Արխիւ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2015

«Տա­թե­ւեր» ճո­պա­նու­ղին ար­դէն հինգ տա­րե­կան է: Հինգ տա­րի ա­ռաջ, 2010 թուա­կա­նի Հոկ­տեմ­բերի 16-ին գոր­ծար­կուե­ցաւ աշ­խար­հի ա­մե­նաեր­կար յե­տա­դարձ ճո­պա­նու­ղին՝ անց­նե­լով Ո­րո­տա­նի կիր­ճի վրա­յով եւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ըն­ձե­ռե­լով Հա­լի­ձո­րէն Տա­թե­ւի միջ­նա­դա­րեան վա­նա­կան հա­մա­լիր հաս­նիլ կարճ, յար­մա­րա­ւէտ օ­դա­յին ճա­նա­պար­հով:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2015

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը ամ­սա­վեր­ջին պի­տի ի­րա­կա­նաց­նեն այ­ցե­լու­թիւն մը դէ­պի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան տա­րած­քաշր­ջան։ Ե­րե­ւա­նի եւ Պա­քուի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը ար­դէն հաս­տա­տած են միջ­նորդ­նե­րու այս ու­ղե­ւո­րու­թեան ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2015

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի հետ։ Ան­գա­րա­յի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Փու­թին Էր­տո­ղա­նին տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց Մոս­կուա­յի մէջ Սու­րիոյ Նա­խա­գահ Պե­շար Է­սա­տի հետ ու­նե­ցած հան­դիպ­ման շուրջ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2015

Ազ­գա­յին Անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դը ե­րէկ Ան­գա­րա­յի մէջ ժո­ղով մը գու­մա­րեց Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ։ Վեց ժամ տե­ւեց նիս­տը, ո­րու ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան 1 Նո­յեմ­բե­րի ընտ­րու­թեան անվ­տան­գու­թեան ե­րաշ­խիք­նե­րը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2015

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը Մատրիտի մէջ երէկ մասնակցեցաւ ԵԺԿ-ի համագումարին:
Սերժ Սարգսեան կանգ առաւ ԵՄ-Երեւան յարաբերութիւնները նոր մակարդակի բարձրացնելու երաշխիքներուն վրայ:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2015

Եշիլգիւղի եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Իսթանպուլահայ տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն հաւաքը:
Ատենապետուհի Թագուհի Կիւլ յառաջիկայ եղանակի ձեռնարկներուն համար յաջողութեան մաղթանքներ յղեց մեր բոլոր թաղերու յարակից մարմիններուն:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2015

Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տէմիրի եւ իր ընկերներուն կողմէ շնորհակալութեան կարեւոր այցելութիւն մը:
Քատիր Թոփպաշ կրկնեց իր պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու համար մեր համայնքի եկեղեցիներու, վարժարաններու եւ գերեզմանատուներու խնդիրներու լուծման ջանքերուն:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2015

Նոյեմբերի 1-ի ընտրութիւններուն ընդառաջ ՃՀՓ-ի կողմէ պատուիրակութիւն մը այցելեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատունը:
Սեզկին Թանրըքուլու, Սելինա Տողան եւ Վազգէն Պարըն անդրադարձան կուսակցութեան որդեգրած ծրագրերուն եւ հեռանկարներուն:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2015

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

​Այ­սօր կը լրա­նայ մա­հուան 80-ա­մեա­կը ե­րախ­տա­ւոր գործ­ի­չի մը, ո­րու ա­նուան հետ կա­պուած է հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գե­ւոր, զգա­ցա­կան կեն­սագ­րու­թեան կա­րե­ւոր մէկ մա­սը: Կո­մի­տասն է ա­նունն այդ, որ ան­մահ է:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2015

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան այ­սօր աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեամբ կը մեկ­նի Սպա­նիա։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Մատ­րի­տի մէջ ան կը մաս­նակ­ցի Եւ­րո­պա­կան ժո­ղովր­դա­կան կու­սակ­ցու­թեան (ԵԺԿ) տա­րե­կան հա­մա­գու­մա­րին եւ ընդ­լայ­նուած գա­գա­թա­ժո­ղո­վին։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2015

Ռուսաստանի եւ Սուրիոյ նախագահներուն միջեւ երէկ տեղի ունեցան երկարատեւ բանակցութիւններ:
Պեշար Էսատ չորս տարի վերջ առաջին անգամ իրականացուց արտասահմանեան ուղեւորութիւն մը:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2015

Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձի հարցաքննութեան իւրաքանչիւր քայլափոխին կ՚ապրուին անակնկալ երեւոյթներ:
Իսթանպուլի Հանրապետական աւագ դատախազութիւնը հաւանութիւն չտուաւ հանրային պաշտօնեաներու պատասխանատուութեան բաժնին շուրջ պատրաստուած նոր ամբաստանագրին:
Դատախազ Կէօքալփ Քէօքճիւի կողմէ կատարուելիք լրամշակումներէն վերջ մեղադրականը դարձեալ պիտի ներկայացուի հաւանութեան: Կասկածեալներու շարքին թուարկուած են բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր, որոնց անունները միշտ շրջանառութեան մէջ կը գտնուին դէպքին պատահած օրէն ի վեր:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2015

​ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Պատ­մու­թիւ­նը կը վկա­յէ թէ՝ երբ Ֆա­թիհ Սուլ­թան Մէհ­մէտ, 1453 թուա­կա­նին մուտք գոր­ծեց Կ.­Պո­լիս, Ա­նա­տօ­լուէն եւ Կի­լի­կիա­յէն հա­յեր բե­րել տա­լով, ա­նոնց հա­մար բնակ­չու­թիւն հաս­տա­տեց Պոլ­սոյ զա­նա­զան կող­մե­րը ու ա­նոնց վրայ Պատ­րիարք հռչա­կեց Պրու­սա­յէն հրա­ւի­րած Յո­վա­կիմ ե­պիս­կո­պո­սը, որ ի­րեն վա­ղա­ծա­նօթ բա­րե­կա­մը ե­ղած էր։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2015

«Պողազիչի» համալսարանէն ներս «Բազմացող ձայներ»ու համերգաշարը:
Սփիւռքահայ երաժիշտ Հայկ Եազըճեան երաժշտասէրները հմայեց ուտի նուագներով:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2015

Պոլ­սա­հայ ե­րաժշ­տա­կան կեան­քէն եր­կու հա­մակ­րե­լի դէմ­քեր՝ մե­ներ­գիչ Ար­թիւր Պաղ­տա­սա­րեան եւ եր­գե­հո­նա­հար Էտ­վին Սրկ. Կա­լի­պօղ­լու վեր­ջերս այ­ցե­լե­ցին Հա­յաս­տան։ «Ծա­ռու­կեան» բա­րե­գոր­ծա­կան հիմ­նադ­րա­մի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­նոնց ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2015

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մա­նուկ Էօ­ղէր եւ իր ըն­կեր­նե­րը նա­խըն­թաց օր այ­ցե­լե­ցին Պատ­րիար­քա­րան։ Այս առ­թիւ, թա­ղի տա­րե­կան սի­րոյ սե­ղա­նին ըն­դա­ռաջ ա­նոնք ըն­դու­նուե­ցան Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2015

​Սկիւտարի քաղաքապետարանը երէկ համախմբեց մրցանակակիր արուեստագէտներ:
Մեներգչուհի Սիպիլ, որ այսօր կը մեկնի ԱՄՆ, ներկայացուց հայերէն երգեր:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2015

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը Ա­թէն­քի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ ՄԱԿ-ի Սու­րիոյ հար­ցով յա­տուկ պա­տուի­րակ Սթե­ֆան Տը Միս­թու­րա­յի հետ։ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս, որ Ա­թէն­քի մէջ կը գտնուի մի­ջազ­գա­յին հա­մա­գու­մա­րի մը մաս­նակ­ցե­լու նպա­տա­կով, հան­դի­պում­ներ կ՚ու­նե­նայ նաեւ Յու­նաս­տա­նի պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիին հետ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2015

Կար­միր խա­չի մի­ջազ­գա­յին կո­մի­տէի Ա­րե­ւե­լեան Եւ­րո­պա­յի եւ Կեդ­րո­նա­կան Ա­սիոյ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին բա­ժան­մուն­քի տնօ­րէն Փաթ­րիք Վիալ այս օ­րե­րուն շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ Ե­րե­ւա­նի մէջ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2015

Միջ­խորհր­դա­րա­նա­կան միու­թեան 130-րդ վե­հա­ժո­ղո­վը վեր­ջին օ­րե­րուն տե­ղի ու­նե­ցաւ Զուի­ցե­րիոյ Ժը­նեւ քա­ղա­քին մէջ։ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Գա­լուստ Սա­հա­կեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւնն ալ մաս­նակ­ցե­ցաւ այս ժո­ղով­նե­րուն։

Էջեր