Արխիւ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ յառաջիկայ օրերուն քաղաքիս մէջ ծրագրի մը պիտի մասնակցին Վագըֆլըգիւղի ներկայացուցիչները։
Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ Իսթանպուլի հայահոծ ութ թաղերու եկեղեցիներուն մէջ երէկ յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցան հոգեհանգստեան պաշտօններ, որոնց ընթացքին ոգեկոչուեցան Չանաքքալէի պատերազմին ընթացքին նահատակուածները։
Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան յայտարարեց, որ յաջողութեան հասնիլ կարելի չէ՝ հայկական կողմին հետ զէնքի լեզուով խօսելով։
Շիշլիի քաղաքապետութեան վերահսկիչ ուժերու տնօրէնը փրկուեցաւ մահափորձէ մը:
Քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ հանդէս եկաւ բուռն բողոքի յայտարարութեամբ:
Հայաստան-ԵՄ Խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնաժողովի 15-րդ նիստը՝ Երեւանի մէջ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան կարեւորեց կարծիքներու անկաշկանդ փոխանակումն ու անկեղծ երկխօսութիւնը:
Թուրքիոյ եւ Ուքրայնոյ միջեւ Բարձր մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդին չորրորդ ժողովը:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան հիւրընկալուեցաւ Ուքրայնոյ նախագահ Փեթրօ Փորոշենքոյի կողմէ:
Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ, վաղը Պոլսոյ զանազան եկեղեցիներէն ներս տեղի պիտի ունենան մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօններ, որոնց կապակցութեամբ թաղային խորհուրդներուն կողմէ պաշտօնապէս ոչինչ հրապարակուած է։
Յառաջիկայ Յունիսի 5-8-ին, Հայաստան պատուոյ երկրի կարգավիճակով մասնակցութիւն պիտի բերէ Ֆրանսայի MIDEM միջազգային երաժշտական հեղինակաւոր փառատօնին։
Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան կայացաւ մշակոյթին ձեռնարկ մը, զոր պատրաստած էին թաղի Մէրամէթճեան վարժարանին ուսուցչաց կազմն ու աշակերտութիւնը:
Սամաթիոյ Սահակեան Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ Մեծ պահոց Միջինքին առթիւ դէպի գաւառի մեր եկեղեցիները իրականացուած ուխտագնացութեան արձագանգները կը շարունակուին։
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան երէկ հիւրընկալեց Վագըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Տոց. Թորոս Ալճանը։ Սագըզաղաճի արքեպիսկոպոսարանի յարկէն ներս տեղի ունեցած զրոյցը անցաւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աւետարանի «Անառակ որդի»ին պատմութիւնը ծանօթ է շատերուն։ Յաճախ խորհրդածութիւններ կը կատարուին անառակ որդիին վրայ, բայց շատ անգամ կ՚անտեսուի, եւ իր մասին խորհրդածութիւն կատարելէ, զանցառութեան պատճառով կը զրկուին հետաքրքրուողներ։
Հայաստանի մէջ հագուստի արտադրութիւնն ու նորաձեւութիւնը այլեւս իրարմէ անջատ չեն զարգանար: Ստեղծուած է «5900 BC» հայկական վաճառանիշը, որ կը միաւորէ ոլորտի յառաջատար ընկերութիւններն ու նորաձեւութեան տուները:
Ամերիկայի Միացեալ նահանգներու Գոնկրէսէն ներս Ապրիլի 24-ի նախօրեակին շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ հերթական հայկական բանաձեւ մը, որու նպատակն է 1915 թուականի դէպքերուն որպէս ցեղասպանութիւն ճանաչումը։
Պատմութեան հիմնարկին (Tarih Vakfı) նախաձեռնութեամբ, 2015 թուականի ոգեկոչման առաջադրութեամբ կազմակերպուած Հինգշաբթիի զրոյցներուն շարքը երէկ շարունակուեցաւ հետաքրքրական հանգրուանով մը։ Հերթական ձեռնարկին ատենախօսն էր Գոճաէլիի համալսարանի դասախօսներէն Օյա Կէօզէլ Տուրմազ։
Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ բախումներն ու լարուածութիւնը կը շարունակուին։ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ կատարուած վերջին յարձակումները պատճառ դարձան երեք հայ զինուորներու մահուան։ Հայաստանի Քննչական կոմիտէի զին-ւորական քննչական ընդհանուր վարչութեան աղբիւրներու հաղորդումներով, երէկ առաւօտ ժամը շուրջ 08.30-ին պատահած բախումներուն զոհ գացին՝ Յակոբ Խաչատրեան, Արշակ Յարութիւնեան եւ Եդուարդ Հայրապետեան։
Սերժ Սարգսեան երէկ Պրիւքսէլի մէջ տեսակցեցաւ Անկելա Մերքէլի եւ Տոնալտ Թուսքի հետ:
Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարներուն շուրջ շինիչ երկխօսութիւն:
«100-րդ տարելիցին Առաջին աշխարհամարտին փաստաթուղթերը» խորագրեալ ցուցահանդէս՝ Օսմանեան արխիւներու յարկէն ներս:
Էրտողան. «Հայոց սփիւռքին ցեղասպանութեան պնդումներով արշաւանքը ուղղակիօրէն թշնամութիւն է մեր երկրին եւ ազգին դէմ»:
Սամաթիոյ Սահակեան Դպրաց Դաս-երգչախումբը վերջերս Մեծ պահոց Միջինքին առթիւ ուխտագնացութիւն մը կատարեց դէպի Կեսարիա, Իսքէնտէրուն եւ Վագըֆլըգիւղ։ Սեւան Ակօշեանի խմբավարութեամբ երգչախումբը իրականացուց Ս. Պատարագի երգեցողութիւններ գաւառի մեր այս երեք եկեղեցիներուն մէջ։
Հայ Կաթողիկէից Արքեպիսկոպոսարանին մշակութային նախաձեռնութիւնը։
Սեւան Տէյիրմենճեանի վարած ծրագրի առաջին փուլին խոշորացոյցի տակ էր Շահան Շահնուր։