Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պայծառակերպութիւն կամ Այլակերպութիւն՝ «Վարդավառ»ը՝ հինգ Տաղաւարներու երրորդն է։ Քրիստոնէական հասկացողութեամբ Պայծառակերպութեան տօնը՝ Քրիստոսի աստուածութեան բացայայտման տօնախմբութիւնն է։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթի հիմնադրութեան 35-ամեակին ձօնուած երէկուան երեկոյթը փայլուն անցաւ:
Լողաւազանի համալիրէն ներս սարքուած ընթրիքի սեղաններուն շուրջ համախմբուած համակիրները յարատեւութիւն մաղթեցին ապագայ գործունէութեան համար:
Երեւանի մէջ նախընթաց օր յատուկ երեկոյթ մը կազմակերպուեցաւ հայկական ժամանակակից գեղարուեստի մեծանուն վարպետներէն քանդակագործ ու նկարիչ Արթօ Չաքմաքճեանի ի պատիւ։
Թրքական համագործակցութեան եւ համակարգման գործակալութեան նախաձեռնութեամբ իֆթարի սեղան մը կազմակերպուեցաւ Պաքուի մէջ։
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ԱՊՀ-ի մշակութային համագործակցութեան խորհուրդին նիստը։ Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի տանտիրութեամբ տեղի ունեցաւ այս ժողովը։
ԼԵՌՆԱ ԳԱՐԱԳԻՒԹԻՒՔ
Ապրիլ.
Առանց աղմուկի - առանց հոգի - առանց վշտի
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Յուլիս 4-էն 5-ի լուսցող գիշերը, 107 տարի առաջ, մեր աշխարհէն առյաւէտ բաժնուեցաւ հայ գրականութեան ամենէն գեղապաշտ բանաստեղծը՝ Միսաք Մեծարենց (Մեծատուրեան, 1886-1908)։
Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան Լոնտոն կատարած այցելութեան շրջագծով տեսակցեցաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Անգլիոյ մասնաճիւղի անդամներուն հետ։
Եւրոմիութիւնը այս տարուան համար 6 միլիոն եւրօ դրամական օգնութիւն փոխանցեց Հայաստանի կառավարութեան՝ գիւղատնտեսութեան եւ գիւղական շրջաններու զարգացման նպատակով։
Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ երէկ հերթական բողոքի ցոյցը տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ ելեկտրական ուժանիւթի սակագինի բարձրացման դէմ։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց ամերիկահայ բարերար Տքթ. Յովհաննէս Օյունճեանը, որու կողմէ հովանաւորուած համանուն բարեգործական հիմնադրամը կարեւոր ծրագրեր կեանքի կը կոչէ Հայաստանի մէջ։
Հայաստան բոլոր հարթակներու վրայ կը մատնանշէ Իրանի հետ երկաթուղիի կառուցման նիւթը:
Ըստ Սերժ Սարգսեանի, Երեւան պատրաստակամ է զանազան ձեւաչափերու մէջ երկխօսութեան:
Յունիս 7-ի ընտրութիւններէն երեսուներկու օր անց նոր կառավարութեան ձեւաւորման գործընթացը պաշտօնապէս սկսաւ:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան պաշտօն յանձնեց Տավուտօղլուին, որ յառաջիկայ շաբաթ շփումներու պիտի ձեռնարկէ կուսակցութիւններուն հետ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ կեանքի ընթացքին զանազան դէպքերու ականատես կ՚ըլլայ, կ՚ապրի, կ՚ազդուի ու կը տպաւորուի, ո՛ր մէկը հաճոյք, ուրիշ մէկը ցաւ կը պատճառէ. ո՛ր մէկը կ՚անցնի կ՚երթա՜յ, ուրիշ մէկը տեղ կը գրաւէ մտքին ու սրտին մէկ անկիւնը, միշտ կը մնայ որպէս անբուժելի վէ՛րք մը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Արենակցական կամ ազգակցական աստիճան եւ կամ պորտ կ՚անուանուի՝ մէկու մը կապը միւսի հետ ծննդեամբ։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վիթխարի գիտակրթական նախագիծ մը, որ կ՚առանձնանայ իր ծաւալով եւ կարեւոր հեռանկարներ կը խոստանայ երկրի ապագային համար:
Հիմնարկի խորհուրդի անդամներէն Մհեր Պեքարեան բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Նիւ Եորքի Ս. Վարդան մայր տաճարի «Շուշի» պարախումբի անդամները, որոնք ներկայիս կ՚այցելեն Երեւան։
Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Երեւանի մէջ այս տարի եւս ամրան շրջանին վերապատրաստման դասընթացքներ կազմակերպուած են սփիւռքահայ կրթական մշակներու համար։
Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ կը շարունակուի հացադուլը այն երիտասարդներուն, որոնք կը բողոքեն Հայաստանի մէջ ելեկտրական ուժանիւթի սակագինի բարձրացման դէմ։
Ամերիկացի յայտնի մեներգչուհի Պեթ Հարթ վերջերս համերգով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ։