Արխիւ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի ութերորդ դասարանի սաները, որոնք մեր այցելութեան փութացած էին ուղեկցութեամբ հայերէնի ուսուցչուհի Հերա Իսքէնտէրօղլուի։ Այս առթիւ թերթիս լրահաւաքի պատասխանատու Արի Թաշ հաճելի մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց ա­
«Արաս» հրատարակչատունը ներկայիս գրասէր հասարակութեան տրամադրութեան տակ դրած է «Կիւլիզարի սեւ հարսանիքը» անուն գիրքը, որու հեղինակն է Արմենուհի Գեւոնեան։
Նորագոյն ծննդական (genetic) հետազօտութիւններով ապացուցուած է հայ ժողովուրդի ծագման թուագրութեան իսկութիւնը, որ 5-րդ դարուն տուած է պատմահայր Մովսէս Խորենացին։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հալէպի «Մարտիրոս Սարեան» ակադեմիոյ սաներուն աշխատանքները վերջերս եռօրեայ ցուցահանդէսով մը ներկայացուեցան Երեւանի մէջ։
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը հարցազրոյց մը տուաւ Սլովենիոյ «Delo» օրաթերթին։
Նալպանտեան. «Ատրպէյճան կը հրահրէ լարուածութիւնը մեր տարածքաշրջանէն ներս։ Մենք այսօր հնարաւորութիւն ունինք շարունակելու բանակցութիւնները ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն միջնորդութեամբ։ Բոլորին յայտնի է, որ պատերազմը խնդրի լուծման միջոց չէ եւ բոլոր պատերազմներէն վերջ պէտք է վերադառնալ սեղանի շուրջ»։
Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Քուէյթի շփումները աւարտելով անցաւ Գահիրէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Յովիկ Աբրահամեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը ներկայ կը գտնուի «Եգիպտոսի տնտեսութեան աջակցութեան եւ զարգացման» միջազգային տնտեսական համաժողովին։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Ապրիլի 24-ի նախաշեմին Թուրքիա միջոցներու կը ձեռնարկէ Հայաստանի քայլերուն դէմ։ «A Haber» կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ Չավուշօղլու ըսաւ, թէ Հարաւային Կովկասի բոլոր խնդիրներու կիզակէտին կը գտնուի Հայաստան։ Իր այս յայտարարութիւնները արձագանգ գտած են ինչպէս Ատրպէյճանի, այնպէս ալ Հայաստանի զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Որեւէ ճշմարտութիւն ուրանալ մեծ իմաստութիւն մը չէ, ինչպէս իմաստութիւն չէ ուրանալ Քրիստոսը։
Երէկ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը Անթիլիասի մէջ ընդունեց Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Լեհաստանի նորանշանակ դեսպան Եժի Նովաքովսքին։
Զուիցերահայ երգահան Հայկ Վարդանի ստեղծագործութիւնները վերջերս առաջին անգամ հնչեցին Փրակի Սուրբ Սիմոնի եւ Յուդայի եկեղեցւոյ մէջ՝ Զլինի Պոհուսլաւ Մարթինուի ֆիլհարմոնիկ նուագախումբի եւ Տաւիթ Շուեցի ղեկավարութեամբ:
Երէկ, Երեւանի մէջ ոգեկոչուեցաւ հայ գրականութեան տիտաններէն Եղիշէ Չարենց։ Ամէն տարի Մարտի 13-ին կը նշուի Եղիշէ Չարենցի տարեդարձը։ Անցեալ իրերայաջորդ տարիները կարծես կ՚ամրապնդեն անոր դիրքը մեր գրականութեան երախտաշատ սպասաւորներու անդաստանէն ներս։
Աշխարհահռչակ ֆրանսացի դաշնակահար Ռիշար Քլայտէրման այսօր համերգով մը հանդէս կու գայ Երեւանի մէջ։ Օփերայի երդիքին տակ տեղի պիտի ունենայ այս ձեռնարկը։ Վաղը եւս Քլայտէրման գեղարուեստասէրներուն պիտի ներկայանայ երկրորդ համերգով մը։
«Պողազիչի» համալսարանի «Տէմիր Տէմիրկիլ» սրահին մէջ երէկ իրիկուն բեմադրուեցաւ «Զապէլ» թատերախաղը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Յառաջիկայ Ապրիլի 24-ին ո՛վ, ո՛ւր պիտի երթայ։ Ո՛ր ղեկավարը պիտի նախընտրէ ո՛ր հասցէն. Հայաստա՞ն, թէ Թուրքիա, Ծիծեռնակաբե՞րդ, թէ Չանաքքալէ։ Այս հարցումը հետզհետէ աւելի կարեւոր իմաստ մը կը ստանայ հայկական հարցին տեսանկիւնէն։
Հայ կաթողիկէից վիճակաւոր Տ․ Լեւոն Արք․ Զեքիեան երէկ երեկոյեան բանախօսութիւն մը սարքեց Ս․ Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան հաւաքատեղիին մէջ
Վագըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Տոց. Թորոս Ալճան կը շարունակէ իր քաղաքավարական այցելութիւններու շարքը՝ պաշտօնը նոր ստանձնելու կապակցութեամբ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը կրկնենք՝ մարդ մարմինէ եւ հոգիէ բաղկացած ամբողջութիւն մը, էակ մըն է։ Մարմինին ու հոգիին միջեւ կենսական կապ մը կայ եւ ուստի ինչ տեսակ թոյն կ՚ազդէ մարմինին, եւ կ՚եղծանէ, կ՚ապականէ զայն, կ՚ազդէ նաեւ հոգիին, ինչպէս անպայման՝ մտքին, եւ կը տկարացնէ զանոնք, եւ կամ, բոլորովին կը փճացնէ։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ փառաշուք յուղարկաւորութիւն:
Համայնքային շրջանակները խոնարհեցան տիրամայր Արաքսի Անուշեանի բարի յիշատակին առջեւ:
Երեւանի մէջ կը շարունակուին 2015-ի տարելիցին ձօնուած ոգեկոչման ձեռնարկները։