Արխիւ

Երեքշաբթի, Յուլիս 7, 2015

Հայ-ա­զէ­րի սահ­մա­նին վրայ այս շրջա­նին վերս­տին կ՚ապ­րուին լա­րուա­ծու­թիւն­ներ։ Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րը կրակ կը բա­նան հայ­կա­կան դիր­քե­րուն վրայ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 7, 2015

​Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրը կը շարունակուի թափով:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան երիտասարդներուն միշտ կը յորդորէ՝ անպայման սորվիլ հայերէն:

Երեքշաբթի, Յուլիս 7, 2015

Հա­մա­հա­մալ­սա­րա­նա­կան 28-րդ ա­մառ­նա­յին խա­ղե­րը այ­ս օ­րե­րուն տե­ղի կ՚ու­նե­նան Հա­րա­ւա­յին Քո­րէա­յի Կվանկ­ժու քա­ղա­քին մէջ։ Այս ա­ռա­ւօ­տեան դրու­թեամբ, Հա­յաս­տան նուա­ճեց ոս­կէ մե­տայլ մը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 7, 2015

​Հայաստանի ոստիկանութիւնը երկու շաբաթ համբերելէ վերջ բացաւ Բաղրամեան պողոտան:
Ելեկտրականութեան սակագինի բարձրացման բերումով ծնունդ առած բողոքի ալիքին գծով հացադուլեր:

Երեքշաբթի, Յուլիս 7, 2015

​Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքները այս տարի ես կազմակերպեցին իֆթարի սեղան մը:
Իսլամական աշխարհի Րամազանի շրջանին հերթական անգամ փայլուն դրսեւորում մը ունեցաւ Իսթանպուլի համակեցութեան մթնոլորտը: Կուսակալ Վասիփ Շահին եւ այլ բարձրաստիճան դիւանակալներ անմիջականօրէն զրուցեցին հոգեւոր առաջնորդներուն հետ:

Երեքշաբթի, Յուլիս 7, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան այ­սօր միօ­րեայ այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Ուր­ֆա, ուր կը հե­տաքրք­րուի Քո­պա­նիէն խոյս տա­լով Թուր­քիա ա­պաս­տա­նած խումբ մը հա­յե­րու կա­ցու­թեամբ։ Այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին ի­րեն կ՚ըն­կե­րա­նայ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ու­զու­նեան։

Երկուշաբթի, Յուլիս 6, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յի­սուս, լե­րան վրայ խօ­սած քա­րո­զին մէջ՝ թան­կա­գին դա­սեր սոր­վե­ցուց Իր ա­շա­կերտ­նե­րուն՝ Աս­տու­ծոյ ա­պա­ւի­նե­լու, վստա­հե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան նկատ­մամբ։ Այս դա­սե­րը նպա­տակ ու­նէին քա­ջա­լե­րե­լու Աս­տու­ծոյ զա­ւակ­նե­րը բո­լոր դա­րե­րու եւ շրջան­նե­րու մէջ, ու մին­չեւ մեր օ­րե­րը՝ մե­զի կը հաս­նին ա­նոնք, մեզ խրա­տե­լու եւ սփո­փե­լու հա­մար։

Երկուշաբթի, Յուլիս 6, 2015

​ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Տա­րի­նե­րու հե­ռա­ւո­րու­թե­նէն եւ կա­րօ­տով, ա­մէ­նօ­րեայ ժա­մադ­րու­թիւ­նը յար­գո­ղի նման, նոյն տաք զգա­ցում­նե­րովս, սի­րե­լի Հա­լէպ, քեզ է, որ կրկին կը յի­շեմ: Հա­ւա­տա՛, հաս­տատ եւ պարզ ինք­նա­գո­վու­թիւն մը չէ այս մէ­կը, ո­րով­հե­տեւ իմ մա­սիս խօ­սի­լը քրտինք կրնայ բե­րել եւ նոյ­նիսկ կրնայ զիս դժբախ­տաց­նել, բայց հոգս չէ:

Երկուշաբթի, Յուլիս 6, 2015

Ե­փե­սոս պատ­մա­կան քա­ղա­քը ընդգր­կուե­ցաւ ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի հա­մաշ­խար­հա­յին ժա­ռան­գու­թեան ցու­ցա­կին մէջ։ Մշա­կոյ­թի եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան նա­խա­րար Էօ­մէր Չե­լիք շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղե­կա­ցուց, որ պատ­մու­թեան ու մշա­կոյ­թի նկատ­մամբ ի­րենց կող­մէ ըն­ծա­յուած կա­րե­ւո­րու­թեան պտուղ­նե­րը հետզ­հե­տէ կը քա­ղեն։

Երկուշաբթի, Յուլիս 6, 2015

Եւ­րո­պա­յի եւ մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քի ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ, ե­րէկ, Յու­նաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ շատ կա­րե­ւոր հան­րա­քուէ մը, ո­րու ար­դիւն­քին ժո­ղո­վուր­դը մեր­ժեց երկ­րին կող­մէ  խստա­պա­հանջ տնտե­սա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մը որ­դեգ­րու­մը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 6, 2015

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Կաս­կա­ծէ վեր է, որ Ամերիկայի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի Ի­րա­նի հետ հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը գո­յաց­նե­լու ճի­գե­րը ի­րենց դրա­կան հե­տե­ւանք­նե­րը պի­տի ու­նե­նան շրջա­նին մէջ, նոյ­նիսկ ե­թէ հա­մա­ձայ­նու­թեան ստո­րագ­րու­մը տե­ղի չու­նե­նայ: Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու հա­մար ձե­ւա­կան ստո­րագ­րու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լու հանգ­րուա­նը վա­ղուց ան­ցած է: Կա­րե­ւո­րը Ի­րա­նը, որ­պէս հա­ւա­տա­րիմ դաշ­նա­կից պատ­րաս­տե­լու գոր­ծըն­թացն է, պայ­մա­նով, որ այդ նոր հանգ­րուա­նին մէջ Թեհ­րան նե­ղու­թիւն չպատ­ճա­ռէ Մոս­կուա­յին:

Երկուշաբթի, Յուլիս 6, 2015

​Սփիւռքեան հայապահպանման պայքարին շրջագծով Փարիզի մէջ կրթական յուսադրիչ խարիսխ մը:
Ալֆորվիլի «Գէորգ Արապեան» վարժարանը բացուեցաւ Ֆրանսայի եւ Հայաստանի վարչապետներուն մասնակցութեամբ: Բարձրաստիճան եկեղեցականներու կողմէ կատարուեցաւ օրհնութեան կարգ:

Երկուշաբթի, Յուլիս 6, 2015

«Քո­թոթ» հրա­տա­րակ­չու­թիւ­նը Փա­րի­զի մէջ հրա­տա­րա­կած է Յաս­միկ Շա­հի­նեա­նի «Այն օ­րը, երբ…» ման­կա­կան հա­տո­րը, ո­րուն նկա­րա­զար­դում­նե­րը կա­տա­րած է Տա­ւիտ Փին­թոր։

Երկուշաբթի, Յուլիս 6, 2015

​Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ շաբաթավերջին ապրուեցաւ արտասովոր ոգեւորութիւն:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը տեսակցեցաւ ՀԵԵՄ-ի պատգամաւորներուն հետ:

Երկուշաբթի, Յուլիս 6, 2015

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նը ամ­րան ար­ձա­կուր­դի ներ­կայ շրջա­նին թա­փով կը պատ­րաս­տուի 2015-2016 կրթա­կան շրջա­նին։ Կը տե­ղե­կա­նանք, որ Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նէն ներս ներ­կա­յիս վե­րա­նո­րոգ­ման աշ­խա­տանք­ներ կ՚ի­րա­կա­նա­ցուին՝ ֆի­զի­քա­կան պայ­ման­նե­րը կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 6, 2015

​Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը հանդիսաւորապէս բացաւ իր հիմնադրութեան 50-ամեակին զուգադիպած եղանակը:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նախագահութեամբ կազմակերպուած արարողութիւններուն ընթացքին յուշանուէրներ յանձնուեցան Մուրատ Հազինետարին:

Շաբաթ, Յուլիս 4, 2015

Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուե­լիք «Ոս­կէ ծի­րան» մի­ջազ­գա­յին 12-րդ շար­ժան­կա­րի փա­ռա­տօ­նի բաց­ման մնա­ցած է շատ քիչ ժա­մա­նակ։

Շաբաթ, Յուլիս 4, 2015

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Լոս Ան­ճե­լը­սէն Վար­դան եւ Սի­րա­նոյշ Գէոր­գեան­նե­րը, ո­րոնք տեղ­ւոյն հա­մա­նուն պա­րի ա­կա­դե­միոյ հիմ­նա­դիր­ներն են։

Շաբաթ, Յուլիս 4, 2015

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ ըն­դու­նեց ֆրան­սա­հայ աշ­խար­հահռ­չակ շար­ժան­կա­րի բե­մադ­րիչ հան­գու­ցեալ Ան­րի Վեր­նէօ­յի որ­դին՝ Փաթ­րիք Մա­լա­քեա­նը, ո­րուն հետ էր նաեւ ֆրան­սա­հայ գոր­ծա­րար Ռե­նի Մե­քե­նե­ճեան։

Շաբաթ, Յուլիս 4, 2015

Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան ջան­քե­րով ճա­նա­պար­հա­շի­նու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րը կա­նո­նա­ւոր թա­փով կը շա­րու­նա­կուին ամ­բողջ երկ­րէն ներս։ Այս շրջագ­ծով կա՛մ կը վե­րա­նո­րո­գուին գո­յու­թիւն ու­նե­ցող ճա­նա­պարհ­նե­րը եւ կամ կը կա­ռու­ցուին նո­րե­րը։

Էջեր