Արխիւ
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ատրպատականի Թեմը, Իրան, անցեալ շաբթուան մէջ կազմակերպեց Ս. Թադէի եռօրեայ աւանդական ուխտագնացութիւնը։ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Գրիգոր Եպսկ. Չիֆթճեանի գլխաւորութեամբ կազմակերպուած ուխտագնացութիւնը արժեւորուեցաւ բազմահազար ուխտաւորներու աղօթական մասնակցութեամբ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պարզամտութիւնը, ընդհանրապէս մարմնաւոր իմաստութեան հակառակ վիճակ մըն է։ Պօղոս առաքեալ կորնթացիներուն գրած իր երկրորդ նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Վասնզի մեր պարծանքն է, մեր խղճմտանքի վկայութիւնը՝ թէ մենք Աստուծոյ առջեւ պարզամտութեամբ ու անկեղծութեամբ եւ ո՛չ թէ մարմնաւոր իմաստութիւնով, այլ Աստուծոյ շնորհքով աշխարհի մէջ վարուեցանք, բայց աւելի դէպի ձեզ», (Բ. ԿՈՐՆԹ. Ա 12)։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ Երեւանի մէջ կազմակերպուած «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի ծրագիրը փուլ առ փուլ կեանքի կը կոչուի յաջողութեամբ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախընթաց օր սկսաւ այս ծրագրին շրջագծով նախատեսուած համայնքային գործի կազմակերպիչներու դասընթացքը։
Ֆրանսայի կառավարութիւնը հրահանգած է երկրի տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն՝ կասեցնել Արցախի հետ գործակցութեան ծրագրերը։ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթի հաղորդումներով, Ֆրանսայի կառավարութիւնը Յուլիսի 2-ին հրապարակած է շրջաբերական մը, որ կը բովանդակէ մտահոգիչ հանգամանքներ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական մը ուղարկեց Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նորընտիր Կաթողիկոս-Պատրիարք Գրիգոր Պետրոս Ի.-ին։
ԵՄ-ի դիւանագիտութեան եւ անվտանգութեան յանձնակատարին Իրան այցը:
Հասան Ռուհանի եւ Ֆետերիքա Մոկերինի քննարկեցին Մերձաւոր Արեւելքի իրադրութիւնը:
Յովիկ Աբրահամեան եւ Իրակլի Ղարիպաշվիլի այցելեցին Քազպէքի սահմանային անցակէտ:
Հայաստան-Վրաստան-Ռուսաստան առանցքին վրայ բեռնափոխադրումներու դիւրացման կարգադրութիւններ:
Աթէնքի մօտ Հայաստանի դեսպանատան մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ կիպրահայոց Նարեկ վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ Վարդան Թաշճեանի պարգեւատրման արարողութիւնը։ Այս առթիւ իրեն հանդիսաւորապէս շնորհուեցաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան ոսկէ մետայլը՝ հայապահպանութեան գործին մէջ ունեցած մեծ աւանդին համար։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի ծրագրին մասնակիցները վերջերս հիւրընկալուեցան երկրի խորհրդարանին մէջ։ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ ընդունեց հիւրերը, որոնց կ՚ուղեկցէր նաեւ նախարար Հրանոյշ Յակոբեան։
«Ոտքի՛ Հայաստան» նախաձեռնութեան անդամները երէկ փորձեցին ցոյց մը ընել Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ։ Ծանօթ է, որ այս ցոյցերու շարքը սկսած է Հայաստանի մէջ ելեկտրական ուժանիւթի սակագինի բարձրացմամբ եւ ցուցարարները կը պահանջեն համապատասխան որոշման յետս կոչուիլը։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կ՚իրականացնէ դէպի Փեքին՝ Չինաստանի Նախագահ Խի Ճինփինկի հրաւէրին ընդառաջ։ Իր շփումները պիտի շարունակուին մինչեւ Յուլիս 30-ը։
Հայաստանի սփիւռքի նախարարը անդրադարձաւ սուրիահայութեան դիմագրաւած ողբերգութեան:
Հրանոյշ Յակոբեան. «Համայնքի գրեթէ բոլոր անդամները որոշած են դուրս գալ երկրէն»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
14 Յուլիսին Վիեննայի մէջ կնքուած Իրան-Միացեալ Նահանգներ համաձայնութիւնը կարեւոր յաղթանակ մըն էր Իրանին համար: Այդ օր Թեհրանի փողոցներուն մէջ տեղի ունեցած տօնախմբութիւնները ձեւական չէին:
Վարչապետ Տավուտօղլու. «Թուրքիա այլեւս մէկ շաբաթ առաջուան Թուրքիան չէ»:
Թուրքիա եւ ամն համաձայնեցան՝ սուրիոյ մէջ իշիպ-էն մաքրագործուած գօտի մը ստեղծելու շուրջ, ինչ որ պիտի նուազեցնէ հալէպի ժողովուրդին ենթարկուած ճնշումը:
Մեսուտ Պարզանի քննադատեց ՓՔՔ-ի որդեգրած ընթացքը: Մուշի մէջ հազարապետ մը նահատակուած:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր հանդիսապետութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Համահայկական 6-րդ խաղերու ջահի օրհնութեան արարողութիւնը։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, բաց խորանին առջեւ տեղի ունեցաւ այս խորհրդանշական օրհնութեան կարգը։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի ամենահիւսիսի կէտին վրայ՝ Դարիկ սահմանամերձ գիւղին մէջ յատկանշական ընկերային երեւոյթ մը:Պատմութեան ու բնութեան խաչմերուկին՝ հեռաւորութիւն, ցուրտ ձմեռներ եւ կառոյցներու բացակայութիւն, սակայն նաեւ երջանկութիւն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երեք «Համատես Աւետարան»ները՝ Մատթէոս, Մարկոս եւ Ղուկաս իրենց ընթերցողներուն կը ներկայացնեն Յիսուսի անձը եւ գործը, որոնց մասին ըստ բաւականին ամբողջական եւ խիստ կենդանի երրեակ պատկերը կը գծեն։ Բայց չորրորդ Աւետարանին՝ Յովհաննէսի հետ մարդ կարծես Սրբարանին սրահին մէջ իսկ կը թափանցէ, եւ Աստուծոյ Որդիին հետ կ՚ունենայ այնքան մտերիմ հաղորդակցութիւն մը, որ գոգցես Անոր սրտին բաբախումները կը նշմարէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ինքնախաբէութիւնը չար ոգիի բնաւորութի՛ւնն է։ Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ, թէ երբ մարդ իր անձին աղէկութիւն կ՚ընէ, կը զոհուի թէպէտեւ, իր կենդանութեան զինք երջանիկ կը կարծէ։ Ուստի պէ՛տք է իրապաշտ ըլլալ եւ ինքզինք չխաբել՝ իր չունեցած որեւէ բարիք ունենալ կարծելով։
Kepler աստղադիտակի միջոցով ՆԱՍԱ-ի գիտնականները յայտնաբերած են Երկրին նման մոլորակ մը:
ՆԱՍԱ-ի պաշտօնական կայքէջը կը փոխանցմէ, որ մեր մոլորակէն 1.6 անգամ մեծ մոլորակը կը պտըտի Արեւու նման աստղի մը շուրջ՝ կեանքի զարգացման համար բարենպաստ հեռաւորութեան վրայ: Հետեւաբար գիտնականները կ՚ակնկալեն, որ նորայայտ մոլորակին վրայ պայմանները բարենպաստ պիտի ըլլան կեանքի համար:
2018 թուականին Ռուսաստանի մէջ կայանալիք Ֆութպոլի համաշխարհային ախոյենութեան որակաւորման փուլին համար շաբաթավերջին վիճակահանութիւն տեղի ունեցաւ Սէն Փեթերսպուրկի մէջ։ Աշխարհի առաջնութեան որակաւորման փուլի Եւրոպայի գօտիի վիճակահանութեան մասնակցեցան ՖԻՖԱ-ի եւ ՈՒԷՖԱ-ի նախագահները, եւրոպական երկիրներու ֆութպոլի դաշնակցութիւններու ներկայացուցիչները եւ ֆութպոլի աշխարհէն բազում վառ դէմքեր։