մարդկային եւ ընկերային գիտութիւններու հիմնական բնագրերը տրամադրելի դարձնել հայերէնով, ինչպէս նաեւ հայերէն կարեւոր բնագրերը մատչելի դարձնել այլ լեզուներով։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կողմէ հովանաւորուած Հայկական համացանցային համալսարանի հիմնադիր ու տնօրէն Երուանդ Զօրեան այս Երկուշաբթի միօրեայ այցելութիւն մը պիտի տայ Իսթանպուլ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Սահմանադրական ատեանին մօտ բացուած դատի արդիւնքին շուրջ սպասումը կը շարունակուի։ Սիսի երբեմնի մայր տաճարի եւ յարակից կաթողիկոսական համալիրի սեփականութեան իրաւունքի վերադարձի պահանջով բացուած է այս դատը եւ ըստ Անթիլիասի աղբիւրներուն կողմէ նախապէս կատարուած յայտարարութիւններուն՝ արդէն դատավճռի արձակման համար նախատեսուած ժամկէտը հասած է։
Ամանորի ընդառաջ Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ երկօրեայ քէրմէս մը, որ արժանացաւ մօտիկ հետաքրքրութեան։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի միջնակարգի բաժնէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս Իսթանպուլի զանազան թաղերուն մէջ կատարեցին յատկանշական պտոյտ մը՝ վերյիշելով Պալեան ընտանիքի անդամները։
Այս Կիրակի, համայնքային շրջանակները ժամադրուած են Պաքըրգիւղի մէջ, ուր տեղի պիտի ունենայ թաղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ յարակից Տատեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական մատաղօրհնութիւնը։
Երէկ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդունեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Շանլըն եւ իր ընկերները։ Մեր այս պատմական եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան ընդառաջ թաղականները փափաքած էին այցելել Գումգաբու՝ ըստ ընկալեալ սովորութեան։
Էսաեան վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Ուսուցչաց օրուան առթիւ հաւաքոյթ մը, որ ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն։ Դպրոցի ներկայ ուսուցչական կազմի անդամներուն առընթեր, հանգստեան կոչուած կրթական մշակներն ալ մեծարուեցան այս առթիւ։
Սամաթիոյ Անարատ Յղութեան հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ յարակից կառուցուած եւ շաբաթավերջին բացումը կատարուած «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» նոր սրահը մեծ ոգեւորութիւն յառաջացուցած է Հայ կաթողիկէ հասարակութեան մօտ։ Այս սրահը կառուցուած է Ֆաթիհի քաղաքապետութեան աջակցութեամբ։
Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Նոր զարթօնք»ի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած բանախօսութիւն մը, որու ատենախօսն էր Երուանդ Պարէտ Մանոք։ Ձեռնարկի սկիզբին յանուն «Նոր զարթօնք»ին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Սայաթ Թեքիր։
Իսթանպուլի մօտ Յունաստանի աւագ հիւպատոսութեան հովանիին ներքեւ որպէս մշակոյթի կեդրոն գործող՝ Իսթիքլալ պողոտայի «Շիշմանօղլու» ապարանքի երդիքին տակ երէկ երեկոյեան բացուեցաւ շահեկան ցուցահանդէս մը, որ խորագրուած է «Ուրբաթ, Շաբաթ, Կիրակի»։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նոր աւագ մարզիչ նշանակուեցաւ Վարուժան Սուքիասեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան եւ Վարուժան Սուքիասեան երէկ ստորագրեցին համապատասխան պայմանագիրը։