Արխիւ

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2015

Ի­րենց նա­հա­տակ­ման 100-րդ տա­րե­լի­ցին առ­թիւ յա­ռա­ջի­կայ Եր­կու­շաբ­թի Է­տիր­նէ­գա­բուի գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ պի­տի ո­գե­կո­չուին Հնչա­կեան կու­սակ­ցու­թեան գոր­ծիչ Մատ­թէոս Սար­գի­սեան-Փա­րա­մազն ու իր 19 ըն­կեր­նե­րը։ Ժա­մը 17.30-ին կազ­մա­կեր­պուե­լիք ո­գե­կոչ­ման նա­խա­ձեռ­նողն է «Նոր զար­թօնք»ը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2015

Գա­տը­գիւղ, Պա­հա­րիէ պո­ղո­տա­յին վրայ գտնուող յոյն ուղ­ղա­փառ Ս. Եր­րոր­դու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ վրայ ե­րէկ ի­րի­կուն կա­տա­րուե­ցաւ յար­ձա­կում մը։ «Մես­ճի­տի Աք­սա­յի վրէ­ժը պի­տի լու­ծուի» ա­ղա­ղա­կող անձ մը փոր­ձեց հրկի­զել ե­կե­ղեց­ւոյ դու­ռը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2015

Պրա­զի­լիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը տա­րա­ծեց հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը՝ շեշ­տե­լով, թէ կ՚ափ­սո­սայ Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան կա­յա­ցու­ցած ո­րոշ­ման հա­մար, սա­կայն կան գա­ղա­փար­ներ, դիր­քո­րո­շում­ներ, ո­րոնք են­թա­կայ չեն փո­փո­խու­թեան։ «Ար­մէնփրէս»ի փո­խանց­մամբ, նա­խա­րա­րու­թիւ­նը նաեւ ափ­սո­սանք յայտ­նեց, որ Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը Պրա­զի­լիոյ ծե­րա­կոյ­տին կող­մէ ըն­դու­նուած բա­նա­ձե­ւի ա­ռըն­չու­թեամբ նման դիր­քո­րո­շում մը յայտ­նած է, քա­նի որ ան իր հա­մե­րաշ­խու­թիւնն ու հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թիւ­նը կը յայտ­նէր հայ ժո­ղո­վուր­դին՝ Մեծ ե­ղեռ­նի 100-րդ տա­րե­լի­ցի եւ ան­մեղ մար­դոց զո­հուե­լուն կա­պակ­ցու­թեամբ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2015

Հայ­կա­կան Triada Studio ըն­կե­րու­թեան Shadowmatic խա­ղը ար­ժա­նա­ցաւ Apple-ի Apple Design Award հե­ղի­նա­կա­ւոր մրցա­նա­կին, որ ա­մէն տա­րի կը շնոր­հուի այն ծրագ­րե­րուն, ո­րոնք ըստ ա­մե­րի­կեան ըն­կե­րու­թեան կը հա­մա­տե­ղեն ձե­ւա­ւո­րումն ու ար­հես­տա­գի­տու­թիւ­նը՝ ստեղ­ծա­րար, հա­մո­զիչ եւ ազ­դե­ցիկ ձե­ւով։

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2015

​Եր​եսփոխանական ընտրութեանց աւարտին գործընթացը հետզհետէ կը թեւակոխէ պաշտօնական փուլ:
Համախոհական կառավարութեան ստեղծման ուղղութեամբ մայրաքաղաք Անգարայէն կը հնչեն տարբեր տեսակէտներ, կ՚առնուին քայլեր:
Ե­րես­փո­խա­նա­կան ընտ­րու­թեանց ա­ւար­տին երկ­րի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ձե­ւա­ւո­րե­լու աշ­խա­տան­քը հետզ­հե­տէ կը մտնէ պաշ­տօ­նա­կան հու­նէ մը ներս։

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2015

Վար­պետ լու­սան­կա­րիչ Ա­րա Կիւ­լէր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ «Զա­ման» օ­րա­թեր­թին կող­մէ ա­ւան­դա­բար կազ­մա­կերպուող լրագ­րո­ղա­կան ձե­ւա­ւոր­ման օ­րե­րու ձեռ­նար­կին։ Այս առ­թիւ բաց­ման խօս­քեր ար­տա­սա­նե­ցին «Զա­ման»ի հրա­տա­րա­կու­թեան ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Էք­րէմ Տու­ման­լը եւ տե­սո­ղա­կան հրա­տա­րա­կու­թեան վա­րիչ Ֆեւ­զի Եա­զը­ճը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2015

Ա­մե­րի­կա­ցի թա­տե­րա­գիր եւ ման­կա­վարժ Ռի­չըրտ Քա­լի­նոս­քիի կեն­սագ­րու­թեան մէջ շրջա­դարձ մը կը մատ­նան­շէ «Գա­զա­նը լուս­նի վրայ» թա­տե­րա­խա­ղը, զոր ան սկսած է գրել 1991-ին։ Այս ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը ան­մի­ջա­պէս մեծ հե­տաքրք­րու­թեան ար­ժա­նա­ցած է հա­մաշ­խար­հա­յին հան­րու­թեան կող­մէ, բե­մադ­րուած բազ­մա­թիւ ան­գամ­ներ եւ ար­ժա­նա­ցած բազ­մա­թիւ մրցա­նակ­նե­րու։

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2015

Յայտ­նի հայ ե­րա­ժիշտ Ա­րամ Տիգ­րան իր ա­նու­նը կրող ա­րուես­տի փա­ռա­տօ­նով մը չոր­րորդ ան­գամ պի­տի ո­գե­կո­չուի Տիար­պա­քը­րի մէջ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2015

Ջու­թա­կա­հար Քիմ Քաշ­քա­շեան եւ դաշ­նա­կա­հար Փի­թըր Նա­կի, ի ներ­կա­յու­թեան եր­գա­հան Տիգ­րան Ման­սու­րեա­նի, այս ի­րի­կուն հա­մերգ մը պի­տի սար­քեն Գում­գա­բուի Ս. Որդ­ւոց Ո­րոտ­ման ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ 

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2015

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի գործադիր կոմիտէի հերթական նիստը:
Միջեկեղեցական բարձրաստիճան ժողովականները ընդունուեցան Վեհափառ Հայրապետին կողմէ:

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2015

«Նիւք­հէթ Է­րէն» ստեղ­ծա­գործ գրա­կա­նու­թեան աշ­խա­տա­նո­ցը («ՆԷՅՅԱ») 1915-ը կան­խող շրջա­նի ա­րեւմ­տա­հայ գրա­կա­նու­թեան հետ­քե­րը բա­ցա­յայ­տող ծրա­գիր մը ներ­կա­յաց­նե­լու նպա­տա­կով այ­ցե­լե­ցին Ե­րե­ւան։

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2015

Ի­տա­լիոյ ա­մե­նա­կա­րե­ւոր սրբա­վայ­րը հան­դի­սա­ցող եւ Ի­տա­լիոյ պա­հա­պան Ս. Ֆրան­սիս­քո­սի ա­նու­նը կրող Ա­սի­զի Ս. Ֆրան­սիս­քոս քա­հա­նա­յա­պե­տա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ բա­ցուե­ցաւ պոլ­սա­հայ ծա­գու­մով այժմ Թու­րի­նի մէջ բնա­կող Կա­րէն Քէօք­ճեա­նի «Հա­յե­րը եւ Հա­յաս­տա­նը» լու­սան­կար­նե­րու ցու­ցա­հան­դէ­սը։ Ձեռ­նար­կը կազ­մա­կեր­պած էին Հռո­մի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թիւնն ու Ս. Ֆրան­սիս­քոս ե­կե­ղե­ցին՝ Ի­տա­լիոյ Հա­յե­րու միու­թեան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ։

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2015

Ֆրան­սա­հայ ա­նուա­նի պատ­մա­բան Ռայ­մոն Գէոր­գեա­նի «Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» գիր­քը, որ Մար­տին լոյս տե­սած էր թրքե­րէ­նով, ար­դէն սպա­ռած է։ «Ի­լե­թի­շիմ» հրա­տա­րակ­չա­տան կող­մէ 3000 տպա­քա­նա­կով հրա­տա­րա­կուած այս ար­ժէ­քա­ւոր հա­տո­րին խմբա­գիր­ներն էին Ահ­մէտ Ին­սէլ եւ Քե­րէմ Իւ­նիւ­վար։

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2015

Ա­րամ Խա­չա­տու­րեա­նի ա­նուան 11-րդ մի­ջազ­գա­յին ե­րաժշ­տա­կան մրցոյ­թի շրջագ­ծով Խա­չա­տու­րեա­նի տուն-թան­գա­րա­նին մէջ կա­յա­ցաւ հա­զուա­գիւտ լա­րա­յին գոր­ծիք­նե­րու ցու­ցա­հան­դէս մը։

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2015

Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը առաջնահերթ կարեւորութիւն կու տայ թուայնացման:
Յասմիկ Պօղոսեանի բացատրութիւններով, աշխատանքները կ՚ընդգրկեն նաեւ ժապաւէններն ու ձայնագրութիւնները:

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2015

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը դա­տա­պար­տեց Պրա­զի­լիոյ ծե­րա­կոյ­տին կող­մէ առ­նուած այն ո­րո­շու­մը, որ 1915-ը կը ճանչ­նար որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն։ Ըստ նա­խա­րա­րու­թեան, այս ո­րո­շու­մը ան­յա­րիր է պատ­մա­կան ի­րա­կա­նու­թեան եւ առ ո­չինչ կը հա­մա­րէ ի­րա­ւուն­քը։

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2015

Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին 12-13 Յու­նիս թուա­կան­նե­րուն պի­տի այ­ցե­լէ Ատր­պէյ­ճա­նի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Պա­քու, ուր պի­տի մաս­նակ­ցի Եւ­րո­պա­կան ա­ռա­ջին խա­ղե­րու բաց­ման։ Պա­քու այ­ցե­լու­թեան օ­րե­րուն Փու­թին պի­տի մէկ­տե­ղուի նաեւ իր գոր­ծըն­կե­րոջ՝ Իլ­համ Ա­լիե­ւի հետ եւ ա­նոր հետ պի­տի քննար­կէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նա­հար­ցը։

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2015

​Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան հանդէս եկաւ գրաւոր յայտարարութեամբ մը:
Եւրոպական միութիւնն ու Միացեալ Նահանգներ գնահատեցին շաբաթավերջի արդիւնքները եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին գործակցելու:
Յու­լիս 7-ի ե­րես­փո­խա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը երկ­րի ժո­ղովր­դա­վա­րա­կա­նաց­ման տե­սան­կիւ­նէն լուրջ ան­կիւ­նա­դարձ մը կը նկա­տուին։ Մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ու մա­մու­լին ար­ձա­գան­գը այս ուղ­ղու­թեամբ է։

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2015

Խմբագ­րա­տանս մէջ հա­ճոյքն ու­նե­ցանք հիւ­րըն­կա­լե­լու նախ­կին իս­թան­պու­լաբ­նակ ֆրան­սա­հայ հա­մայն­քա­յին գոր­ծիչ Ա­րամ-Ա­նի Շիմ­շիր ա­մոլն ու ի­րենց դուստ­րը՝ Մե­լի­նէ Շիմ­շի­րը։

Երեքշաբթի, Յունիս 9, 2015

Շա­բա­թա­վեր­ջին կա­յա­ցած խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թեանց հե­տե­ւե­ցան նաեւ դի­տոր­դա­կան տար­բեր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ, թէ՛ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թե­նէն եւ թէ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թե­նէն։ ՀՏՓ­-ի հրա­ւէ­րով ընտ­րու­թեանց հե­տե­ւե­ցաւ նաեւ ՀՅ դաշ­նակ­ցու­թեան Եւ­րո­պա­յի հայ դա­տի գրա­սե­նեա­կի պատուի­րա­կու­թիւ­նը։

Էջեր